Լուսադէմ Ա.- Հաւատամքի Սայլապանը (Արամ Մանուկեանին)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Յաճախանքը չէ որ մեզ կ՛առաջնորդէ մայիսեան խորհուրդին անմիջապէս ագուցելու եզակի անհատի մը անունը, որուն կամքին ու հայրենասէրի արժանիքին առջեւ ծնրադրեցին բարբարոս հորդաներն անգամ:
Այդ օրերուն, որակումներն ու վերադիրները ա՛լ պարպուած էին իրենց իմաստէն, ազգային կողմնորոշիչ յատկութիւններն անգամ տատանումի էին ենթարկուած, յարձակողապաշտ եւ խուժան թշնամին` հայաջինջ ծրագիրներ որոճացող թրքութիւնը, հակառակ իր քայքայուած վիճակին, վերջին փորձը կ՛ուզէր կատարել հայութեան տալու լախտի վերջին հարուածը:
Անցնինք:
Հայոց պատմագրութիւնը մայիսեան մաքառումներուն ամբողջ էութիւնը պարփակեց քանի մը բառերու մէջ` արձանագրելով, որ, տիտան ազգի մը հրաշագործ զաւակները ապաւինելէ ետք իրենց սեփական ուժին, ժողովուրդի անմնացորդ նուիրաբերումին եւ համակ արիութեան, կրցան ապահովել յաղթանակներու էն սրբազանը` հայրենիքի գոյութեան պահպանումն ու ապրելու իրաւունքը:
Եւ, մայիսեան սխրանքներու այգեբացին` ժողովուրդ մը ամբողջ նուիրականացուց ազգային արժէքներու եռեակ խորհրդանիշները` Եռագոյնը, քայլերգն ու արժանապատիւ կեանք մը վարելու բարձրաթռիչ գիտակցութիւնը:
Իրօք, 1918, 25-28 մայիսին, հայրենի հողը ահաւոր ու անհաւասար պատերազմի դաշտ էր դարձած Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ճակատամարտերով, որոնց ընթացքին հայոց սպարապետները երկնեցի ցեղային ունակութիւններու եւ հանճարի ամէնէն վսեմ արտայայտութիւնը` թուրքին յաղթելու վճռակամութիւնը, եւ դարձան իրենց պաշտելի ժողովուրդին յաւերժահունչ ներշնչարանները:
Այդուհանդերձ, մտածեցի՞նք բնաւ, եւ ամբողջականօրէն, թէ համաժողովրդային այդ պատերազմին շունչ ու ոգի, կամք ու եռանդ հայթայթողն ու մատակարարողն էր ֆետայութենէ դէպի պետական մակարդակի պատասխանատուութիւն ստանձնած ազատամարտիկ մը` Մանուկեան Արամ անուանակոչեալ:
Փաստօրէն, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտումէն ի վեր, եւ հակառակ 70 տարիներու խորհրդային միահեծան, խենեշ եւ ապազգային վարչակարգին գործած աւերներուն, հասնելով մինչեւ Արցախեան գոյամարտի վեհափառ յաղթանակներ, ու ապա Հայաստանի վերանկախացման ու պետականութեան հաստատման գործընթացներ, ցարդ տխուր եւ յամեցող երեւոյթ մըն է, Արամի նման համազգային պատմակշիռ արժէք ունեցող պետական գործիչի նկատմամբ ցոյց տրուած վերաբերումը, այլ խօսքով` պետական մակարդակի խաղքութիւնը:
Յստակացնենք:
Վերոնշեալ անարդար եւ ամօթալի կեցուածքի դիմաց ամբողջ տասնամեակներ, Արամի գաղափարական հնոցին եւ անոր կազմաւորումին էութիւնը հանդիսացող ՀՅ Դաշնակցութիւնը, եթէ մէկ կողմէ պահեց ու պահպանեց ազգային արժէքներն ու խորհրդանիշները, միւս կողմէ` ակներեւ ճիգով ու կեցուածքով մը պաշտպանեց արամներու նման պայծառ մտածողութիւններու տէր դաշնակցական ֆետայիներու աւանդներն ու հայրենապաշտ հոգեկերտուածքը:
Այսօր, Երեւանի գերեզմանատան անշուք մէկ անկիւնը կը ննջէ հայոց արդի ժամանակներու ամէնէն վեհափառ կերպարը, ազգասիրութեամբ եւ հայրենապաշտութեամբ յագեցած առասպելատիպ հայդուկը, Արցախի խրոխտ լեռներու զաւակ ֆետային, Կարսի հնոցին մէջ իր առաջին մկրտութիւնը առած երիտասարդ, բայց խոհուն ազատամարտիկը, Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ոգին ու կազմակերպիչը, բայց մանաւանդ` Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտիչն ու դափնեկիրը: Ան բոլոր ժամանակներու հայոց վիթխարի ուժին, առհաւական յատկութիւններուն հաւատացող ու ազգային հաւատամքին առաւել պայծառութեան լծուած մէկ փառաւոր սայլապանն է:
Եթէ երբեք, նման հերոսութիւններու առջեւ կը խոնարհինք եւ հպարտօրէն կ՛արտայայտենք մեր հոգեզմայլ մտածումներն ու ապրումները, պարզապէս շեշտելու եւ բարձրագոռ հնչեցնելու այն իրողութիւնը, թէ Արամ Մանուկեանի նման հրաշափառ անհատականութիւններ անցեալին պատկանող յիշատակներ չեն կրնար ըլլալ, տարուան ընթացքին անոր շիրիմին գողտրիկ այցելութիւններ տալով` հաւաքական մեր մեղքերուն թողութիւն տուած չենք ըլլար, աւելի՛ն, շարունակելով անոր նկատմամբ ըստ պատշաճի վերաբերումն ու մօտեցումը, պարզապէս զգետնած կ՛ըլլանք ցեղային յատկութիւններով հայաբորբ մեծութեան մը կենդանի յիշատակն ու անպարագծելի նուիրուածութիւնը:
Իսկ թէ ինչո՛ւ նման մակարդակի հասկացողութիւններ տակաւին յամեցող են հայ քաղաքական մտքի ու պետական մտածողութեան քուրային մէջ, որովհետեւ ցարդ չենք թօթափած մեծամտութեամբ եւ յանձնապաստան հոգեվիճակներու բարդութաւոր կենսաձեւերէ:
Երբ կը շեշտենք, եւ արդարօրէն, թէ Արամ Մանուկեանի նման պետական գործիչի իւրայատկութիւնը խորհրդանշող կոթողի մը բարձրացումը Երեւանի հրապարակներէն մէկուն վրայ միայն պատիւ կը բերէ ամբողջ հայութեան, եւ առաւել կ՛ընդգծէ ազգապահպանման ամէն գործընթաց, նաեւ ըսած կ՛ըլլանք ի լուր աշխարհին, թէ հայ ժողովուրդը մեռելապաշտ չէ միայն, ոգեկոչելով հանդերձ բոլորին յիշատակը, այլ իր գոյութենական պայքարին մէջ իրենց վճռական եւ անգնահատելի ներդրումը բերած ազատասէրներու եւ հայրենապաշտներու ջերմութեամբ ապրող ազգ է` ունենալով ազգային կառուցուածք եւ ժողովրդային հոգեկերտուածք:
Փաստօրէն, Մայիսեան օրերու օրհասի ժամանակ, Արամ Մանուկեան երբ անսաց իր նախնեաց կանչին ու նետուեցաւ կռուի դաշտ, ապաւինեցաւ ցեղի անխարդախ եւ ուժական արտայայտութեան եւ չսպասեց օտարի յարալէզներու օգնութեան կամ քաղաքական աճպարարութիւններու անմիջական օժանդակութեան:
Յայտնապէս, թէեւ անշուք իր շիրիմի մէջ, բայց լուսաւոր իր էութեամբ Արամ Մանուկեան յաջողեցաւ իր կարգին զգետնել թրքավարի, վախկոտ եւ տխեղծ ամէն հոգեվիճակ. իր ժողովուրդին հետ ըլլալու կորովով ան ցոյց տուաւ յաղթանակի ճանապարհը, արժանապատուութեամբ ապրելու շնորհքն ու հայօրէն ստեղծագործելու հրայրքը:
Հերոսական կերպարի ու ծառայասէրի իր կոչումին գիտակից` ան եղաւ այն առաջնորդը, որ փնտռեց համեստութեան եւ խոնարհութեան հորիզոնները, քաղաքացիական գիտակցութեամբ ողողեց իր շրջապատը, դարձաւ վիթխարի եւ օժտեալ կազմակերպիչը, թուրք թշնամին հարուածելու բացառիկ ունակութիւն ունեցող դաշնակցականը, ժողովրդանուէր ու հայրենապաշտ ազատորդին:
Ան եղաւ իր ազգին մարտնչումներուն փայլքը, գաղափարական հասունացումի բարձրաբերձ գագաթը, Ռոստոմներու շունչին ու ոգիի մէկ հարազատ արտայայտիչը, եզակի քաղաքագէտը, տեսլահար մտածողը, ժողովուրդին յուզաշխարհն ու կամքը աշտարակողը, սխրանքներու պաշտպանն ու դարաւոր տենչերու իրագործումին իր համեստ, բայց ապառաժեայ ներդրումը բերած հաւատաւորը:
Կը հաւատանք, որ իրերայաջորդ սերունդներ պիտի շարունակեն այցելել Արամի շիրիմը, խոնարհիլ ու համբուրել անոր կենդանութեամբ լուսաշող շիրմաքարը, հպարտութեամբ պիտի լեցուին եւ ուժեղանան, ըլլա՛ն անոր հզօր կամքին ազդեցութեան տակ եւ ներշնչուին անոր պայծառ մտածողութեան առթած ճառագայթներէն:
Բարեբախտաբար, տակաւին համայն մարդկութիւնը կը հաւատայ առաջնորդ-ղեկավարի ունակութիւններու շնորհքին, թէեւ այդ հանգամանքին ագուցած է հաստատութենական մտածողութեան կարեւորութիւնն ու հրամայական պահանջը:
Յայտնապէս, պարտաւոր ենք, մեր կարգին, նման իրողութիւններու դէմ յանդիման վաստկիլ Արամ Մանուկեանի ղեկավար-սայլապանի անգնահատելի արժանիքը, որով կրցաւ իր ազգին շնորհել կտոր մը հայրենիք, որ թէեւ կը շնչէ ազատօրէն գերեվարեալ Արարատի շուքին, այդուհանդերձ, կ՛ապրի բռնագրաւեալ Արեւմտահայաստանի տիրութիւն ընելու երազանքով:
Այդ երազանքին լծուած սայլապանին շիրիմը թէեւ անշուք, սակայն օԺտուած է աստուածութիւններու հրաշափառ ոգեղինութեամբ, որոնցմէ զուրկ են նման մեծութիւններ ժխտող եւ ուրացող ժամանակակիցներ:

