ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐՁՐ ՀԱՄԵՄԱՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ԼԱՅՆԱԾԱՒԱԼ ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՓՏԱԾ ՎԱՅՐ ՄԸՆ Է ՆԵՐԿԱՅԻՍ, ՔԱՆ` 3 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.
«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութեան կողմէ կատարուած հարցախոյզի մը մասնակցողներուն 56 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ իր երկրին մէջ փտածութիւնը աւելցած է:
Աֆղանիստանի, Նիկերիոյ, Իրաքի եւ Հնդկաստանի մէջ հարցախոյզերուն մասնակցած անձերուն 50 առ հարիւրը ըսած է, թէ կաշառք վճարած է անցեալ տարի: Անոնցմէ շատերը կաշառած են ոստիկանութիւնը:
Մինչ այդ «Պի. Պի. Սի.»ի կողմէ կատարուած հարցախոյզ մը ցոյց տուած է, թէ փտածութիւնը աշխարհի տարածքին ամէնէն աւելի խօսուած նիւթն է:
«Պի. Պի. Սի.»ի հարցախոյզին մասնակցած 5 անձերէն 3-ը կ՛ըսեն, թէ մէկ ամիս առաջ փտածութեան նիւթը արծարծած են այլոց հետ, ինչ որ այս հարցը կը վերածէ ամէնէն աւելի խօսուած եւ մտահոգութիւն պատճառող նիւթին, կլիմայի փոփոխութեան, աղքատութեան, գործազրկութեան, սննդեղէնի եւ ուժանիւթի սղաճի հարցերէն առաջ:
«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ»ի վիճակագրութեան մէջ քաղաքական կուսակցութիւնները կը նկատուին ամէնէն աւելի փտած հաստատութիւնները: Վիճակագրութեան մասնակցողներուն 80 առ հարիւրը զանոնք կ՛որակէ փտած:
Քաղաքական կուսակցութիւնները 2004-ին եւս գլխաւոր դիրք կը գրաւէին «Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ»ի ցուցակին վրայ. վիճակագրութեան մասնակցողներուն 71 առ հարիւրը զանոնք կը նկատէր փտած:
Կրօնական մարմիններ եւս կ՛ապրին փտած նկատուելու փորձառութեան սուր վերելք մը. մինչ համեմատութիւնը 28 առ հարիւր էր 2004-ին` անիկա 53 առ հարիւրի բարձրացած է 2010-ին:
Վիճակագրութեան մասնակցողներուն շուրջ 50 առ հարիւրը կը հաւատայ, թէ իր երկրին պետութիւնը ոչ մէկ արդիւնք կ՛արձանագրէ փտածութեան հարցը դիմագրաւելու մէջ:
ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» կ՛ընդգծէ կաշառքը` իբրեւ վիճակագրութեան մէջ լուսարձակի տակ առնուած գլխաւոր հարցը: Հարցախոյզին մասնակցած 4 անձերէն մէկը կ՛ըսէ, թէ կաշառք վճարած է նախորդ տարուան ընթացքին:
Կաշառքներուն 29 առ հարիւրը վճարուած է ոստիկանութեան, 20 առ հարիւրը` պաշտօնական արձանագրութիւններու եւ արտօնագիրներու համար եւ 14 առ հարիւրը` արդարադատութեան մարզին մէջ աշխատողներու:
Կազմակերպութեան քաղաքական եւ ուսումնասիրական բաժնի տնօրէն Ռոպին Հոտես կը նշէ, թէ նման գործառնութեանց մէջ ոստիկանութեան դերակատարութիւնը «իրապէս մտահոգիչ է»:
«Այս համեմատութիւնը միայն բարձրացած է վերջին քանի մը տարիներուն: Իրօք, անիկա գրեթէ կրկնապատկուած է 2006-էն ի վեր: Աշխարհի տարածքին ոստիկանութեան հետ գործ ունեցած երեք անձերէն գրեթէ մէկը պարտաւորուած է կաշառք վճարել», կ՛ըսէ ան:
Մինչ Քամպոտիոյ մէջ վիճակագրութեան մասնակցողներուն 84 առ հարիւրը եւ Լիպերիոյ մէջ 89 առ հարիւրը ամէնէն աւելի կաշառք վճարած են, անդին` դանիացիք կաշառք վճարելու ոչ մէկ նշում կատարած են:
Ափրիկեան Ենթասահարան գլխաւոր շրջանն է, որուն բնակիչները ամէնէն աւելի հաւանական է, որ կաշառք վճարեն (համեմատութիւնը 56 առ հարիւր է):
Կաշառք ստանալը ամէնէն աւելի նուազ տարածուած երեւոյթ է Եւրոպական Միութեան երկիրներուն եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ (համեմատութիւնը 5 առ հարիւր է` երկուքին պարագային), թէեւ այս երկու շրջաններուն մէջ ամէնէն աւելի աւելցած են փտածութեան նկատմամբ մտավախութիւնները:
Մեկնաբաններ այս սրող մտահոգութիւնը կը վերագրեն դրամական համաշխարհային տագնապին, որ խախտած է վստահութիւնը պետութիւններու, դրամատուներու եւ տնտեսական հաստատութիւններու նկատմամբ:
ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՇԱՌՔ ԿԸ ՎՃԱՐԵՆ
Ափրիկեան Ենթասահարայի մէջ կաշառքներուն 67 առ հարիւրը կը վճարուի` խուսափելու համար իշխանութիւններու հետ հարցերէ:
Արաբական աշխարհի եւ Հարաւային Ամերիկայի տարածքին կաշառքներուն մեծ մասը կը վճարուի գործերու ընթացքը արագացնելու համար:
Ասիոյ եւ Խաղաղականի տարածքին վիճակագրութեան մասնակցողներուն 35 առ հարիւրը կաշառք վճարած է ստանալու համար սպասարկութիւն մը, որմէ օգտուելու իրաւունքը ունի արդէն:
Հիւսիսային Ամերիկայի եւ եւրոպական երկիրներու տարածքին կաշառք վճարողներուն մեծ մասը չի յիշեր, թէ ի՛նչ բանի համար վճարած է:
«Թրանսփերընսի ինթըրնեշընըլ» հարցախոյզեր կատարած է 90 հազար հոգիի հետ, 86 երկիրներու տարածքին, կազմելու համար փտածութեան իր ցուցակը:
«Պի. Պի. Սի.»ի կողմէ կատարուած վիճակագրութիւնը կատարուած է 13 հազար հոգիի վրայ` 26 երկիրներու տարածքին:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ