Անձնական Միջադէպ Մը Կը Բացայայտէ Ապահովական Վտանգաւոր Երեւոյթ Մը

Լիբանանեան բանակի զինուորներ` հրացանաձգութեան ընթացքին

Սուրիահպատակ Եամեն Սլէյմանի ընկերակցութեամբ Ապպաս Սլէյմանիի նախանցեալ գիշեր երբ կը փորձէր իր ընկերուհիին անձնական իրերը փոխադրել միջադէպի մը եւ անոր հետեւած կրակոցներուն հետեւանքներով, կրակ բացաւ նաեւ դէպքին վայրը փութացած բանակային եւ ապահովական ուժերուն վրայ` սաստիկ զայրացած ու գինով վիճակի մէջ: Մինչեւ երէկ առաւօտ տեւած փոխադարձ կրակոցներուն ու պաշարումին իբրեւ հետեւանք ի վերջոյ բանակը վճռեց մուտք գործել զինեալներու ապաստանած յարկաբաժինը` Քարաքասի «Քէյփ Իթանի» շէնքին 7-րդ յարկը:

Ներխուժումէն ետք բանակային տարրեր յարկաբաժինին մէջ գտան Սամեր Ապու Աքլի դիակը, վիրաւոր Հանի Շանթին եւ խնդրոյ առարկայ խնդրայարոյց «սիրուհին», զոր արգելափակելով փոխանցեցին Հըպէյշի ոստիկանատունը:

Անձնական միջադէպով պատահած դէպքը երեւան բերաւ, թէ նշեալ յարկաբաժինը կեդրոն դարձած էր զանազան զինեալներու, յատկապէս որ մեծաքանակ զէնքեր ալ գտնուեցան հոն:

Իսկ վիրաւոր արգելափակեալ Հանի Շանթիի մասին իմացուեցաւ, թէ մաս կը կազմէ իսլամական Քայիտայի «13-ի խմբակ»-ին, որ օրին ամբաստանուած էր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով: Յորդանանեան եւ ըստ ոմանց եգիպտական հպատակութիւն կրող արհեստով սափրիչ Հանի Շանթի երեք ամիս առաջ ազատ արձակուած էր բանտէն:

Աւելի ուշ, Ղովմի կուսակցութեան մէկ ներկայացուցիչը հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Սլէյմանիի ընկերակցող Ա. Ս. սկզբնատառերով անձը Ղովմի կուսակցութեան պատասխանատու մըն էր:

Նշենք, որ ըստ կարգ մը աղբիւրներու, Սլէյմանի կրակոցի ընթացքին օգնութեան կանչած է Ղովմի կուսակցութեան կարգ մը տարրեր:

 

Share this Article
CATEGORIES