Սելիմ Ժրայսաթի Ընդունեց Թուրքիոյ Դեսպանը
Աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը` փրոթոգոլային այցելութեամբ: Այս առիթով խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրին ընդհանուր իրավիճակին վրայ` վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:
Միւս կողմէ, նախարար Ժրայսաթի երէկ ընդունեց նաեւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էյխհորսթը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին լիբանանեան իրավիճակն ու այլազան մարզերու մէջ գործակցութեան կարելիութիւնները:
CATEGORIES Լիբանանեան


