Նախարար Սապունճեան Կոչ Կ՛Ուղղէ Ռումանական Շուկաները Բանալու Լիբանանեան Արտադրութեանց Առջեւ

Ռումանիոյ դեսպանը եւ նախարար Սապունճեան

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ կէսօրին ընդունեց Ռումանիոյ դեսպանը, որուն հետ քննարկեց երկու պետութեանց փոխադարձ յարաբերութիւններն ու անոնց զարգացման միջոցառումները: Խորհրդակցութիւնները նաեւ ընդգրկեցին առեւտրական փոխադարձ շահարկումի տարողութեան ընդլայնումը եւ երկու պետութեանց գործարարներու քաջալերումը` մշակելու միացեալ ծրագիրներ, յատապէս` ճարտարարուեստի մարզին մէջ:

Այս առիթով ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան կոչ ուղղեց ռումանական շուկաները «բանալու» լիբանանեան արտադրութեանց առջեւ, որոնք իրենց որակով կը գերազանցեն միջազգային արտադրութիւնները եւ արժանացած են սպառողներու վստահութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES