Մակ-Ի Ներկայացուցիչը Այցելեց Վարչապետ Միքաթիի
«Գոհ ենք, որ երկրին ապահովութիւնը վստահելի ձեռքերու մէջ է», յայտարարեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի` վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ տեսակցելէ ետք: Ան խոր ցաւ յայտնեց ապահովական վերջին իրադարձութեանց ոչ բաղձալի զարգացումներուն գծով: Փլամպլի ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի կայունութեան ամրապնդման ճիգերուն:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի երէկ ընդունեց նաեւ Չինաստանի արտաքին փոխնախարարը` ընկերակցութեամբ Չինաստանի դեսպանին:
CATEGORIES Լիբանանեան


