ՀՅ Դաշնակցութեան Ֆութսալի Խումբը Տիրացաւ Ամալ Շարժումին Կազմակերպած Մրցաշարքին Տիտղոսին

Չորեքշաբթի, 23 մայիսին, աւարտեցաւ Ամալ շարժումին կազմակերպած ֆութսալի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ութ խումբեր: Անոնք են` Իթթիհատ, ՀՅԴ, Ամալ, Շաապ, Հըզպալլա, Մարատա, Ազգային ազատ հոսանք եւ Արաբական ժողովրդավարական:

Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ Սատ Ռիատի մարզադաշտին մէջ, որ կը գտնուի օդակայանի ճամբուն վրայ` Նահատակ Հասան Քասիր երկրորդական վարժարանին դիմաց:

Նաք-աութի դրութեամբ տեղի ունեցած այս մրցաշարքը նուիրուած էր Հարաւի ազատագրութեան եւ դիմադրութեան տօնին:

Բացման մրցումը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 20 մայիսին, իրարու դէմ հանեց Իթթիհատը եւ ՀՅԴ-ն: Անիկա աւարտեցաւ Իթթիհատի ծանր պարտութեամբ` 6-1 արդիւնքով:

Նշենք, որ այս մրցաշարքին ՀՅԴ-ի խումբը կազմուած էր ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբէն բաղկացած մարզիկներէ:

Արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը` ՀՅԴ-ն ապահովեց կիսաւարտականին իր տոմսը եւ երեքշաբթի, 22 մայիսին արձանագրեց այլ տպաւորիչ յաղթանակ մը, երբ այս անգամ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ամալի խումբը:

Աւարտականին (23 մայիս) ՀՅԴ ճակատեցաւ Հըզպալլայի խումբին դէմ, որ աւարտականի իր տոմսը ապահոված էր յաղթելէ ետք Մարատայի եւ Ազգային ազատ հոսանքին:

ՀՅԴ – Հըզպալլա աւարտական ճակատումը վերջ գտաւ 3-3 արդիւնքով: Սակայն նկատի ունենալով, որ խումբ մը պէտք էր որ ըլլար յաղթականը, մրցումին արդիւնքը վճռուեցաւ փենալթիներով:

ՀՅԴ փենալթիներով 5-4 արդիւնք մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:

Աւարտին, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը սկսիլը, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէի (որուն հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը) ներկայացուցիչը` Եասեր Ապպուշի, իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհաւորեց բոլոր մասնակցողները: Ան մեծ գովասանքով արտայայտուեցաւ ՀՅԴ-ի խումբին մասին` ըսելով, որ խումբին մարզիկները իրենց տպաւորիչ խաղարկութեամբ յաջողեցան բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացնել իրենց վրայ եւ բնականաբար տիրանալ տիտղոսին` առանց պարտութեան:

Ապա ան մրցաշարքին բաժակը յանձնեց ՀՅԴ-ի ֆութսալի խումբին խմբապետ Ներսէս Պէրպէրեանին:

Փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ամալ շարժումի պատասխանատուն, որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակցող կուսակցութիւններուն, որոնք այս հրաւէրին ընդառաջեցին:

Ան իր խօսքին աւարտին կուսակցութեան անունով յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանին` միեւնոյն ժամանակ շնորհաւորելով խումբին մարզիկները, մարզիչ Սեպուհ Պապիկեանը եւ մնացեալ բոլոր պատասխանատուները:

Share this Article
CATEGORIES