Եւրոպական Խորհրդարանը Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Մարդկային Իրաւանց Խախտումները
Եւրոպայի Հայ դատի մարմինը կը հաղորդէ, որ երէկ, մէկ տարուան ընթացքին երրորդ օրն ըլլալով, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը Սթրազպուրկի մէջ իր լիագումար նիստին ընթացքին բուռն կերպով դատապարտեց Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքներու եւ խօսքի ազատութեան կոպիտ խախտումներն ու որոշ մարզերու մէջ արժէքներու ամբողջական պակասը` յստակ կոչ ուղղելով Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան, թէ պէտք է անպայման այս հարցերը բարձրացնէ, երբ Պաքու կ՛այցելէ կամ երբ ուժանիւթի հարցերու շուրջ կը բանակցի:
Ազատական խմբակցութեան պատկանող հոլանտացի երեսփոխան Մարիչէ Մխաաքէ Պաքուի մէջ ընթացող Եւրոտեսիլի մրցանքին ակնարկելով յայտնեց, որ «այս պահուս, երբ երգիչները իրենց ձայները կը մարզեն եւ մենք կը խօսինք մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան մասին, Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու բերանը կը փակուի: Միջազգային ընտանիքը չի խաբուիր շռայլութենէ եւ քարոզչութիւնէ, առաւել եւս փայլեցուած յայտարարութիւններէ»: Ան Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղեց իրենց պարտաւորութիւնները ստանձնելու:
Նոյն խմբակցութեան պատկանող ֆինլանտացի Միթրօ Ռեփօ նշեց, որ ինչպէ՞ս Ազրպէյճանը կրնայ ոչ մնայուն անդամ դառնալ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, երբ ինք իր երկրին մէջ ամէնէն կոպիտ ձեւերով կը կաշկանդէ մարդկային իրաւունքները:
Յառաջդիմականներու եւ ընկերվարականներու դաշնակցութեան խմբակցութենէն ֆինլանտացի Լիսա Եաքոնսարի յայտնեց, որ «պիտի շարունակենք հետեւիլ մանաւանդ Եւրոտեսիլի աւարտէն ետք»:
«Ազրպէյճան իր պետական բարձրագոյն մակարդակներով եւ ամէն կարելի առիթի կը դատապարտէ եւ կը զրպարտէ Հայաստանն ու հայկական սփիւռքը` մեզ կոչելով խառնակիչներ եւ ցեխարձակողներ, որոնք կը սեւցնեն Ազրպէյճանի պատկերը», այս առիթով ըսած է Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան` աւելցնելով, որ «այս պարագային սակայն, որ Եւրոպական խորհրդարանը իր բացառիկ օրակարգին մէջ ներառեց այս հարցը եւ նման բանաձեւ մը որդեգրեց, ինքնին փաստ մըն է, որ Ազրպէյճան չի կրնար այլեւս պահուըտիլ իր մատին (ուժանիւթին) ետեւ ու դատապարտել համայն աշխարհը իր թերութիւններուն համար:
«Մենք Եւրոպական Միութենէն կը պահանջենք, որ շարունակէ հետեւիլ Ազրպէյճանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումներուն, հետեւողական ըլլայ իր արժէքներուն, որոնք աւելի կարեւոր են, քան կազն ու քարիւղը եւ շրջանին վերաբերող բանաձեւեր որդեգրելու պարագային` ուժանիւթի գերին չդառնայ, ջանալով պահել հաւասարակշռութիւններ, նոյն նժարին վրայ դնելով Հայաստանն ու Արցախը», եզրափակած է Կարապետեան:

