ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ Կ՛ԱՅՑԵԼԷ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլ 2011-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, մարոնի եկեղեցւոյ նորընտիր Պշարա Ռայի պատրիարքը պատուիրակութեամբ մը այցելեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ` ներկայութեամբ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Վարդան եպս. Աշգարեանի, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի, Պօղոս արք. Գուսայի, Զմմառու վանքի մեծաւոր Միքայէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի, կղերական դասին, Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորուհի մայր Եւթովսեա Քէշիշեանի, մտաւորական անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալներու: Մարոնիներու պատրիարքին կ՛ընկերակցէին Ապու Ժաուտէ, Մազլում եւ Մաթար եպիսկոպոսները, ինչպէս նաեւ անձնաւորութիւններ մարոնի եկեղեցիէն:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը հիւրընկալեց մարոնիներու նորընտիր Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը պատրիարքարանի դահլիճին մէջ: Հոգեւոր տէրը բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նորընտիր պատրիարքը շնորհաւորեց իր գահակալութեան առիթով եւ ներկայացուց հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմական յարաբերութիւնները հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան եւ մարոնի եկեղեցւոյ հետ 18-րդ դարէն սկսեալ, ապա Մեծ եղեռնէն ետք հայութեան բերած մեծ նպաստը լիբանանեան ընկերութեան բոլոր ոլորտներուն մէջ:
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը իր կարգին խօսք առաւ եւ իր յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնեց հոգեւոր տիրոջ` շքեղ ընդունելութեան համար` հաստատելով, որ հայ եւ մարոնի եկեղեցիները կը միացնեն «Հաղորդութեան եւ Սիրոյ» յարաբերութիւններ, ինչպէս որ զայն յայտարարեց իբրեւ իր գահակալութեան բնաբանը: Ան դրուատեց հայ եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին մեծ ներդրումը քրիստոնէական հաւատքի ամրապնդման եւ Լիբանան հայրենիքի բարգաւաճման ի նպաստ:
Հանդիպման աւարտին, Ռայի պատրիարքը հետեւեալ խօսքը արձանագրեց պատրիարքարանի ոսկեմատեանին մէջ.
«Հրճուանքով կ՛այցելենք այս պատրիարքարանը, մեր սուրբ ժողովին անունով, ներկայացուած` արհիապատիւ Ռոլան Ապու Ժաուտէ, Պուլոս Մաթար եւ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսներով, յայտնելու եւ փոխանակելու համար եկեղեցական հաղորդութիւնը ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հայրապետին եւ անոր գլխաւորած սուրբ ժողովին հետ: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ օրհնէ այս մեր հաղորդութիւնը եւ սէրը մեր միացեալ առաքելութեան մէջ` հռչակելու փրկութեան աւետիսը բոլոր մարդոց»:
Հանդիպման աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը գրքոյկներ նուիրեց Ռայի պատրիարքին եւ կրկին անգամ իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց մարոնիներու նորընտիր պատրիարքին:
Հանդիպման աւարտին երկու պատրիարքները կարճատեւ դռնփակ նիստ մը գումարեցին: