Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Տղոց Խմբային Ախոյեանութիւն (Ա. Դասակարգ). Թուլ Տիրացաւ Տիտղոսին` 3-2 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Ախոյեան Ռիատի Պէյրութը
Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտականին, հարաւի Թուլ խումբը ստեղծեց մեծ անակնկալ մը, երբ տիրացաւ տիտղոսին` 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ախոյեան Ռիատի Պէյրութը, որ կը նկատուէր տիտղոսին գլխաւոր թեկնածուն, եթէ ոչ միակը:
Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցած այս աւարտական մրցումին Թուլ, որ տիրացաւ տիտղոսին, ախոյեանութիւնը աւարտեց 20 կէտով, որուն ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Ռիատի Պէյրութ (19 կէտ) եւ Պարաղեմ Նապաթիէ (18 կէտ), Նատուէ Քամաթիէ հանդիսացաւ 4-րդ (16 կէտ), մինչ ՀՄԸՄ Պէյրութ` 5-րդ (15 կէտ): Մնացեալ դիրքերը` 6-էն 12, յաջորդաբար գրաւեցին` Անդրանիկ Պէյրութ (6-րդ, 14 կէտ), Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա (14 կէտ), Շապապ Ֆաուար (14 կէտ), Ժամհուր (13 կէտ), Մուժամաա Հարիրի Ռիատի Սայտա (11 կէտ), Պլու Սթարզ (10 կէտ) եւ Շանվիլ (8 կէտ): Վերջինս, գրաւելով ընդհանուր դասաւորման 12-րդ եւ վերջին դիրքը, փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:

