ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ` ՌԱԼՖ ԵԻՐԻԿԵԱՆԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Հայաստանի բջիջային յառաջատար ընկերութեան` «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին աւարտին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման նախագահական յատուկ պարգեւատրումով պատուեց Ռ. Եիրիկեանը:
Այս առիթով, «Ազդակ» հեռաձայնային յատուկ հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Ժաարայի հետ:
Դեսպան Ժաարա, որ Ռ. Եիրիկեանի ընկերակցութեամբ կը գտնուի Լիբանան, շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Եիրիկեանը պարգեւատրած է` առ ի գնահատանք անոր ծառայութիւններուն, Հայաստանի մէջ եւ այլուր:
Ժաարա շեշտեց, որ Ռ. Եիրիկեան «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը վերածած է ընկերային ծրագիրներ յաջողեցնելու հսկայ կազմակերպութեան, եւ այդ առիթով ան արժանացած է նախագահ Սլէյմանի գնահատանքին:
Լիբանան-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Ժաարա հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան, սիրոյ եւ գործակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ անոնք հեզասահ ընթացքի մէջ են:
Ժաարա իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Պէյրութ-Երեւան յարաբերութիւններու ամրապնդման առումով ճիգ չի խնայուիր` շեշտելով, որ նախագահ Սլէյման եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան իրենց կարգին այդ առումով մեծ ջանքեր ի գործ կը դնեն: