Նախագահ Սլէյման Շարունակեց Մօտէն Հետեւիլ Երկրին Բոլոր Իրադարձութեանց

Չինաստանի դեսպանը, արտաքին գործոց փոխնախարարը եւ նախագահ Սլէյման:

Նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց իր ճիգերը դիւանագիտական թէ պաշտօնական մակարդակներու վրայ` մօտէն հետեւելով երկրի վերջին զարգացումներուն, յատկապէս ապահովական մակարդակի վրայ:

Այս ծիրին մէջ ան խորհրդակցութիւններ ունեցաւ արաբ թէ օտար դիւանագէտներու հետ:

Ան նաեւ ընդունեց Չինաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարը` ներկայութեամբ Չինաստանի դեսպանին: Այս առիթով Չինաստան այցելութեան հրաւէր մը ստացաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES