Խմբագրական. Գերիշխանութեան Եւ Հողային Ամբողջականութեան Երաշխիքը. (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրութեան Եւ Դիմադրութեան Տօնին Առիթով)
Հարաւային Լիբանանի ազատագրումը կը նշուի լարուած իրավիճակի մէջ: Համալիբանանեան նշումի արժանի ազատագրումը այս պայմաններուն մէջ կը կորսնցնէ իր առաջնային կարեւորութիւնը եւ լիբանանցի քաղաքացին այսօրուան խորհուրդի վերլուծման փորձին առընթեր կը տուայտի տնտեսական, ընկերային եւ այժմ նաեւ ապահովական մտահոգութիւններու մէջ:
Սուրիոյ տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւնները, բախումները, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն աննախադէպ բեւեռացումներով յատկանշուող եւ դէպի քաղաքացիական պատերազմի սահմանագիծը անցում կատարող կացութիւնը անպայման իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ անմիջական դրացի Լիբանանին վրայ:
Այդ ազդեցութիւնը եթէ մինչ այժմ առաւելաբար կը վերաբերէր տնտեսական կացութեան եւ ընկերային իրավիճակին, ապա վերջին դէպքերէն ետք ուղղակիօրէն նաեւ` ապահովականին: Այստեղ եւ այս առիթով բանակի դերակատարութեան արժեւորումը լոյսին կու գայ եւ հիմնական դիտարկումները իր վրայ կը կեդրոնացնէ:
Երբ կը խօսինք ապահովական այժմու կացութեան մասին, բնականաբար նախ կը մտաբերենք անդորրութեան պահպանման, ներքին կայունութեան գերադասութեան եւ քաղաքացիական բնականոն կեանքի մասին: Այս բոլորի երաշխաւորը զինեալ ուժերն են, իրաւապահ մարմինները, Լիբանանի պարագային նախ եւ առաջ բանակը: Բանակը, որ երկրին սահմանները պաշտպանելու առընթեր այս երկրին մէջ ստանձնած է նաեւ ներքին խաղաղութիւնը պահպանելու ծանր առաքելութիւնը:
Ներքին ապահովութեան խախտումի ենթահողը միջհամայնքային լարուածութիւնն է: Երբ շիկացած են համայնքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները, արդէն պարարտ է ապահովական խախտումներու ենթահողը: Իսկ բանակը այն կառոյցն է, որ բոլոր համայնքներու անդամներէ բաղկացած է, եւ բոլորին կողմէ համահաւասար յարգանքի արժանի է, բոլորին կողմէ ընկալուած հեղինակութիւն պէտք է մնայ: Այս ա՛յն զինուորական բացառիկ միաւորն է, ուր համայնքայնութիւնը նշանակութիւն պէտք չէ ունենայ եւ որու հեղինակութեան պահպանման համար նախանձախնդրութիւն պէտք է ցուցաբերեն բոլոր կողմերը: Համայնքային համակեցութեան գլխաւոր երաշխիքը բանակն է, ուր քաղաքական վէճերէ եւ ընտրական մրցապայքարներէ հեռու` միայն հայրենիքին ծառայելու ուխտի գործադրութեան հրաւիրուած են բոլոր կողմերը, բոլոր համայնքները հաւասարապէս:
Բանակի հանդէպ ոտնձգութիւնը, բանակային զօրամիաւորումներուն դէմ կրքոտ յայտարարութիւններ կատարելը, բանակային ստորաբաժանումներուն շրջաններէն քաշուելու պահանջ արծարծելը եւ օրինական բանակէն եւ բանակի հրամանատարութեան վերահսկողութենէն դուրս այլ բանակային ջոկատներու կազմութեան մասին խօսիլը հարուած են ոչ թէ բանակին սոսկ` իբրեւ զինուորական միաւոր, այլ ամբողջ պետականութեան եւ միջհամայնքային համակարգի վրայ կառուցուած սահմանադրութեան:
Բանակը արտաքին-ներքին ազատագրումներու գլխաւոր երաշխիքն է, երկրին անդորրութեան հսկողը, կայունութիւն պահպանողը, արտաքին ոտնձգութիւնները կանխարգիլողը եւ բոլոր համայնքներէն բաղկացած գերակայ ծառայութեան համակարգը: Բանակը այն կարմիր գիծն է, զոր շրջանցելու բոլոր փորձերը պէտք է բացառել` պահպանել կարենալու համար ազատագրուածը, եւ ընդհանրապէս` Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:

