Հայկական Պասքեթպոլ. Հատիսի Աղջկանց Խումբը Առանձնացաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Armenpress.am լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Երեւանի Հատիս պասքեթպոլի աղջկանց խումբը, Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով իր արձանագրած երեք յաղթանակներէն ետք, այժմ առանձինը կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Հատիս յաջորդաբար յաղթեց Արթիկի (77-45), Գիւմրիի (84-59) եւ Արցախի (91-46):
Նշենք, որ ախոյեանութեան կը մասնակցին չորս խումբեր միայն:
Այժմ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Գիւմրի, որ արձանագրած է երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը:
CATEGORIES Մարզական


