Քուէյխաթի Դէպքին Գծով Հարցաքննութիւնները Կը Շարունակուին

Դատական պատկան մարմիններ երէկ շարունակեցին հարցաքննել արգելափակեալ երեք սպաներն ու 19 զինուորները` դատախազ Սաքր Սաքրի ներկայութեան:

Միւս կողմէ, ցաւակցական այցելութիւնները շարունակուեցան երէկ, եւ այս գծով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան բազմանդամ պատուիրակութիւն մը ընկերվար կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի անունով ցաւակցութիւն փոխանցեց:

ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ «Իներկա» տիպի հրթիռ մը ինկաւ Թրիփոլիի Քուէյխաթ ճամբուն վրայ` առանց մարդկային զոհեր պատճառելու: Դէպքին յաջորդեց կարգ մը ճամբաներու փակման բողոքի շարժումնր:

 

Share this Article
CATEGORIES