Մայիս 28-Ի Առիթով. Փնտռենք Անկախութեան Ամրոցները

ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ

Հայոց պատմութիւնը վերջացաւ 451 թուականի Վարդանանց պատերազմով: Վերածնաւ

1918-ին` մեր պատմութեան մէջ ստեղծելով առաջին ազատ ու անկախ Հայաստանը, որ շարունակաբար արցախեան հերոսապատումով վերահաստատեց անկախ Հայաստանի տեսլականի մտատիպարն ու գաղափարաբանութիւնը: Պատմութեան զուգորդուած այս խաչաձեւումին առընթեր, շատ ու շատ թուականներ, դէպքեր, եղելութիւններ կարելի է աւելցնել կամ պակսեցնել: Առիթները շա՛տ` ուրախ եւ տխուր, հպարտ թէ նուաստացած զգալու համար: Արդէն ուրախէն եւ տխուրէն զատ ուրիշ շատ բան չմնաց, քիչ մը ամէն տեղ:

Թոյլ տուէք, որ տեսակէտներս պարզեմ:

Վերոյիշեալ երեք թուականները զատորոշեցի իրապէս ինքնավար, ազատ ու անկախ Հայաստանի պատմութիւնը բնորոշելու համար: Չեմ խօսիր հարիւրաւոր պատերազմներու մասին որոնցմէ յաղթական թէ յաղթուած դուրս եկած ենք ազգովին: Չեմ խօսիր Տիգրան Մեծի աշխարհակալութիւններու եւ ծովէ ծով Հայաստան հիմնելու տիեզերային «տեսլականներուն» մասին: Չեմ խօսիր տակաւին պալատական դաւադրութիւններու մասին: Վասակի եւ վասակներու մասին. հին թէ նոր, նոր թէ նորոգուած:

Ուսումնասիրած ըլլալով բազմաթիւ ազգերու եւ ժողովուրդներու պատմութիւնը` ինքնահամոզում գոյացուցած եմ, որ պատերազմներու, յեղափոխութիւններու, ըմբոստութիւններու ընթացքին, բազմապատիկ հերոսական դէպքերու կողքին, ամէնէն շատ դաւաճանութիւններն ալ եղած են` հռոմէական, բիւզանդական, բրիտանական կայսրութիւններու, ինչպէս նաեւ` յունական եւ հայկական պատմութիւններու ժամանակագրութիւններուն:

Կը խօսիմ այն ժամանակներուն մասին, երբ մեր պատմութիւնը կը մեռնէր. այն թուականներուն մասին, երբ մեր անկախութիւնը կը վերածնէր ազգային, կրօնական ու քաղաքական մեր կեանքի զարթօնքի վերընձիւղումով, կամ` կայուն թէ տատանող առաջադրանքներու կարճաժամկէտ թէ հեռաժամկէտ զգայութիւններով, մօտիկ թէ հեռաւոր հորիզոնին վրայ:

Իմ նշած թուականներս անցեալ են արդէն: Երկու հատը` հեռաւոր. միւսն ալ` շունչի տարբերութեամբ նոյնպէս եւ նոյնչափ վիպագրուած, ապա նաեւ` այլամերժօրէն կերպարանափոխուած:

Հայոց պատմութեան հատուածներուն մէջ բազմազան ու այլազան ուժեր իրենց տիրակալական ազդեցութեան ենթարկած են մեր հայրենիքը. պարսիկները, արաբները, բիւզանդացիները, սելճուքները, մեմլուքները, ռուսերը, խորհրդայինները:

Հայաստանի նորագոյն հանրապետութիւնը,  իբրեւ պետական արդի կառոյց, քսանամեայ կարճ պատմութիւն մը ունի: Իսկ 1918-էն անցած են արդէն 94 տարիներ, մօտ ու մօտակայ դար մը, դարամեակ մը ամբողջ:

Երբ հիմնուեցաւ 1918-ի հանրապետութիւնը,  Հայաստանը անպատրաստ էր պետութիւն ու պետականադրոշմ ստորոգելիներ կազմելու: Պատրաստ ալ չէր ազգային ու քաղաքական հասարակութիւն կազմելու. բայց կայծակնային արագութեամբ եւ լուսամիտ ղեկավարութեան մը առաջնորդութեամբ, կարճ ժամանակի մէջ պետութիւն, բանակ, դատարան, համալսարան, ընկերային համանման եւ ժողովրդանուէր կառոյցներ հաստատեց:

Պետականութիւն հաստատելու ճիգը եւ անոր իրականացումը ուրիշ երկիրներէ չի շնորհուիր, ինչպէս յաճախ կը փորձուի մեր ժամանակներուն` մարդասիրական, տնտեսական, ռազմավարական ակնկալութիւններով: Երկրի մը պետականութիւնը կը ստեղծուի ժողովուրդէն եւ իր ղեկավարութենէն` կարգապահութեամբ, օրինապահութեամբ, ազգային ապրումի նուիրաբերումով, զօրակցութեամբ:

Որքան կարճ ժամանակի մէջ, սակայն, բառերը իմաստ փոխեցին, որոշ իմաստներ ալ կորսուեցան: Փնտռողներն ալ նուազեցան:

Հայաստանի անկախութեան շրջանին մենաշնորհեալ դասակարգեր գոյութիւն չունէին հայրենիքը պառակտելու եւ ջլատելու համար: Ինք` դասակարգը մէկ էր. հայրենիքին ստեղծած անկախութիւնը պահպանելու միակամ ու համատարած դասակարգը:

Պետականութիւն` կը նշանակէ օրէնք ու արդարութիւն. դիմագիծ ու անհատականութիւն ունեցող ղեկավարութիւն, ինչ որ բնորոշելիօրէն կար ու կը զանազանուէր իր ժամանակին մէջ: Հանրապետութեան գրաւումով ղեկավարներ ու առաջնորդներ հարկադրուեցան բռնազբօսիկօրէն լքելու ու հեռանալու իրենց ստեղծած հայրենիքէն ու լծուելու սփիւռքի գաղութային աքսորական նոր կեանքի կազմակերպման ու գլխաւորման առաքելութեան:

Հայաստանի բռնի խորհրդայնացումը յաջորդող 80 տարիներու հայ կեանքին մէջ` այլակերպութեան ու ազգային աղաւաղման տարբեր մտայնութիւններ յառաջացուց, որուն հետեւանքները անխուսափելիօրէն զգալի ու տեսանելի են այսօր իսկ, ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Հայաստանէն արտագաղթածներու, այլեւ հին թէ նոր սփիւռքներու հայութեան մօտ իրենց շփոթած, խռոված թէ այլակերպուած դիմագիծերով: Յաւելեալ բացատրութիւններ, կարծեմ աւելորդ են ու բան չեն աւելցներ ըսուածներուն վրայ: Ըսուածներն ալ դժուարութեամբ կ՛ընկալուին այլեւս:

* * *

Հայաստանի խորհրդայնացումը գաճաճ վիճակի մէջ պահեց Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը: Թոյլ չտուաւ, որ հայը պատասխանատու զգայ իր պատմութեան հանդէպ: Պատմութիւնը իր ձեռքէն առաւ ու սեղմօրէն ծալեց-պլորեց անցաւոր թուղթի կտորի մը պէս:

Ազգերու պատմութիւնը հովանաւորներու պէտք չունի ազատ ապրելու համար: Ազգերը պատասխանատու են իրենց անկախութեան հովանաւորութեան համար: Կը խօսիմ ազգային ու քաղաքական պատասխանատուութեան մասին. դատավարութիւն չէ, որ կ՛ընեմ. անմեղներ կամ յանցաւորներ չէ, որ կը փնտռեմ: Չենք կրնար անտեսել սակայն, որ բոլոր ժամանակներու մէջ` պետութիւն եւ ղեկավարութիւններ, իրենց լաւ կամ գէշ գործերուն համար, անհատապէս թէ հաւաքաբար, նուազագոյն թէ առաւելագոյն պատասխանատուութիւններ կը կրեն: Պատասխանատուութիւնն ալ ժողովրդավար իրաւունք ու հասկացողութիւն է: Թերեւս` ամէնէն բարձրը:

Հայաստանի մէջ 1918-ի դիւցազնամարտը եւ 1921-ի Փետրուարեան ժողովրդային ապստամբութիւնը նման չեն 1789-ի Ֆրանսական յեղափոխութեան դրդապատճառներուն կամ սկզբնապատճառներուն: Պարզապէս, վերեւ արձանագրուած անկիւնադարձային թուականներէն առաջ, մեր ժողովուրդին իր ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքը կիրարկելու հնարաւորութիւններ ընձեռուած չէին. շատ մը պարագաներու ալ այդ հնարաւորութիւնները աւելի վերջ ալ չստեղծուեցան երբեք, որովհետեւ կորսուած շարունակական առիթներէն անկախ, Հայաստան իր գերեվարուած հողին վրայ կը փորձէր անհատապէս գոյատեւել իբրեւ ուրոյն ու կազմակերպ հաւաքականութիւն: Երբ անհատականը հաւաքականի չի վերածուիր, ամէնէն ազատատենչ գաղափարախօսութիւններն ալ կը նսեմանան իբրեւ սեղմ գաղափարներ, որքան ալ ազատասիրութիւն, ազնուութիւն, թէ վեհութիւն բուրեն անոնք: Ատեն մը, խօսած ժամանակ, նայած կացութեան ու պարագային, բառերն ու նախադասութիւնները կը կլորցնէինք. հիմա ժամանակը չէ այդ հին ոճը կրկնելու: Հակառակ ոճը աւելի պարզորոշ է, աւելի յանդուգն ու պատուաբեր: Ծամծմելը պատուաբեր չէ. դիւրին ալ չի մարսուիր:

* * *

Հայերը սիրեցին իրենց հայրենիքը. այդ սէրը միացուց զիրենք դարեր տեւող գերութիւններու տաժանելի հարիւրամեակներուն ընթացքին` իր մէջ զարգացնելով ինքնագոյատեւման դիմադրականութիւն մը:

Անշուշտ որ հայրենիք սիրելու ձեւերը բազմակողմանի ու բազմատեսակ են: Բայց ամէնէն վաւերական ձեւը, թերեւս,  ամբողջականօրէն հայրենիքին պատկանիլն է, հեռու` ազգը պառակտող խարդաւանանքներէ: Հայրենիքը մէկ է. ուրիշ ձեւ չկայ: Թէպէտեւ հայրենիքներու տարբեր ու տարբեր անցագրերով ու անձնագիրներով պատկանիլը` հայրենիքներու պատկանելիութեան ընդունելի կամ ոչ ընդունելի ժամանակակից տարաբնոյթ ըմբռնում մը կը ստեղծէ, հոգեմտաւոր արժէքներու պատշաճելու կամ չպատշաճելու տարբերակներ կը յառաջացնէ: Բայց ես այդ մասին չեմ խօսիր: Իւրաքանչիւր հայ թող ի՛նք ճշդէ իր հայրենասիրութեան ճանապարհն ու չափանիշը, քանի հայրենասիրութեան մակարդակներու շուրջ ալ ըմբռնումներու տարբերութիւնները զատորոշումներով կը խորանան վերջին տասնամեակներուն, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Վրաստան, Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպա, եւ այլն, եւ այլն:

Մտաւորական մարդը, պատմութիւն սերտող ու գիտցող մարդը ընդհանուր ու համընդհանուր կերպով պէտք է կարենայ դիտել այս բոլորը: Միջուկն է կարեւորը եւ ոչ թէ կեղեւը: Մանաւանդ երբ այդ կեղեւը ճաթռտած է տաքէն ու ցուրտէն:

Հայաստանի մէջ ապրողը թէ Հայաստանէն դուրս` հողին վրայ, հողէն վեր-վար, թէ հողին երազով ապրողը, հայրենասիրութիւնը ցամաքի թէ ծովու սահմաններէն ներս թէ դուրս ապրեցնողը, արեւու արեւելքէն թէ արեւու արեւմուտքէն մինչեւ հասարակածային գօտիին մօտ, սառուցեալ Սիպերիայէն թէ Փանթակոնիոյ մօտ, հոն ուր չէինք կրնար նոյնիսկ երեւակայել, այսօր հայու շունչ ու հետք կայ. հայու, որ իր զաւակին ստամոքսը լեցնելու ծնողական առօրեայ պարտաւորութիւնը բեկանուած հայրենասիրութենէն գերիվեր սկսած է գնահատուել. հոն, ուր աշխատանք կը փնտռէ իր ճակտի կնճիռներով օտարին սառցակոյտերը հայրենիքներու վերածելով:

Ո՞ւր է հայրենիքը. ո՞ւր կը սկսի, ո՞ւր կը վերջանայ: Կը վերջանա՞յ հայրենիքը, քանի մեր ուսուցիչները մեզի սորվեցուցած էին, թէ հայրենիքը սահման ունի, բայց հայրենասիրութիւնը անսահման է: Ո՞րն է այսօր հայուն անցեալն ու ներկան զօդող օղակը, կամարակապ, բոլորաձեւ ու հանդիսաւոր կամրջային յաղթապանծ անցքը, որ նոր հայրենիքներու կրնայ առաջնորդել` կորսնցնելով հին հայրենիքներու ակօսուած հետքերը:

Հայրենիքը միայն այն չէ, որ մեր մտքին ու հոգիին մէջ է: Կը թուի, թէ հայրենասիրական ըմբռնումները մասամբ ու մասնակիօրէն փոխուած են, մեր ժամանակներու անխնայ հարկադրանքներու տակ: Հայը, Հայաստանը, օրին մէկը, պատահական զուգադիպութեամբ փորձառական խողովակով մը աշխարհ եկած չեն, ոչ ալ իրենց գոյութեան իմաստը փորձառական խողովակի մը ժամանակակից, առոյգ ու սերնդագործող հայու սերմի նմանը իբրեւ թանգարանային սակաւագիւտ գանձ պահպանելու մտահոգութիւնը կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ…

Հայաստանը մանուկ, կամ յամառօրէն չմեծցող իր ղեկավարութիւնը չէ միայն: Հայաստանը  նախագահը, նախարարը, երեսփոխանը, դեսպանը, կուսակցութիւնները չէ միայն: Հայաստանը ամէն բանէ առաջ ու վեր այն է, որ մեր մտքին ու հոգիին մէջ ունինք Հայաստանին համար: Հայաստանը մեր միտքն է ու մեր հոգին:

* * *

Հայաստանի կամ արտերկրի հիւրընկալ թէ անհիւրընկալ երկիրներուն մէջ ապրող հայերը լաւ կամ գէշ կը զգա՞ն, երբ կը մոռնան հայրենիքը, լեզուն, բռնագրաւուած Հայաստանը, Ցեղասպանութիւնը, պահանջատիրութիւնը:

Իւրաքանչիւր հայ իր հոգիին մէջ պէտք է կրէ իր ազգին պատմութիւնը, որուն հետ պիտի ապրի մինչեւ իր կեանքին վերջը: Եթէ այսօր Հայաստանէն ներս, թէ Հայաստանէն դուրս ապրող ոեւէ հայու հարց տանք, թէ ո՞վ պիտի ուզէր, որ կառավարէ հայրենիքը, ո՞վ պիտի ուզէր, որ իր զգացումներուն ու երազներուն իրական արտայայտիչը ըլլալ, հաւանաբար ոմանք թիւրիմացութեան մատնուէին, այնքան ալ դիւրութեամբ չկարենային պատասխանել: Հայ ժողովուրդը եօթը տասնամեակ ապրեցաւ խորհրդային տարիներ:

Անոնք դուրս եկան խորհրդային «ապահովութենէն» եւ ինկան անկախութեան «անապահովութեան» մէջ: Խորհրդայինին մոտելը կեղծ էր. անկախութեան մոտելը իրական չէր. հինը, տեսակ մը, եւ որոշ պարագաներու եւ ժամանակի մէջ գաղափարական չէր. նորը անկախութեան հարցերը տարօրինակ սահմանագիծերու մէջ շրջափակած է: Անոր պաշտպանական պատմուճանը երաշխիք չունի. առաջ երաշխիքը ազատ էր. նորը անկախ չէ: Ազատութիւն-անկախութիւն իրարու խառնուած են: Սերունդները հինի մէջ մեծցան` նորին հետ ապրելու համար: Հին սերունդը իր կեանքը լեցնելու գաղափարներ կը փնտռէր, անոնցմով կ՛ապրէր. նոր սերունդը իր կեանքը լեցնելու նոր բաներ կը փնտռէ, բայց դժգոհ է իր կեանքէն, իր վիճակէն, իր հայրենիքի վիճակէն: Վտանգաւոր անորոշութիւն մը պատած է չորս դին: Անցեալին խորհրդային կարգերը մասամբ եւ որոշ հարցեր կը դասաւորէին. նորերը մասամբ չեն դասաւորեր: Հինը սխալ էր. նորը սխալուած. սխալուածն ալ` շփոթած: Իրապէս, ո՞րն է հին, ո՞րն է նոր հայրենիքներու տարազը:

Անոնք, որոնք համոզեցին, թէ հինը անցեալի վրայ պէտք է հիմնուի, բացարձակօրէն իրականութիւնը չըսին: Նորին ալ իրականութիւնը չըսին. աւելին չբացատրուող յանցաւորութեան զգացում մը մշակեցին մարդոց մէջ: Այդ տատանող զգացումը ոմանց մօտ վերածուեցաւ բարկութեան, ոմանց մօտ ափսոսանքի, ոմանց մօտ ալ ազգայնօրէն սպառնացող անտարբերութեան:

Ինչպէ՞ս կրնանք պայքարիլ ազգային անտարբերութեան դէմ: Գիտեմ, որ բժիշկները միշտ ալ ազդու դեղահատեր չեն թելադրեր, բայց հայութիւնը ղեկավարողներն ալ ազդու դեղահատեր կը խոստանան: Կը խոստանան միայն, անկէ աւելին կը դժուարանան խոստանալու:

Այսօր Հայաստանէն դուրս ապրողներէն մաս մը ամօթ կը զգայ հայրենիքը լքած ու հեռացած ըլլալուն համար: Չի գիտեր, թէ վաղը ի՞նչ կը վերապահէ իրեն: Անոնց համար անկախացած հայրենիքին երազը շուտ եկաւ, աւելի շուտ ալ կորսուեցաւ` առանց հասուննալու ժամանակ գտնելու: Կ՛երեւի` անբախտ եղան: Թերեւս անբախտ ըլլան ասկէ ետք ալ: Գուցէ անանուն անէծք մը կը հալածէ զիրենք: Անիրաւուած ազգերու անէծքը կրնայ ըլլալ` դարերու մէջ, դարերու խորքէն եկող, դարերու հեռաւորութեան վրայ տարածուող:

* * *

Հայաստանի նոր սերունդը իր ազգային հեռանկարները կը կապէ հայրենիքին, թէ՞ արտասահմանին: Արդեօ՞ք նոր Հայաստանը կորսնցուցած է իր ազգային թիրախները:

Արդեօ՞ք նոր Հայաստանը կորսնցուցած է իր բանակցելու կարողութիւնը: Ուրիշներ, թերեւս, իմ գործածած բառերուս ու իմաստներուս փոխարէն, օգտագործէին հաւասարակշռութիւն, ողջմտութիւն, ճկունութիւն բառերը: Ի՛նչ ալ ըլլայ, բոլոր պարագաներու ալ շատ մեծ բան մը կորսուած է եւ կը շարունակէ կորսուիլ օր ցերեկով, մեր աչքին առջեւ, ձեր աչքին առջեւ…

Հայուն համար անառարկելի անկախութեան հանդէպ առարկելի իրաւունքի հարց կը դրուի:

Հայուն համար անկախութեան հանդէպ բիւրեղացած միտք, զգացում, հեռանկար կա՞յ, որպէսզի հայու անկախութեան ըմբռնումը հասարակ յայտարարի մը կարենայ վերածուիլ:

Երբ այսօր կ՛ըսենք, թէ հայուն համար իր արմատներու հեռանկարային վերադարձի հարց տայ դէպի մայր երկիր, այս մէկը կապ ունի՞ հայու այսօրուան, թէկուզ վաղուան հաւանական ապրումներուն հետ: Ապրումներն ալ հաւանական դարձան, ինչպէս` երազները, ինչպէս` տեսլականները:

Գիտեմ մարդիկ, փաստացիօրէն ճանչցած եմ քաղաքագէտներ, դիւանագէտներ, կուսակցապետ ղեկավարներ, որոնք երբ կ՛ըսեն, թէ անսահմանօրէն կը սիրեն իրենց հայրենիքը, այդ սէրը իրենց անձի սէրէն անդին չէր անցներ. այսօր ալ չ՛անցնիր:

Իրենք այդ սիրոյ սահմանը գիտէին սակայն, գիտեն այսօր ալ. մենք, թերեւս, չսորվեցանք երբեք:

Հայրենասէրներ ալ կան, որ կը սպասեն հեռատեսիլին առջեւ մեռնելու կամ ողջննալու:

Բոլոր ժամանակներու մէջ հայրենիքը մարդս չարչրկող որոնում մը պիտի ըլլայ: Ո՞ւր կը սկսի, ո՞ւր կը վերջանայ հայրենասիրութիւնը: Ո՞վ պատասխանատուօրէն կրնայ պատասխանել, կամ` առնուազն լռել:

Նոր սերունդը կ՛ըսէ. մի՛ դատապարտէք մեզ բաներու համար, որոնց համար մենք յանցաւոր չենք: Չհասանք յանցանքի բաժին վերցնելու: Յանցանքը մերը չէ, ձեզմէ կու գայ:

Կը լսե՞նք…

* * *

1918-ին մեր հերոսները զինուոր էին. հովիւներ չէին: Գիտնականներ ու մտաւորականներ շատ կային անոնց մէջ, որոնք պարզ զինուորներ եղան: Անոնց համար մասնագիտական գիտութիւնն ու բարձր ասպարէզը կարեւոր չեն. անոնք հայրենիքը կը տեսնէին միեւնոյն հայեացքով: Հիմա մեր հայրենիքը դէպի ո՞ւր կը նայի. կրնա՞նք մօտաւորապէս բնորոշել: Ուրիշ ազգեր ալ բանակ ունէին, որ ընդհանրապէս հովիւներէ կը բաղկանար, բայց անոնք ալ հայրենիք ու անկախութիւն կը սիրէին: Անոնք ալ ներհայեացքներ ունէին եւ իրենց հայրենիքը կրցան կարդալ, կրցան մարմնաւորել քարտէսի վրայ: Սահմաններով հայրենիք գծեցին: Հիմա իրենց հայրենիքները գունաւոր քարտէսներու վրայ տպագրուած են:

2012-ին բացարձակ ազատութիւն ու անկախութիւն չկայ: Երկուքն ալ անելի մէջ են. ընդելուզուած են համաշխարհայնացման կառափնատին մէջ. տնօրինողներէն եւ տնօրինուողներէն: Երկուքն ալ` հաւասարապէս, միեւնոյն պատասխանատուութեամբ եւ միեւնոյն անպատասխանատուութեամբ:

Իշխանութիւնները պէտք է պահպանեն իրենց անկախութիւնը, որպէսզի ժողովուրդներն ալ անկախ զգան` ե՛ւ իրենց իշխանութիւններուն, ե՛ւ իշխանութիւնները ժողովուրդներուն հանդէպ:

Նեղ օրերուն ժողովուրդները իրենց ազգային ամրոցները կը փնտռեն: Եթէ առաջուան պէս մնացին…

 

Աթէնք

Share this Article
CATEGORIES