ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԿԱՊԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ ՉՃԱՆՉՑՈՒԱԾ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Նախանցեալ օր Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեց Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութիւնը ամփոփող բանաձեւ մը:

Փաստաթուղթին 47-րդ կէտով Եւրոպական խորհրդարանը Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն կոչ կ՛ուղղէ աշխուժացնելու ջանքերը` ուղղուած Մերձտնեսթրեան եւ Հարաւային Կովկասի ձգձգուած տագնապներու լուծման` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, մասնաւորաբար ուժ չկիրարկելու, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ:

Բանաձեւին յաջորդ` 48-րդ կէտով եւրոպացի օրէնսդիրները կը նախատեսեն նորարարական մօտեցումներ ցուցաբերել եւ շփումներ հաստատել չճանչցուած պետութիւններու հասարակութիւններուն հետ` քաղաքացիական մշակոյթին եւ երկխօսութեան աջակցելու համար:

Share this Article
CATEGORIES