Յարգանք Անկախութիւն Կերտողներուն Յիշատակին

Կիրակի, 27 մայիսին Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ յիշատակի ձեռնարկ մը պիտի կատարուի հոն իրենց վերջին հանգիստը գտած, հայոց պատմութեան մէջ գլխագիրով իրենց անունը փորագրած այնպիսի անձնաւորութիւններու, որոնք իրենց մասակցութիւնը բերած են Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտման: Նաեւ բացումը պիտի կատարուի հայկական «Նեմեսիս»ի մասնակից Հրաչ Փափազեանի ցարդ անշուք պատի մը տակ գտնուող, քարուքանդ շիրիմը փոխարինող դամբարանին:

Ստորեւ` մեր հերոսներուն կենսագրական հակիրճ գիծերը:

Վարդան Շահպազ

Վարդան Տօնիկեան ծնած է 1864-ին, Սեբաստիոյ Տիւրիկ գաւառի Օտուր գիւղը: 25 տարեկանին կ՛անցնի Պոլիս, 1890-ական թուականներուն կը միանայ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Այնուհետեւ կը ճանչցուի իր յեղափոխական անունով` Վարդան Շահպազ: Չորս հայրենակիցներով կը մասնակցի Պանք Օթոմանի գրաւման` Բաբգէն Սիւնիի, Արմէն Գարոյի եւ Հրաչ Թիրեաքեանի կողքին, որոնց հետ կ՛անցնի Մարսէյ, Պուէնոս Այրէս, յետոյ Լոնտոն եւ Պուլկարիա: Կը վերադառնայ Պարսկաստան եւ 1897-ին կը մասնակցի Խանասորայ արշաւանքին: Ապա կը գործուղուի Վասպուրական` շրջան մը կատարելով կուսակցութեան ներկայացուցիչի դերը: 1904-ին, իբրեւ պատգամաւոր, կը մասնակցի ՀՅԴ երրորդ Ընդհանուր ժողովին:

Շրջան մը, Վասպուրականին զէնք ապահովելու համար Վարդան Շահպազ կը մեկնի Կովկաս, ուր կը ճաշակէ ցարական բռնակալութեան բոլոր արհաւիրքները: Իբրեւ դաշնակցական գործիչ, ան կ՛աքսորուի Սիպերիա:

1909-ին Ատանայի ջարդէն ետք կը լծուի ժողովուրդի զինելու եւ զայն ինքնապաշտպանութեան պատրաստելու գործին: 1917-ին կը մասնակցի Ղարաքիլիսէի կռիւներուն:1918ի կը մասնակցի Նուրի փաշայի դէմ եղած կռիւներուն: Ան եղած է զօր. Անդրանիկի խումբերու մատակարար: 1927-ին կ՛անցնի Սուրիա` զբաղելու քրտական շարժումներով: Ապա կը հաստատուի Քեսապ, հոնկէ` Պէյրութ:

1946-ին ներգաղթի աւետիսը կը փոթորկէ զայն, որովհետեւ կ՛ուզէ իր վերջին օրերը անցընել մայր հայրենիքին մէջ: Սակայն երբ կը լսէ, որ Հայաստան երթալու պայմանը Դաշնակցութենէն հրաժարիլն է, կը մերժէ, որովհետեւ այդ քայլը ինքնին մահ կը նշանակէր: Մեծ յուսախաբութիւն ապրելով կեանքը կը շարունակէ ճգնաւորի մը նման: Կը մահանայ 8 յունիս 1959-ին եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Լեւոն Շանթ

Բուն անունով` Լեւոն Սեղբոսեան (Նահաշպետեան), ծնած է Պոլիս 1869-ին: Կրթութիւնը ստացած է Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանը, իսկ համալսարանական ուսումը` Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Երկար տարիներ վարած է ուսուցչական պաշտօն, ունեցած է հանրային եւ քաղաքական գործունէութիւն Հայաստանի եւ գաղութներու մէջ: Եղած է Հայաստանի առաջին հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ, հիմնադիրներէն մէկը Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան եւ գլխաւոր հիմնադիրը Համազգայինի Ճեմարանին, Պէյրութի մէջ: Լեւոն Շանթ  եղաւ ամբողջական մանկավարժը Ճեմարանի տնօրէնութեան ամբողջ շրջանին եւ կրցաւ նորահաս սերունդին ներշնչել կրթութեան եւ դաստիարակութեան կարեւորութիւնը ազգապահպանման գործին մէջ:

Լեւոն Շանթ Ճեմարանի հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ լծուեցաւ դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքին եւ իրարու ետեւէ, տարուէ տարի, լոյս ընծայեց նախակրթարանի յատուկ դասագիրքերու շարք մը: Լեւոն Շանթ ժամանակ կը գտնէր գրական ստեղծագործութիւններու ալ պահեր յատկացնելու եւ զարկ տալու թատերական շարժումին:

Լ. Շանթ կը մահանայ 29 նոյեմբեր 1951-ին եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Նիկոլ Աղբալեան

Ծնած է Թիֆլիս 1875-ին: Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցին ու Էջմիածնի Գէորգեան Ճեմարանին մէջ: Երիտասարդ տարիքէն սկսած է զբաղիլ ուսուցչութեամբ միեւնոյն ժամանակ աշխատակցած է Թիֆլիսի «Մուրճ» ամսագրին գրական -քննադատական յօդուածներով: Հետեւած է նաեւ համալսարանական կարգ մը դասընթացքներու Մոսկուայի, Փարիզի եւ Լոզանի մէջ: 1909 – 1912 վարած է Թեհրանի ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը: Որպէս կուսակցական գործիչ մասնակցած է ՀՅԴ-ի ընդհանուր ժողովներու, եղած է Ազգային Խորհուրդի եւ կամաւորական գունդերու կազմակերպիչ մարմնի անդամ: Աւելի ուշ` 1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն վերջ, ընտրուած է Հայաստանի Խորհրդարանի անդամ: 1919-ին նշանակուած է լուսաւորութեան նախարար եւ իր ջանքերով 1920 յունուար 31-ին բացուած` Հայաստանի համալսարանը Ալեքսանդրապոլի մէջ, Գիւմրի:

1921-ին, Հայաստանի խորհրդայնացումէն վերջ Լ. Շանթի, Հ. Օհանջանեանի եւ այլ պետական ու մշակութային դէմքերու հետ բանտարկուած է փետրուար 9-18, ուրկէ ազատած է Փետրուարեան ապստամբութեան շնորհիւ ու անցած Պարսկաստան, ապա` Եգիպտոս, ուր զբաղած է մանկավարժական եւ մշակութային գործունէութեամբ:

1928-ին, հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութեան եւ անմիջապէս յետոյ, Լեւոն Շանթի հետ, հիմնադիրը` Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանին:

Նիկոլ Աղբալեան, մինչեւ իր մահը, կ՛ըլլայ անմիջական գործակիցը Լեւոն Շանթի, միեւնոյն ժամանակ աշխատակցելով Հայ Մամուլին, բանասիրական եւ գրական- քննադատական յօդուածներով:

Ն. Աղբալեան կը մահանայ Պէյրութ, 15 օգոստոս 1947-ին եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Արշակ Յովհաննէսեան

Ծնած է 1883-ին, Նուխի մօտ, Չայքէնթ գիւղին մէջ (Գանձակի շրջան): Ապա կ՛անցնի Թիֆլիս` որպէս գիշերօթիկ աշակերտ Ներսէսեան վարժարանի: Կ՛աւարտէ 1904-ին եւ կը սկսի գործել կրթական ասպարէզին մէջ իբրեւ ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ քաղաքական կեանքին մէջ` իբրեւ կուսակցական գործօն անդամ:

Կը պաշտօնավարէ նախ Թաւրիզ, յետոյ Թեհրան: Իբրեւ ուսուցիչ կը հրաւիրուի Երեւանի թեմական դպրոց: 1918-ին Պաքուի ինքնապաշտպանութենէն ետք Դաշնակցութեան հետ կ՛անցնի Պարսկաստան:

1919-ի գարնան Երեւան կ՛երթայ` իբրեւ ներկայացուցիչ մասնակցելու համար Անկախ Հայաստանի Ընդհանուր ժողովին: Կ՛ընտրուի խորհրդարանի անդամ: Ս. Վրացեանի վարչապետութեան օրով կը վարէ գիւղատնտեսական նախարարի պաշտօնը:

Խորհրդային իշխանութեան շրջանին Ա. Յովհաննէսեան կը մնայ թաքնուած: Փետրուարեան ապստամբութենէն ետք մաս կը կազմէ Փրկութեան կոմիտէին եւ կը վարէ զինուորական բաժինը:

1924-ին կու գայ Պէյրութ` իբրեւ կուսակցական գործիչ եւ խմբագիր «Փիւնիկ» թերթին:

1924-1935 կը զբաղի կուսակցական եւ հանրային աշխատանքներով:

1947-էն մինչեւ մահը կ՛ըլլայ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, նաեւ` ՀՅԴ Գերագոյն խորհուրդի անդամ:

Կը մահանայ 1 Ապրիլ 1953-ին եւ կը թաղուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Ցնորքցի Մուրատ

Մուրատ Պետրոսեան ծնած է 7 ապրիլ 1884-ին, Մշոյ հիւսիս արեւելեան կողմը` Քոսուր լերան արեւմուտքը:

Սասունի 1894-ի դէպքերէն ետք մինչեւ 1896 քիւրտերը սկսած էին կողոպտել հայկական գիւղերը: Այդ օրերուն Ցնորք ունեցաւ իր կազմակերպչական խումբը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այդ շրջանին մեծ աշխատանքի լծուած էր, շուտով Ցնորք կ՛ուղարկէ զինական խումբեր:

1900 թուականին Մուրատ կ՛ընտրուի գիւղի խումբի խմբապետ եւ 1901-ին կը մասնակցի Առաքելոց վանքի պատմական մեծ կռիւին` Անդրանիկի, Գէորգ Չաւուշի, Կայծակ Վաղարշակի կողքին: 1902-ին Մուրատ կ՛ընտրուի ենթակոմիտէի անդամ, իսկ 1903-ի Մայիսին Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ կը նշանակուի թռուցիկ խումբի խմբապետ: Վրայ կը հասնի Սասնոյ ապստամբութիւնը. Մուրատ` իր շուրջը հաւաքած մօտ 20-25 կտրիճներ, կը մեկնի Սասուն, Գէորգ Չաւուշին օգնելու: Ան կը մասնակցի 1909-ի Սուրբ Կարապետի Ռայոնական ժողովին, ապա կ՛անցնի Կարին, Կովկաս, Փարիզ, Լոնտոն ու Միացեալ Նահանգներ: Քանի մը տարի ետք ծայր կ՛առնէ Համաշխարհային Առաջին պատերազմը, Մուրատ կը դիմէ տեղւոյն ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` զինք Կովկաս ուղարկելու: 1915-ի օգոստոսին շուրջ 300 հոգիով կը հասնին Կովկաս, ուր կը մասնակցի զանազան կռիւներու: Վիրաւորուելով` կը փոխադրուի Երեւան: Մասնակից կը դառնայ Մայիսեան կռիւներուն` զօրավար Սեպուհի կողքին: 1920ին` Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ տարեդարձին առիթով կայացած հանդիսութեան կարելի էր տեսնել Մուրատը` իր ձիուն վրայ նստած, իր զօրամասով կը տողանցէ:

Խորհրդային կարգերու հաստատումէն ետք Մուրատ եւ իր զինակիցները ստոյգ մահէն կ՛ազատին, վիրաւոր Մուրատ 12 հազար տարագիրներու հետ կը հասնի Թաւրիզ, ապա` Հալէպ, ուր կը լծուի որբահաւաքի աշխատանքին: Թոքախտը բոյն կը դնէ կուրծքին մէջ, կը փոխադրուի Պէյրութ, 16 յունիս 1927-ին իր անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Խմբապետ Մուշեղ

Մուշեղ Աւետիսեան ծնած է 1887-ին Սասնոյ Խեանք գաւառի Արսըրք գիւղին մէջ, քանի մը տարի ետք կը փոխադրուին Տիգրանակերտ: Ան մանկութեան եւ պատանեկութեան օրերէն աչքը կը բանար Սասունի գոյամարտին մէջ, կը մեծնար արիւնալի հերոսութեան ժամանակաշրջանին եւ հասակ կը նետէր մահը արհամարհող անվեհեր մարտիկներու կողքին: Ուսումը կը ստանայ Մշոյ Ս. Կարապետ վանքին մէջ. 1905-1907-ի դաժան տարիներուն ան իր վանքի տարազով լաւագոյն եւ ամէնէն վստահելի սուրհանդակը կը հանդիսանար: Աւելի ուշ կը գործակցի Ռուբէնի, Ս. Զաւարեանի հետ` Սասունի զանազան գաւառներուն մէջ: Դաշնակցութեան գաղափարները կը տարածէ իբրեւ գործիչ եւ կազմակերպող: 1913-ի աշնան Ռուբէն կը վերադառնայ Մուշ` Սասունցի Մուշեղը ունենալով իբրեւ աջ բազուկ. անոնք միասնաբար կը լծուին ինքնապաշտպանութեան գործին: Մասնակից կը դառնայ Սասնոյ ապստամբութեան` վարելով Տալւորիկի եւ Խեանքի ուժերը: Սասունի կրած պարտութենէն ետք Վ. Փափազեանի եւ Ռուբէնի հետ կ՛անցնի Կովկաս, ապա աշխատանք կը տանի Էրզրումի, Վասպուրականի եւ Տարօնի մէջ:

Հայկական բեկորներու հաւաքումը եւ պահպանումը, թշնամի տարրերէն երկրի մաքրագործումը, ժողովրդական վաշտերու կազմակերպումթ կլանող գործեր էին, որոնց կը լծուէր Մուշեղ` բազմաթիւ այլ ղեկավարներու հետ: 1917-ին Խնուսի կամաւորական գունդերու հրամանատար կը նշանակուի: Խմբապետ Մուշեղ կարգապահութիւն կը ստեղծէ իր գունդին մէջ, որ կը դիմադրէ թրքական յառաջխաղացքին:

1918-ի ապրիլին, երբ Տարօնի զինուած ժողովուրդը Մասիսի բարձունքներէն վար կ՛իջնէր դէպի Արարատեան դաշտ, արդէն ցեղապետական բանակ մըն էր, որ բարձրացաւ դէպի Արագածի լանջերը, որոնք միայն այլազգի թշնամիներով բնակուած էին: 2-3 օրուան կռիւներուն շնորհիւ Արագածը մաքրուեցաւ եւ քառասուն գիւղեր հայ տեղաշարժուող ժողովուրդով բնակուեցան: Այս Հայաստանաշէն գործողութեանց գլխաւոր վարիչներէն մէկն ալ Մուշեղն էր:

Սարդարապատի եւ Բաշ Ապարանի ճակատամարտերուն մասնակցելէ ետք կ՛անցնի Զանգեզուր` լծուելով անոր հայացման աշխատանքին:

Խմբապետ Մուշեղ Հայաստանի պետական կեանքին մէջ միշտ մնաց զինուորական: Նշանակուեցաւ Սահմանապահ ոստիկանութեան հրամանատար: 1921-ին մասնակից դարձաւ Փետրուարեան ապստամբութեան, ան եղաւ առաջինը, որ Չեկան գրաւեց, եւ հինգ հարիւր բանտարկեալ ազատ արձակեց: Հայաստանի մէջ խորհրդային լուծի ամբողջական հաստատումէն ետք, Ատրպատական անցած Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութեան ու ապստամբ ժողովուրդին հետ, Խմբապետ Մուշեղ իր կարգին  ճաշակեց տարագիր հայու ճակատագրին դառն բաժակը: Որոշ ժամանակ ապրեցաւ Յունաստան, ապա` Հալէպ եւ վերջնականապէս հաստատուեցաւ Պէյրութ, ուր մահացաւ 19 մարտ 1956ին, անոր մարմինը կ՛ամփոփուի Ֆըրն Շըպպէքի Ազգային գերեզմանատան մէջ:

Հրաչ Փափազեան

Աւազանի անունով` Կարապետ-Կարպիս, Հրաչ Փափազեան ծնած է Եոզկատ, 19 յունիս 1892-ին:

Եօթը տարեկանին կը փոխադրուի Սեբաստիա, ուր հինգ տարի մնալէ ետք, 1904-ին կը ղրկուի Պոլիս իր ազգականներուն մօտ. հոն կը ստանայ իր կրթութիւնը եւ 1910-ին կը մտնէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:

Ա. Աշխարհամարտի անմիջական վաղորդայնին, երբ ՀՅ Դաշնակցութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պոլիսէն փախստական կամ Պոլիս պահուըտած եղեռնագործներուն հետքերը գտնելու եւ զանոնք պատժելու անհրաժեշտութեան վրայ, կը փնտռուէին նուիրեալներ, որոնց պիտի վստահուէին այդ հետապնդումները եւ անոնց յաջորդելիք ահաբեկումները: Ուրիշներու կարգին, Հրաչ Փափազեան եւս կ՛ըլլայ ընտրեալներէն մէկը:

Պատերազմի հռչակումէն ետք կը ղրկուի զինուորական վարժարան` պահեստի սպայ դառնալու համար: Հազիւ սպայի աստիճանը ստացած` կը փախչի եւ կը պահուըտի նախ` Պոլիս եւ ապա, պատերազմի վերջին տարին, թուրք սպայի մը ինքնութեան թուղթով կը յաջողի հասնիլ Հալէպ եւ դարձեալ կորսնցնել իր հետքը: Զինադադարին Հալէպ է եւ 1919-ին կը վերադառնայ Պոլիս: Աչքերով կը տեսնէ Մեծ եղեռնը եւ սիրտը կը լեցուի արդարահատուցման տենչով:

Գործի մարդ էր Հրաչ Փափազեան, եւ օր մըն ալ, իր առաջարկով, իրեն կը վստահուի ամէնէն պատասխանատու աշխատանքներէն մէկը, Պերլինի մէջ:

Թալէաթի ահաբեկումէն ետք անցած էր շուրջ վեց ամիս: Պերլինի մէջ, ուր խմբուած էր ջարդարարներու խումբը, անկարելի կը դառնար գտնել հետքը տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիրին:

Պերլին գտնուող հայ հետախոյզները կարողացած էին երեւան հանել հետքը Տրապիզոնի հայերու ջարդարար կուսակալ Ճեմալ Ազմիին, որ սիկարէթի խանութ մը բացած էր: Կարողացած էին գտնել նաեւ հետքերը Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն եւ ապա Պէյրութի կուսակալ Ազմիին եւ նաեւ ուրիշներու, բայց տակաւին անյայտ կը մնար Պեհաէտտինի թաքստոցը: Յապաղումը կրնար ձախողեցնել անոր դէմ արձակուած մահավճիռին գործադրութիւնը, որովհետեւ մէկ օրէն միւսը ան կրնար հեռանալ Պերլինէն: Ասկէ զատ, կարեւոր էր բուն իսկ ոճրագործներուն շրջապատէն իմանալ անոնց մշակած ծրագիրները եւ տեղեկանալ անոնց շարժումներուն, որպէսզի ըստ այնմ ձեռք առնուէին անհրաժեշտ միջոցները:

Եւ Հրաչն է, որ կ՛առաջարկէ Պոլսոյ պատասխանատու մարմինին. թուրքի ծպտումով երթալ Պերլին եւ հոն ստեղծել ջարդարարներու շրջանակին մօտենալու եւ անոնց հետ մտերմանալու պատեհութիւնը: Լաւ թրքագէտ եւ թրքախօս, մօտէն ծանօթ թրքական բարքերուն եւ կրօնական սովորութիւններուն, այլեւ` մեծապէս պաղարիւն եւ շրջահայեաց, ան կը ցուցաբերէ առաջադրուած գործը լաւագոյն արդիւնքով գլուխ հանելու ինքնավստահութիւնը: Առաջարկը կ՛ընդունուի:

Հրաչ Պոլիսէն կը մեկնի Պերլին, կը վերածուի «թուրք» Մեհմէտ Ալիի եւ թուրք ջարդարարներու շրջանակը թափանցելով իր մեծ նեդրումը կ՛ունենայ Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման: Փաստօրէն ան հող պատրաստեց այս վրիժառութեան:

Հրաչ 1922-ին կը հեռանայ Պոլիսէն եւ կ՛անցնի Յունաստան, ուր կը զբաղի ազգային, քաղաքական եւ կուսակցական աշխատանքներով:

Ընդմիջումներով կը մնայ Աթէնք եւ Սելանիկ, մինչեւ 1926-ի վերջերը եւ ապա կուսակցական գործով կը հաստատուի Հալէպ:

Շրջան մը, Յակոբ Սիմոնիի հետ, ան կը զբաղի Տերսիմի քրտական ապստամբութեամբ:

Սուրիոյ մէջ Հրաչ Փափազեան կ՛ապրի ամբողջ երեսնամեակ մը եւ կ՛ունենայ պատկառելի գործունէութիւն մը` քաղաքական, ազգային, կուսակցական եւ հասարակական բոլոր ճակատներուն վրայ:

1932-ին եւ 1943-ին ան կ՛ընտրուի երեսփոխան սուրիական խորհրդարանին: Ամէնէն մօտիկ գործակիցը կ՛ըլլայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Զարեհ Ա.-ին, երբ ան Բերիոյ թեմի առաջնորդ էր: Յաճախ կ՛այցելէ Լիբանան, Եգիպտոս, Իրան, Իրաք, Եւրոպա եւ այլն, գլխաւորաբար կուսակցական գործերով: ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյին կ՛անդամակցի 1947-էն 1959 եւ կը մասնակցի կուսակցութեան գրեթէ բոլոր ընդհանուր ժողովներուն, 1923-էն մինչեւ 1959:

Հրաչ Փափազեան կամքէ անկախ պատճառներով Պէյրութ կը փոխադրուի 1957-ին, երբ անողոք հիւանդութիւնը սկսած էր արդէն գործել իր աւերը: Իր կեանքին վերջին ամիսները ծանր տառապանք մը կ՛ըլլան իրեն համար: Այդ տառապանքով ալ ան աչքերը կը փակէ 16 օգոստոս 1960-ին, Շթորայի մէջ եւ ազգային յուղարկաւորութեամբ մը կը թաղուի Ֆըրն Շըպպեքի գերեզմանատան մէջ, Պէյրութ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )