Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբը. Բարձրորակ Կատարումով Սկսաւ Ներկայացնել «Զանզալախդ» Թատերախաղը
«Աշխարհը անարդար է», «Ժամանակը օր մը հետդ է, իսկ ուրիշ օր մը` դէմդ», «Դատապարտեալին յանցա՞նքը, անունը ցանկին վրայ առաջինը ըլլալն է», Իսկ վճի՞ռը…»:
Խենթերը խօսեցան: Այն ինչ որ արտօնելի չէ, այն ինչ որ մութ սենեակներու մէջ կը խօսուի, այն ինչ որ գիտենք, բայց չենք արտայայտուիր: Յայտնեցին իրականութիւններ, ճշմարտութիւններ, խօսեցան մեր անունով, բայց իրենց ոճով, ծիծաղով եւ կատակերգութեամբ:
Դատպարտեցին, վկայեցին, վճիռ արձակեցին, իսկ աւարտին իրենք մեզ ձգեցին այդ խենթանոցին մէջ ու հեռացան:
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը 70 տարիներ իր հանդիսատեսին ներկայացած է տարբեր թատերախաղերով, դերասաններով եւ բեմադրիչներով` միշտ ալ գոհ ձգելով իր հանդիսատեսը:
Այս տարի անոնք բեմ կը բարձրանան լիբանանցի թատերագիր Իսամ Մահֆուզի «Զանզալախդ», ներկայացումով` բեմադրութեամբ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի, որ նոր շուչով եւ արդիական ոճով, բեմայարդարումի իւրայատուկ ձեւով գրաւեց ուշադրութիւնը հանդիսատեսին, որ առանց դադարի իր կեդրոնացումը երբեք չշեղեց, իր աչքերը չդարձուց այլ կողմ:
Բեմին տարածքն ու լուսաւորումը դերասանին տուած էին ազատութիւն շարժելու, շնչելու եւ իր դերը լաւապէս կատարելու:
Իսկ տարազները հարազատ պատկերներն էին իւրաքանչիւր դերասանի կերպարին: Անոնք լաւապէս ընտելացած էին նիւթին եւ խորքին:
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի երէկ գիշեր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ փաստեց, որ ինք կանգուն է եւ հաւատարիմ ժառանգորդը Ժորժ Սարգիսեանին, Գասպար Իփէկեաններու եւ այլ վաստակաշատ դերասաններու: Թատերախումբը նաեւ վկայեց, որ լիբանանահայ թատրոնը տակաւին շատ տալիք ունի, անիկա կենդանի է եւ գիտէ ներկայացնել արուեստի բարձրորակ ներկայացումներ:
Յատուկ կերպով պէտք է յիշել հինգ դերասաններու եւ նորերու միախառնումը, որ բեմին վրայ սերնդափոխութեան կենդանի եւ խոստմնալից պատկեր մը կը ներկայացնէ:
Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեան այս թատերախաղով յաջողեցաւ հանդիսատեսին մօտ խնդուքի ճամբով այնպիսի ցաւցնող իրականութիւններ փոխանցել, որ այդ բոլորը ան պիտի զգայ միայն ներկայացման ատեն եւ սրահէն պիտի հեռանայ խառն զգացումներով ու մտածումներով:
Այս ներկայացումը լիբանանցի հանդիսատեսին համար եւս փաստ մըն է, որ լիբանանահայ թատրոնը կը շարունակէ մնալ իր բարձունքին վրայ: Յայտնենք, որ լիբանանցի արաբ հանդիսատեսին համար ներկայացումին արաբերէն բնագիրը կը ցուցադրուէր:
«Զանզալախդ» թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած էին Զաւէն Պաաքլինի, Յակոբ Գալայճեան, Յովսէփ Գաբլանեան, Կարօ Գճըլեան, Ժանօ Պեքերեճեան, Հրակ Փափազեան, Հրակ Տեմիրճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Վազգէն Դարբինեան, Յակոբ Զատիրեան, Նժդեհ Մկրտիչեան: Ելոյթները կը շարունակուին յառաջիկայ շաբաթ եւս` «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

