Ազգային Առաջնորդարան Ընդունելութիւն` Սան Որդեգրելու Ծրագիրին 10-Ամեակին Առիթով
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, Սան որդեգրելու ծրագիրի 10-ամեակին առիթով երէկ` հինգշաբթի, 24 մայիսի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ Սան որդեգրելու ծրագիրի բարերարներուն:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Արմէն Ապտալեան: Ան նկատել տուաւ, որ հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կը յիշուին բոլոր ազգային բարերարները, որոնք գիտակցելով իրենց կատարած վեհ եւ ազնիւ արարքին կարեւորութեան` իրենց քսակները լայն բացած են ազգային ազատագրական, մշակութային, կրօնական, բարեսիրական, կրթական եւ այլ բնոյթի աշխատանքներուն:
«Երբ բարերարները նիւթական կը նուիրեն, իրենց բարոյական աջակցութիւնն է, որ կը տրամադրեն», շեշտեց Ապտալեան` աւելցնելով, որ Սան որդեգրելու ծրագիրը կը նպատակադրէ օգտակար դառնալ մատղաշ աշակերտներուն եւ համալսարանական ուսման պատրաստուող պատանի-պարմանուհիներուն, որպէսզի կարենան շարունակել իրենց ուսումը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Սան որդեգրելու ծրագիրի 10-ամեակին նուիրուած տեսերիզ մը:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ յարմար տեսած է, որ այս ծրագիրի բարերարները միասին համախմբուին եւ ուրախութեան հաւաք մը կազմակերպուի: Ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնք կը սատարեն Սան որդեգրելու ծրագիրի յաջողութեան: Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ բարերարները ուզած են գումարը բարձրացնել 250 տոլարէն աւելի, սակայն ան նկատել տուաւ, որ գումարը պիտի մնայ նոյնը, իսկ ան որ կը փափաքի կրնայ յաւելեալ աշակերտ որդեգրել: Սրբազանը հաստատեց, որ 857 աշակերտ որդեգրուած է 10 տարիներու ընթացքին` աւելցնելով, որ հաւաքական աշխատանքի արդիւնք է Սան որդեգրելու ծրագիրը:
Խօսելով Ազգային առաջնորդարանին մէջ գործող միաւորներու մասին` սրբազանը ընդգծեց «Հայ քարտ»-ի ծրագիրը եւ յորդորեց ներկաները անդամակցելու «Հայ քարտ»-ին, որուն հասոյթը կը տրամադրուի ծերունիներու:
Այնուհետեւ էսթրատային երգերու մեկնաբան Ատիս Հարմանտեան խանդավառեց մթնոլորտը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում:

