50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 11 ապրիլ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՎԱԼԱՆՍԻ ՄԷՋ

Մարտ 25-ին, Վալանսի մէջ (Ֆրանսա) տեղի ունեցած է յիշատակի երեկոյ մը` նուիրուած Սողոմոն Թեհլիրեանին: Մեծ թիւով հայեր լեցուցած են քաղաքապետարանի սրահը` մասնակցելու համար մեծ հայուն նուիրուած յարգանքին:

Օրուան նախագահ Ն. Թեպոյեան բացման խօսքին մէջ ջերմ բառերով դրուատած է Թեհլիրեանի անձը եւ գործը եւ թուած` կարգ մը մանրամասնութիւններ: Յիշած է 1919-ին Երեւանի մէջ գումարուած ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը, ուր մահուան դատապարտուած էին հայաջինջ  կոտորածներու պատասխանատուները եւ թուած` այդ վճիռներու գործադրութիւնը:

Օրուան բանախօսը` Յ. Եղիազարեան, յատկապէս հրաւիրուած Փարիզէն, մանրամասն թուած է երիտասարդ Թեհլիրեանին ոդիսականը` ծննդավայրէն Հայաստան, ապա Պոլիս, եւ ի վերջոյ Պերլին, Թալէաթի սպանութիւնը, դատավարութիւնը եւայլն:

300 ՀԱՅ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՓԵՐՈՒԻ ՄԷՋ

Գահիրէի «Յուսաբեր» մշակութային միութեան նախագահ եւ եգիպտահայ յայտնի ազգայիններէն Աւետիս Չագըճեան իր կնոջը հետ երկար պտոյտ մը կատարելէ ետք Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, եկած է Հիւսիսային Ամերիկա: Պոսթընի մէջ Ա. Չագըճեան այցելած է «Հայրենիք»ի խմբագրութիւնը եւ հետաքրքրական տեղեկութիւններ տուած է իր այցելած երկիրներու մասին:

Ա. Չագըճեան յայտնած է, թէ Փերուի մէջ 300 հոգիէ բաղկացած հայ գաղութ մը կայ, մեծ մասը` Պոլսէն գաղթած:

ԿՌԻ՞Ւ ԲԵԹՂԵՀԵՄԻ ՄԷՋ

Պոլսոյ «ժամանակ» թերթին Երուսաղէմէն գրած են:

Երկու շաբաթ առաջ Բեթղեհեմի ծննդեան տաճարին մէջ հայերը Զատկի պատրաստութեան սկսած են եւ մաքրած` սեփական խորանը եւ խաչն ալ փայլեցնելով` տեղը դրած են:

Յոյն միաբանները այս պարզ բանը իրաւական բռնաբարում նկատելով` յարձակած են հայոց խորանին վրայ եւ խաչը վար առնելով` մեծ վնաս պատճառած են:

Բեթղեհեմի հայոց վանքի տեսուչը անմիջապէս տեղեկացուցած է պատրիարքարան, որ քանի մը վարդապետներ ղրկած է քննութիւն կատարելու համար: Յոյն միաբանները ոչ միայն չեն ուզած կարգադրել թիւրիմացութիւնը, այլ նախատական արտայայտութիւններ ունեցած են: Ասոր վրայ կռիւ մը ծագած է հայ վարդապետներու եւ յոյներու միջեւ: Վերջինները ստիպուած են հեռանալ: Ոստիկանութիւնը հասնելով` կարգ մը ձերբակալութիւններ կատարած է, սակայն յաջորդ օր հայոց պատրիարքի միջամտութեան վրայ ազատ արձակուած են բանտարկուած հայերը:

ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՈՒ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԱՐՍԷՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻՆ

Թաւրիզէն կը գրեն 1 ապրիլ թուականով.

Մարտ 28-ին Թաւրիզ հասաւ Ատրպատականի հայոց թեմին առաջնորդ Արսէն վրդ. Աւետիքեան: Ճամբան, Մարաշայի կայարանին մէջ ժողովրդական խանդավառ ցոյցի մը առարկայ դարձաւ հայր սուրբը: Թաւրիզի կայարանին մէջ մեծ բազմութիւն մը, իր երեւելի անձնաւորութիւններով, ներկայացուցիչներով փութացած էր տեղաւորել իր առաջնորդը:

Մեծ եղաւ հայր սուրբին յուզումը եւ խանդավառութիւնը` ի տես այս գեղեցիկ պատկերին: Անկարելի եղաւ գնացքէն վար իջնել, որովհետեւ ժողովուրդը խելայեղօրէն ծափահարելով կը խուժէր վակոն` հայր սուրբին աջը համբուրելու եւ անոր օրհնութիւնները ստանալու համար: Երկար տարիներու կարօտը կար անոնց սրտերուն հայ հոգեւորականի հանդէպ եւ այդ զգացումը այդ օր անզուսպ յորդած էր:

Ատրպատականի ընդհանուր հրամանատարին կողմէ երկու յատուկ պատգամաւորներ եկած էին կայարան` բարի գալուստ մաղթելու համար:

Այնուհետեւ մօտ 50 ինքնաշարժներէ բաղկացած թափօրով մը հայր սուրբը հասաւ Թաւրիզի մայր եկեղեցին եւ եկեղեցական կարճ արարողութենէ մը ետք ժողովուրդին հաղորդեց վեհափառ կաթողիկոսին ողջոյնն ու օրհնութիւնը: Հայր սուրբը իր խօսքը վերջացուց յայտարարելով. «Ես ձերն եմ այսուհետեւ եւ ձերը պիտի ըլլամ իմ ծառայութիւններով»:

Հայր սուրբը ապա գնաց առաջնորդարան, ուր առաջին հերթին օրհնեց Ատրպատականի հայոց ժողովուրդի հացն ու աղը: Հայր սուրբի ոտքին առջեւ մատաղի ոչխար մորթուեցաւ ժողովուրդին կողմէ: Անկէ ետք ընդունեց ժողովուրդի ներկայացուցիչները:

Շատ զգացուած էր հայր սուրբը: Պատասխանելով տէր հօր խօսքերուն` ըսաւ. «Աղօթեցէք ինծի համար, վասնզի «աղօթք արդարոց յոյժ զօրաւոր են յոգնականութեան»:

Share this Article
CATEGORIES