Աթլեթիզմ. Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Երկու Պրոնզ Մետալի
Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ Ամմանի մէջ (Յորդանան) տեղի ունեցած երկսեռ երիտասարդներու արաբական 15-րդ աթլեթիզմի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Լիբանան յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ արձանագրելով տիրանալ մէկ ոսկի եւ երկու պրոնզ մետալի:
Աղջկանց 100 մեթր վազքի մրցումներուն, Մահա Մուալլեմ տիրացաւ ոսկի մետալին` արձանագրելով 12″ 11 արդիւնք մը: Ան տիրացաւ պրոնզ մետալի ալ երբ 20 մեթր վազքի մրցումներուն արձանագրեց 25″ 75 արդիւնք մը:
Լիբանանի երկրորդ պրոնզ մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Քրիսթել Սանեհ, որ ձողով բարձրութիւն ցատկելու մրցումներուն արձանագրեց 5, 24 մեթր արդիւնք մը:
Սանեհ, իր մասնակցութիւնը բերելով եօթնամարտի մրցումներուն, հանդիսացաւ հինգերորդ` ապահովելով 3857 կէտ:
Տղոց 800 մեթր վազքի մրցումներուն, Մոհամետ Հանուֆ հանդիսացաւ հինգերորդ` արձանագրելով 2′ 00″ 24 արդիւնք մը:
Վերջապէս, ձողով բարձրութիւն ցատկելու մրցումներուն Ալի Սալեհ հանդիսացաւ 9-րդ:


