ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԱՂՕԹԵՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆԻՆ ԱՌՋԵՒ

Ապրիլեան նահատակաց մատրան մէջ

Երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլ 2011-ի կէսօրին, մարոնիներու նորընտիր Պշարա Ռայի պատրիարքը, յատուկ այցելութեամբ եկաւ Անթիլիասի մայրավանք` իր ընտրութենէն ետք եղբայրական հանդիպում ունենալու Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ:

Կէսօրուան ժամը 11:30-ին, Ռայի պատրիարք իր շքախումբով, որուն մաս կը կազմէին չորս եպիսկոպոսներ, մուտք գործեց կաթողիկոսարան եւ վեհարանին մէջ դիմաւորուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ: Ապա, միաբան հայրերուն եւ դպրեվանքի սարկաւագաց դասին թափօրով երկու հոգեւոր պետերը առաջնորդուեցան Մայր տաճար: «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ թափօրը յառաջացաւ դէպի մայր խորան, ուր տեղի ունեցաւ կանոնական աղօթք` հայերէնով եւ արաբերէնով: Տէրունական աղօթքի եւ «Կիլիկիա» հայրապետական մաղթերգի երգեցողութեամբ իր աւարտին հասաւ կանոնական բաժինը: Ապա, վեհարանի դահլիճին մէջ, ի ներկայութեան միաբան հայրերու, Ազգային կեդրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու անդամներուն, հայ պետական դէմքերու` նախարարներու, երեսփոխաններու, պաշտօնական խօսքեր փոխանակուեցան:

Վեհափառը իր բարի գալստեան խօսքին միացնելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու հայ ժողովուրդին շնորհաւորանքը` Ռայի պատրիարքին մաղթեց քաջառողջութիւն եւ բազմաբեղուն գահակալութիւն` մարոնի եկեղեցւոյ դարաւոր պատրիարքական գահուն վրայ: Արամ Ա. կաթողիկոս պատմութեան անցքերէն քաղելով յիշեց այն սերտ յարաբերութիւնը, որ հայ եկեղեցին ունեցած է Հռոմի եկեղեցւոյ հետ: Վեհափառը նաեւ ուրախութեամբ նշեց, որ այսօր եւս աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ են եկեղեցական երկու ընտանիքները: Արամ Ա. կաթողիկոս ներկայացուց նաեւ հայ եկեղեցւոյ աշխարհատարած թեմերուն մէջ հայ եւ մարոնի համայնքներու գործակցութեան օրինակելի պատկերը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ գործակցութեան եղբայրական ոգին թեմական մակարդակի վրայ:

Ապա, անդրադառնալով Լիբանանի կացութեան, անոր համայնքային խճանկարին ու քաղաքական տարբեր հոսանքներու գործունէութեան, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, թէ ներկայ հանգրուանին քրիստոնեայ թէ իսլամ համայնքները եւ բոլոր կողմերը վառ յոյսերով կը նային Պքերքէի գահակալին, որ իր իմաստուն քաղաքականութեամբ հանդուրժողութիւն կը սերմանէ բոլորին միջեւ` լիբանանցիները համախմբելով մէկ դրօշի տակ` Լիբանանի գերիշխանութեան, լիբանանցիութեան ինքնութիւնը յաչս բոլոր համայնքներուն բարձր պահելով:

Եղբայրական ողջոյնի իր խօսքի աւարտին, վեհափառը ոսկեզօծ զարդախաչ նուիրեց Ռայի պատրիարքին` իբրեւ մնայուն յուշարար խաչապաշտ հայ ժողովուրդի եւ հայ եկեղեցւոյ սիրոյն:

Ռայի պատրիարքը, իր կարգին խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին` եղբայրական սիրոյն ու յարգանքին համար, զորս ունեցած էր իր անձին նկատմամբ: Մարոնի պատրիարքը անդրադարձաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի բազմաբեղուն գործունէութեան` միջեկեղեցական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր անդուլ ճիգերուն` քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, մերձեցման ու գործակցութեան գծով: Ան ըսաւ, թէ գործակցութեան նոր էջ կը բացուի այսօր հայ եւ մարոնի եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ իրենց աթոռանիստը ունեցող բոլոր եկեղեցիներու եւ կրօններու պետերուն միջեւ:

Ապա, Ռայի պատրիարքը խօսեցաւ հայ Ժողովուրդի տառապանքէն ծնած փորձառութեան մասին եւ հայ եկեղեցւոյ նահատակութեան ուղին օրինակելի նկատեց բոլոր քրիստոնեաներուն համար: Խաչի ճամբէն քալած հայ ժողովուրդին տառապանքը մեղմած Լիբանանին նկատմամբ մեր ժողովուրդին երախտագիտութիւնը Ռայի պատրիարքը տեսաւ լիբանանահայութեան պարտաճանաչ ու օրինակելի քաղաքացիութեան  մէջ: Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը` իր պետական ներկայացուցիչներով ու նախարարներով, Լիբանանի գերիշխանութիւնը միշտ վեր դասած է ամէն հաշիւներէ: Մարոնի պատրիարքը ըսաւ. «Դուք ցեղասպանութեան զոհ գացիք, բայց պահեցիք ձեր հաւատքն ու ինքնութիւնը: Գուրգուրացիք ու կը շարունակէք գուրգուրալ Լիբանանի վրայ` ձեր բազուկներուն մէջ առնելով զայն իբրեւ սիրելի երեխայ, որովհետեւ դուք գիտէք պետութեան եւ անկախութեան արժէքը»:

Մարոնի պատրիարքը իր այցելութիւնը եւ եղբայրական ողջագուրումը վեհափառին հետ ինքնին պատգամ մը նկատեց` ուղղուած բոլորին, Լիբանանի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ հասարակաց մարտահրաւէրները դիմագրաւելու: Երկու եկեղեցիներուն միջեւ եղբայրական գործակցութեան ուղին արդէն իսկ ամրագրուած ներկայացուց ան իր նախորդին` Նասրալլա Սֆէյր նախկին պատրիարքին կողմէ, որ այնքան մտերիմ բարեկամ էր Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս ըսաւ նորընտիր պատրիարքը: «Ուստի, գործակցութեան նոյն ուղին վերանորոգելու ու միասնականութեան նոր թափ տալու համար ձեռք-ձեռքի պիտի տանք բոլորս», ըսաւ ան:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինէն ետք, երկու հոգեւոր պետերը իրենց շքախումբերով ուղղուեցան Ապրիլեան նահատակաց յուշարձան-մատուռը, ուր նորընտիր պատրիարքը յատուկ աղօթք բարձրացուց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ապա, անոնք ուղղուեցան «Զարեհեան» դամբարան, ուր դարձեալ Պշարա Ռայի պատրիարքը «Հոգւոց» արտասանեց երանաշնորհ հայրապետներու եւ հոգելոյս միաբաններու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Ապա, երկու հոգեւոր պետերը առանձին հանդիպում ունեցան վեհափառի գրասենեակին մէջ, որմէ ետք Ռայի պատրիարքը իր շքախումբի անդամներով վեհարանի սեղանատան մէջ վեհափառին ճաշի հիւրը եղան:

Share this Article
CATEGORIES