ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Անունով Կարպիս Գապասագալեանի Արտասանած Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին
28 մայիս 1918` օր արդարութեան ու յաղթանակի:
28 մայիս` օր միասնութեան ու ցնծութեան:
Պատմութեան ճակատագրական հանգրուաններէն մէկուն, առաքելատիպ առաջնորդներու իմաստուն հոգեկերտուածքին ու խիզախ յանդգնութեան շնորհիւ` այսօր համայն հայութիւնը ճակատաբաց ու խրոխտ կը կանգնի իր Եռագոյն դրօշով, որպէս մէկ եւ անբաժանելի ժողովուրդ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:
Բնականաբար, հպարտութիւն եւ ակնածանք առթող ու մանաւանդ երախտագիտութեամբ ու վճռակամութեամբ հոգեզինուելու պերճախօս առիթ մը կը հանդիսանայ այս պատմակերտ օրը, որ պարզ թուական մը չէ, այլ մեր ոգեշունչ ու յաղթակերտ մաքառումներուն եւ մեր հաւաքական ներուժին ու անժամանցելի արժէքներուն սլացքը հունաւորող ազգային գիտակցութեան կենարար էատարրերը անգամ մը եւս լոյսին բերող կտակ ու պատգամ է միաժամանակ:
Այնուամենայնիւ, տօնախմբութեան յիշատակումները առիթ են նաեւ ինքնարժեւորման եւ ինքնաբիւրեղացման. համաշունչ արժանիքները առաւել խարսխելու, անոնցմով ուռճանալու եւ հզօրանալու, ինչպէս նաեւ` գոյութենական գիտակցութեամբ առաջնորդուելու, յանձնառութեամբ տոգորուելու եւ համազգային տենչերու ոլորտները խորապէս ըմբռնելու, ծառացած խոչընդոտներն ու մարտահրաւէրները գիտակցութեամբ տարբաղադրելու եւ յաղթահարելու հրամայական պահանջը: Վերոյիշեալ նախադրեալներուն մէջ կը կայանայ մեր սրբազան գոյերթին երաշխիքը:
Տասնամեակներ շարունակ իրերու դրութեան դաժան դասաւորումներուն, աշխարհաքաղաքական տարբեր պայմաններու եւ ստեղծուած անբարենպաստ կացութիւններու դէմ ՀՄԸՄ-ը կրցած է հաստատակամ թիավարել հոսանքն ի վեր, հաւատարիմ իր հիմնադիրներուն ապագայակերտ ու մարդակերտ տեսլականին` շարունակած է իր պատմական երթն ու առաքելութիւնը եւ իւրայատուկ գրաւչութեամբ ու տիրական ներկայութեամբ առինքնած է իր շրջապատը աշխարհի չորս ծագերուն եւ ցուցաբերած նաեւ տոկուն վարքագիծ:
Հարկ է ստորագծել, որ, իրօք, ՀՄԸՄ` որպէս պայծառ միջավայր ու մթնոլորտ, իբրեւ ուրոյն մտածողութիւն եւ ինքնութիւն, փաստօրէն յաջողած է կողմնորոշել իրերայաջորդ սերունդներու ներգործուն եւ խանդավառ նախաձեռնութիւնները, հանդիսանալ անոնց մղիչ ուժը` յանուն հայրենիքի բարգաւաճման եւ ազգային պահանջատիրական երթի ամրապնդման:
Միւս կողմէն, սակայն, մարտահրաւէրներուն մարտահրաւէրը` համաշխարհայնացման ներկայացուցած առօրեայ փոփոխութիւններն են, որոնք կը ներկայանան քողարկուած զանազան ձեւերու տակ` ձուլումի նոր կերպեր, մեր հաւաքական կեանքը փոթորկող ընկերային ու տնտեսական ահաւոր տագնապներով եւ շրջանային զինուորաքաղաքական անորոշ իրավիճակով:
Արդարեւ, ՀՄԸՄ-ը, իր բնական գործընթացին մէջ, պայքարելու համար համաշխարհայնացման վտանգներուն դէմ, լիարժէք հասկացողութեամբ առաջնորդուելու «հարկադրանք»-էն թելադրուած` հեռանկարային առաջադրանքներով ճամբայ ելած է ռազմավարական վերանորոգ ծրագիրներով ու պարտաւորութիւններով, որոնք, փաստօրէն, իր գործունէութեան կիզակէտը կը հանդիսանան` հեռու պատեհապաշտութենէ եւ մակերեսային ժամանակաւոր մօտեցումներէ` ստեղծելով անպարագիծ հորիզոններ եւ ջամբելով խորքային ըմբռնումներու հիմքերով մնայուն լուծումներ` ջրդեղելու միութենական եռանդը եւ ամրագրելու տիպար հաւաքականութիւն մը:
Սիրելինե՛ր,
Վերջին ամիսներու ընթացքին յուսադրիչ ակնկալութիւններով հետեւեցանք Հայոց ցեղասպանութիւնը քրէականացնող բանաձեւի տնօրինումին վաւերացման հոլովոյթին, որ դժբախտաբար մնաց անստորագիր, սակայն այսօր ա՛յս անկորնչելի վայրէն` Պուրճ Համուտէն, սփիւռքի հայութեան հայատրոփ բազկերակէն, անգամ մը եւս հաւաքաբար կը գոչենք`
– ստորագիր թէ անստորագիր օրէնք` իրականութիւնը չի կրնար քողարկուած մնալ եւ մարդկութեան արդարութեան խիղճը չի կրնար երկար ժամանակ լռել եւ դիտողի արհեստական նայուածքներով հետեւիլ:
– Այնքան ատեն որ թշնամին պիտի ուրանայ իր մեծ հայրերուն գործած քստմնելի ոճիրը, մենք նոյն ժողովուրդն ենք, անցեալին թէ այսօր, երբեք ու երբեք պիտի չզիջինք ու տկարանանք, ընդհակառակն` ժամանակները մեզ աւելի պիտի զօրացնեն, եւ մենք` իբրեւ դատ ու տեսլական ունեցող ժողովուրդ, անվհատ ու անսպառ կամքով պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրութիւնը մինչեւ մեր իրաւունքներու վերատիրանալը: Ահա թէ ինչո՛ւ օսմանեան թուրքերու ժառանգորդներուն կը յիշեցնենք, որ Աբէլի աչքը միշտ պիտի մնայ իրենց նայուածքներուն ետին` նորածինին թէ տարեցին, երիտասարդին թէ չափահասին, այնքան ատեն որ թշնամիին թոռները կը մնան խուլ եւ կ՛ուրանան իրենց գործած մեծ ոճիրը եւ կը մերժեն արդար հատուցում կատարել:
Սիրելինե՛ր,
Այսօր համախմբուած ենք նաեւ միասնաբար յիշատակելու արցախեան ազատագրական պայքարին լուսաշող 20-ամեակը:
Ամեակներու յիշատակութիւնը մեզի համար ազգային ինքնուրոյն գիտակցութեան մկրտութեան օր է:
– Այո՛, մկրտութեան օր`
– Մեր նահատակներու սրբալոյս արեամբ,
– Մեր ազատամարտիկներու անբասիր արեամբ,
– Մեր մեսրոպաշունչ տառերով, գրականութեամբ ուսանելի պատմութեամբ ու հոգեշունչ մշակոյթով:
Հետեւաբար այսօր մեզմէ կ՛ակնկալուի ճանաչողական ու առողջ զգացողութեան յաւելեալ ներդրում եւ պատրաստակամութիւն, որակի ըմբռնումի եւ հայեցի դիմագիծի շեշտուած յանձնառութիւն:
Արդարեւ, գաղափարապաշտութիւնն ու անձնազոհողութիւնը` որպէս ուղենիշներ, պիտի շնչեն իրերայաջորդ սերունդներու մէջ` կենսունակ ու մղիչ ուժը դառնալով ազատագրական պայքարին, ինչպէս նաեւ` ազգային կեանքի եւ հայեցի նկարագիրի բարոյական անխաթարութեան ի խնդիր:
– Պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք գաղափարական մկրտութիւն ստացան:
– Պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք կրցան անմար պահել ազատագրական մեր պայքարը:
– Պատի՛ւ բոլոր անոնց, որոնք յարութիւն տուին մեր նորանկախ հայրենիքին ու Արցախին:
Ահաւասիկ այս թելադրականներով ու առաջադրանքներով գարնանային օր մը` նման մայիս 28-ի ոգեղէն շունչին, անգամ մը եւս «Յառաջ նահատակ»-ը հպարտաձայն ու խրոխտ պիտի հնչեցնենք Արարատի սէգ գագաթէն:
Եւ հաստատաքայլ ու յաղթական երթը պիտի շարունակուի ամէն օր եւ ամէն ժամ, Արարատի ծագերէն մինչեւ հայկական հեռաւորագոյն գաղթօճախները սփիւռքի, մինչեւ իրականացումը մեր մեծ երազին` Ազատ, Անկախ եւ Ամբողջական Հայաստանի կերտումին:
Քայլ առա՜ջ, օ՛ն:
27 մայիս 2012

