ՀԱՐԻՐԻԻ ԵՒ ԻՐԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԲԱՆԱՎԷՃ
Պատասխանելով ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ Իրանի դէմ կատարուած յայտարարութիւններուն` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Իրանի դէմ Հարիրիի արտայայտած սխալ կեցուածքները կը ծառայեն ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին եւ երբեք չեն նպաստեր Լիբանանի շահերուն, ընդհակառակն` անոնք մարտահրաւէրներ են, որոնք կը սպառնան շրջանին անկախութեան եւ կայունութեան:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Մեհմանփարասթ շեշտեց, որ Թեհրանի սկզբունքները Լիբանանի եւ լիբանանեան բոլոր համայնքներուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի միասնականութեան նկատմամբ կը մնան նոյնը: Այս կեցուածքին եւ սկզբունքներուն իսկական փաստը տուած է Իրանը իր կատարած աշխատանքներով:
Մեհմանփարասթ կոչ ուղղեց Հարիրիին ըմբռնելու, որ Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած յեղափոխութիւններուն ենթահողը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ իշխանութեան հիմքը այն է, որ ժողովուրդին իրաւունքները, արժանապատուութիւնը, ինքնիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը պէտք է յարգել` զանց առնելով այս կամ այն` յատկապէս ամերիկեան-իսրայէլեան առանցքին հետեւորդ ըլլալու իրականութիւնը:
ՀԱՐԻՐԻ ԿԸ ՀԱԿԱԴԱՐՁԷ
Հարիրիի տեղեկատուական գրասենեակը` հակադարձելով Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին կատարած յայտարարութիւններուն, յայտնեց, որ Հարիրին դասալքութեամբ ամբաստանելու եւ ամերիկեան – իսրայէլեան առանցքին պատկանելիութեամբ զայն մեղադրելու փորձերը կը միտին ծածկել իսկական եւ ճշմարիտ հարցերը:
Գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը շեշտեց, որ իրանեան վարչակարգը Լիբանանի, Պահրէյնի, Իրաքի, Պաղեստինի, Քուէյթի, Եգիպտոսի, Եմէնի, Մարոքի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարներուն յայտարարութիւններուն պատասխանելու փոխարէն, պէտք է վերջ տայ այս բոլոր պետութիւններուն աշխատանքներուն ու ներքին քաղաքական կեանքին միջամուխ դառնալու եւ սադրանքներ նիւթելու իր ընթացքին ու վերադառնայ բարի դրացնութեան պայմաններուն գործադրութեան:
ԺՈՄՊԼԱԹ ԶԱՐՄԱՑԱԾ Է
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ երեկոյեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին զարմանք յայտնեց Հարիրիի կատարած այս յայտարարութիւններուն համար եւ կոչ ուղղեց անոր վերջ տալու կրակոտ այդ յայտարարութիւններուն, որոնք ոչինչի կը ծառայեն:
Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը կոչ ուղղեց վերադառնալու միջլիբանանեան հանդարտ երկխօսութեան եւ ամրապնդելու բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը` հեռու մնալով առանցքներու քաղաքականութենէն: