Մարսէյահայ «Արամ» Միութեան Այցելութիւնը «Ազդակ»
Հինգշաբթի կէսօրէ ետք «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեցին Մարսէյի մէջ գործող Հայ յիշողութեան ուսումնասիրութեան եւ արխիւաւորման միութեան հիմնադիր մարսէյահայ Վարուժան Արթին` «ԱՐԱՄ»-ի եւ տիկինը` Պրիժիթ, ընկերակցութեամբ Պուրճ Համուտի մէջ հիմնուած «Պատկեր» միութեան պատասխանատու Արփի Մանկասարեանի:
1997-ին հիմնուած այս նշանաւոր կեդրոնին աշխատանքը եղած է հաւաքել վաւերագրական պատկերներ, արձանագրութիւններ, գիրքեր եւ հրատարակութիւններ, որոնք կ՛ամփոփեն հայկական սփիւռքի պատմութեան մէկ մեծ բաժինը` լոյս սփռելով ազգային եւ գրական դէմքերու, ինչպէս նաեւ նշանակալի դէպքերու վրայ: Անոնք կը բացայայտեն Հայոց ցեղասպանութենէն առաջ, անոր ընթացքին եւ անկէ ետք բազմաթիւ անցուդարձեր, ըլլան անոնք սփիւռքահայութեան վերաբերեալ, թէ հայ ժողովուրդի հանդէպ օտար պետութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կեցուածքին մասին:
Այս տեղեկութիւնները թուայնացուած են, եւ կարելի է համացանցի միջոցով այցելել միութեան կայքէջը www.webaram.com:
Այս կեդրոնին հիմնական նպատակն է պահպանել հայ ժողովուրդին յիշողութիւնը եւ ժառանգութիւնը, փոխանցել զանոնք նոր սերունդներուն, վերջիններս զգաստացնել եւ տարածել հայ մշակոյթը, փոխադարձ մշակութային կապեր ստեղծել սփիւռքի բոլոր հատուածներուն միջեւ:
Այս նպատակով գործակցութեան կապ հաստատուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ նորակազմ «Պատկեր» միութեան հետ` իրականացնելու համար միատեղ ծրագիրներ նոյն նպատակներով:
Վարուժան Արթին ուրբաթ, 1 յունիսի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ պիտի ներկայացնէ մարսէյահայ այս կեդրոնին բացառիկ գործունէութիւնը:
Միութեան հետ կապուելու համար կարելի է կապ հաստատել ե-նամակի [email protected] հասցէին:

