Մարտ 14-Ի Ուժերը Պահանջեցին Կառավարութեան Հրաժարումը

Մարտ 14-ի ուժերու ընդարձակ հանդիպումը

Մարտ 14-ի ուժերու զանազան խմբաւորումներու ներկայացուցիչները երէկ ժողով մը գումարելով քննեցին երկրին ընդհանուր իրավիճակը` ապահովական վերջին իրադարձութեանց լոյսին տակ:

Աննախընթաց քայլով, նախկին նախարար Էլիաս Մըրի ներկայութեամբ գումարուած ժողովի աւարտին հրապարակուեցաւ նախօրօք ներկաներուն առ ի քննարկում բաժնուած հաղորդագրութիւնը, ուր ժողովականները զօրակցութիւն յայտնելով բանակին` պահանջեցին կառավարութեան հրաժարումն ու նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Հաղորդագրութիւնը նաեւ կոչ ուղղեց նախագահ Սլէյմանին երկխօսութեան արտակարգ ժողովի հրաւիրելու կողմերը` քննարկելու համար զէնքերուն, բոլո՛ր կողմերու զէնքերուն հարցը:

Share this Article
CATEGORIES