Սպանիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Օրինագիծը
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Սպանիոյ խորհրդարանի երկու անդամներ ներկայացուցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ օրինագիծ մը, որ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նիստի ընթացքին մերժուած է: Օրինագիծին թեր քուէարկած են երկու երեսփոխան, իսկ դէմ` 36 երեսփոխան:
Սպանիոյ իշխող Ժողովրդային կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Խոսէ Մարիա Պենեյթօ յայտարարած է, որ իրենք պատմական հարցերու քննարկման դէմ են, եւ կը նախընտրեն ատոր փոխարէն խրախուսել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:
CATEGORIES Հայկական

