ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանի երեկոյեան ժամը 8:00-ի լուրերու յայտագիրէն ետք պատկերասփռուած խօսք պիտի արտասանէ:

ՓՂՈՍԿՐԵԱՅ Ափունքի մէջ բնակող 95 լիբանանցիներ երէկ առաւօտեան ժամանեցին Լիբանան: Անոնք կը գտնուէին Լակոսէն Պէյրութ ուղղուող 244 ճամբորդ փոխադրող օդանաւի մը մէջ:

«ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ» կայքէջի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժ շեշտեց, որ «Ուիքիլիքս» Իսրայէլի մասին պիտի հրապարակէ վեց հազար փաստաթուղթ, որոնց մէջ պիտի ըլլայ նաեւ Հըզպալլայի զինուորական թեւի նախկին պատասխանատու Իմատ Մուղնիէի ահաբեկման թղթածրարը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան  ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց հեռանալու շրջանային տագնապներէն եւ լիբանանեան սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ երկխօսութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին հարցերուն լուծումներ ապահովել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի մէկ անդամէն, նշեց, թէ Հըզպալլայի կարծիքով, այս հանգրուանին կառավարութեան կազմութեան մասին ցուցաբերուած լռութիւնը ադամանդէ է եւ ոչ թէ ոսկիէ` հակառակ անոր սուղ ըլլալուն:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր 11 յանցագործներ ամբաստանեց Պեքաայի մէջ 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները առեւանգելու յանցանքով:

ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ալի Ապտալլա հաստատեց, որ իրենք երբեք լուռ պիտի չմնան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին թիրախ դարձնող արշաւին դիմաց, որովհետեւ Պըրրին երկրին գոյութիւնը կ՛երաշխաւորէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Խազեն` անդրադառնալով Լիբանանի մէջ շարունակ կիրարկուող քաղաքական յարձակողական ոճին եւ կեցուածքներուն մէջ արձանագրուած մագլցումներուն, յայտնեց, թէ այդ մէկը դրական ոչինչ կը նշանակէ եւ ոչ մէկ հարց կը լուծէ:

ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ շեշտեց, որ դիւրաւ կարելի է գիտնալ, թէ ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնները բառ առ բառ Ռիատի կողմէ տրամադրուած են:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յառաջիկայ 19 ապրիլին թիւ 1559 բանաձեւին մասին իր տեղեկագիրը պիտի յղէ Ապահովութեան խորհուրդին:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթ. «Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Իրանի դէմ յարձակումին նպատակն է դժուարացնել վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ստանձնած կառավարութեան կազմութեան պարտականութիւնը»:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ հաստատեց, որ եթէ իրենք որոշեն յաջորդ կառավարութեան մաս կազմել իր զաւկին` Ֆայսալ Քարամէի ընդմէջէն, ապա այդ մէկը պիտի ըլլայ աշխատանքային յստակ նախարարութեան մը ընդմէջէն եւ ոչ թէ պետական նախարարի պաշտօնով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են կազմելու 30 նախարարէ բաղկացած կառավարութիւն մը:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Սուրի, Հասպայայի, Մերժահիունի, Արքուպի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Նապաթիէի վերեւ կատարեց թռիչքներ եւ գործեց կեղծ յարձակումներ:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նասեր Քանտիլ կոչ ուղղեց զօր. Աշրաֆ Ռիֆիին հրաժարելու իր պաշտօնէն` ի յարգանս Ռումիէի բանտ ներխուժման ընթացքին արձանագրուած զոհերուն թափած արեան:

ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒ ամբողջացման կառավարութեան նախարար Մոհամետ Սաֆատի ընդունեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Հոմեր Մաֆրոմաթիսը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԸՍՏ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմի մը շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է, իսկ ներկայիս սկսած են նախարարներու անուններուն եւ նախարարութիւններուն շուրջ խորհրդակցութիւնները:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, կը նախատեսուի, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը յանձնուի նախկին նախարար Ժան Օպէյտի, իսկ արդարութեան նախարարութիւնը` Զիատ Պարուտի:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Աքրամ Շեհայէպ այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ան շեշտեց Լիբանանի կառավարութեան արագ կազմութեան անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES