Հպարտութեան, Հաւատքի Եւ Յոյսի Տօնը (ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Վիգէն Աւագեանի Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին)

Ազգային տօները ազգը կը յատկանշեն, ազգը կը ներկայացնեն թէ՛ ինքզինքին եւ թէ՛ աշխարհին:

Այդպէս է մայիս 28-ի ազգային տօնը մեր ժողովուրդին համար:

Մայիս 28-ը հայ ժողովուրդին դիմագիծը բնորոշող թուականն է. հայուն հպարտութեան տօնն է: Հպարտ ըլլալ սեփական ժողովուրդի նկարագրով, պատմութեան վճռական պահերուն ցուցաբերած կեցուածքով` չի նշանակեր գերակայութեան զգացում ունենալ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ: Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներն ալ իրաւունք ունին հպարտանալու իրենց ազգային յատկութիւններով եւ  իրենց պատմութեան  լուսաւոր թուականներով:

Հպարտ ըլլալ 1918 մայիս 28-ի անկախութեան թուականով` կը նշանակէ պարզապէս ինքզինք յարգել, ինչպէս վայել է ու անհրաժեշտ` աշխարհի գիտակից բոլոր ժողովուրդներուն համար:

600 տարուան զրկանքէ եւ անարգանքէ ետք, մեր ժողովուրդը ինքնահաստատումի, ինքնակերտումի եւ վերապրումի իր կամքով մայիս 28-ին աշխարհին ներկայացաւ իբրեւ ինքնուրոյն պետականութիւն:

«Անձեւ քաոս»-է ծնած Հայաստանի Հանրապետութիւնը շրջադարձ մը արձանագրեց մեր ժողովուրդին հոգեբանութեան եւ քաղաքական գիտակցութեան մէջ: Դարերու օտար լուծը այլափոխած էր հայ մարդը, զայն պարպած էր իր մարդկային էութենէն եւ վերածած էր անջիղ, անկամ ու անդիմագիծ էակի: Մայիս 28-ը կերտեց գաղափարապաշտ, յանձնառու եւ իր իրաւունքներուն տէր կանգնող նոր մարդը, հա՛յ մարդը, որ այսուհետեւ դարձաւ հայկական պետականութեան քաղաքացի:

Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ծնաւ հայկական բանակը: Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսամարտերուն հայութիւնը առաջին անգամ ըլլալով թշնամիին դէմ հանեց ո՛չ թէ ֆետայական խումբեր կամ ինքնապաշտպանութեան ջոկատներ, այլ` կանոնաւոր բանակ, Դանիէլ Բէկ Փիրումեանի, Դրոյի հրամանատարութեամբ եւ զօրավար Մովսէս Սիլիկեանի ընդհանուր ղեկավարութեամբ:

Մայիս 28-էն առաջ հայութիւնը կը հաշուէր առանձին հատուածներ, հայեր, բայց ո՛չ հայութիւն: Մայիս 28-ը կերտեց հայութիւնը` իբրեւ ազգային մէկ միաւոր, մէկ ուժ, մէկ կամք, որուն քաջարի զաւակները յանդգնութիւնը ունեցան սրբագրելու «աւազակապետներու կողմէ գծուած սահմանները»:

1918-էն առաջ կային Երեւանը, Կարսն ու Ալեքսանդրապոլը, սակայն չկար Հայաստանը: Վերջին անգամ 1045-ին երեւցած էր ան ազգերու քաղաքական քարտէսին մէջ: Մայիս 28-ը պատմութեան փոշիներէն հանեց եւ իբրեւ յաւերժական հայութեան յաւերժական հայրենիք` զայն կոթողեց իր ներկայ սահմաններով, իբրեւ պատուար ցցելով համաթուրանականութեան ծրագիրին իրականացման դէմ:

Ու եթէ այսօրուան Հայաստանին խնայուած է դրացի հանրապետութիւններուն նման` ներքին հակամարտութիւններով մաշումն ու ջլատումը, ապա այդ եւս բարենիշ մըն է 1918-ի ազգային ղեկավարութեան, որ գիտցաւ թրքական պալարը ինչպէ՛ս հեռացնել Երեւանէն, Արագածի փէշերէն ու Սիւնեաց աշխարհէն:

Հաւատքի եւ յոյսի տօնն է մայիս 28-ը:

Հաւատք, որ անկարելի կարծուածը կարելի կը դառնայ, երբ մեր ժողովուրդը միակամ ու անսասան` կը վճռէ գերագոյն զոհաբերութիւններու գնով հետապնդել իր ազատ ու անկախ գոյութեան իրաւունքին ձեռքբերումը:

Հաւատք, որ արիւնաքամ ու խորտակուած ժողովուրդն անգամ իրաւունք ունի ոտքի կանգնելու եւ թշնամիին դիմաց ճակատաբաց քալելու:

Հաւատք, որ սրբազան դատերը արիւնով կը մկրտուին: Առանց կռուի` չկայ իրաւունք: Առանց զոհաբերութեան` չկայ հայրենիք:

Հաւատք, որ մեզի կու տայ սեփական ուժերու ապաւինելու քաղաքական հասունութիւն, պատմական անարդարութիւնները սրբագրելու կամք, միջազգային քաղաքական ասպարէզին մէջ պայքարելու վճռակամութիւն եւ ազգային պետականութիւն ստեղծելու հրամայական: Պետականութիւնը անփոխարինելի արժէք է, որ մեզի կտակուած է մայիսեան սերունդին կողմէ, եւ մենք` իբրեւ սեպտեմբեր 21-ի սերունդ, պարտաւոր ենք զայն կատարելագործել եւ փոխանցել մեր յետնորդ սերունդներուն` ամուր, արդար եւ արդիական հիմերով:

Յոյսի տօնն է մայիս 28-ը, որովհետեւ գերեզմանատան վերածուելու կոչուած հայրենի հողերուն վրայ է, որ հայը իր վճռական ճակատամարտերով յարութիւն կ’առնէր եւ յարութիւն կու տար հայ պետականութեան` միացեալ Հայաստանի վառ տեսլականով: Արդարեւ, երբ կը յիշատակենք մայիս 28-ի 94-րդ տարեդարձը, չենք կրնար չյիշել միացեալ Հայաստանի 93-րդ տարեդարձը: 28 մայիս 1919-ին անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հաւատոյ հանգանակ կը հռչակէին միացեալ, ազատ ու անկախ Հայաստանը, երկրի մը մէջ, որ օրհասական պայքար կը մղէր յանուն կեանքի, յանուն ազատութեան, յանուն գոյատեւման եւ լուսաւոր ապագայի:

Լիբանանահայութիւնը հպարտութեամբ կը տօնակատարէ իր ազգային տօնը` 1918 մայիս 28-ը, որովհետեւ միմիայն անկախութեան տօն մը չէ ան: Ոչ ալ սովորական տօնախմբութիւն է: Այլ գերագոյն արժէքի մը խորհրդանիշն է: Արժէք մը, իտէալ մը, որուն հասնելու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն պետական, այլեւ` ժողովրդային մակարդակի ուժերու ամբողջական լարում:

Այդ իտէալը ներկայիս կը հանդիսանայ այն ներքին տրամաբանութիւնը, որուն վրայ խարսխուած է մեր ժողովուրդին ազգային-պահանջատիրական երթը: Այդ ներքին տրամաբանութեան վրայ հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման մարտահրաւէրը, Արցախի հակամարտութեան արդար լուծումը: Նոյն տրամաբանութեան վրայ հիմնուած է Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցը եւ բռնագրաւեալ մեր բոլոր հողերուն ազատագրումը:

Տարբեր տրամաբանութեան վրայ հիմնուած չեն սփիւռքի գոյատեւման համար թափուած անդուլ ճիգերը, որոնք մեր ժողովուրդին կու տան քաղաքական տեսլական եւ անկախութեան նպատակ:

Եթէ չըլլար մայիսեան խոյանքը, չէր գոյատեւեր սփիւռքը` իր պայքարով, իր մաքառումներով, հայրենիքի կողքին կանգնելու աննկուն կամքով, ազգային ոգիով եւ եռագոյնով, որ տարիներ շարունակ ազատութեան ուղենիշ հանդիսացաւ սերունդներու համար, մինչեւ որ վերստին ծածանեցաւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Սարդարապատի ոգին էր, որ տասնամեակներու լռութենէ ետք, 1988-ին, պոռթկաց Արցախի մէջ եւ արամ մանուկեաններու «Երեւանը չե՛նք դատարկի» կոչը իր արձագանգը գտաւ աշոտ-բեկորներու, վիգէն զաքարեաններու ու գաղափարակից ազատամարտիկներու մօտ, որոնք «Ստեփանակերտը չե՛նք դատարկի» երդուելով` կերտեցին մեր ժողովուրդին մայիսեան նորագոյն յաղթանակը` եռագոյնը ծածանելով Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ գմբէթին:

Պայքարով, արեամբ եւ հերոսական խենթութեամբ ազատագրուած Շուշին վերահաստատեց անհերքելի այն ճշմարտութիւնը, թէ` սեփական արժանապատուութիւն եւ կռուելու կամք ունեցող ժողովուրդն է, որ միայն կրնայ իրաւունքներ եւ հատուցում ստանալ:

Շուշիի ազատագրումը եւ անոր յաջորդած դէպքերը ամբողջ աշխարհին ապացուցեցին, որ հայը իրաւո՛ւնք ունի գոյատեւելու եւ ապրելու:

Շուշին դարձաւ հիմնաքարը ապագայ մեր յաղթանակներուն, որոնք արձանագրուեցան Բերձորի, Քաշաթաղի, Քարվաճառի, Ֆիզուլիի, Ղուբաթլիի եւ Զանգելանի մէջ:

Շուշին երաշխաւորեց հայ ժողովուրդին մեծագոյն նուաճումը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու յառաջընթացը:

Այսպէս, մայիսեան յաղթանակները հանդիսացան հայութիւնը ինքնաճանաչման մղող գլխաւոր ուղին: Հայութիւնը միշտ պիտի յիշէ Սարդարապատն ու Շուշին կերտող հերոսները ու միշտ պիտի խոնարհի անոնց առջեւ, որպէսզի անոնցմէ առնէ իր կենսունակութեան աւիշը, ապրելու եւ գոյատեւելու կամքը, հաւատքը` իր ներկային ու ապագային նկատմամբ:

Յարգա՜նք հայ ժողովուրդի վճռակամութեան, աննկուն կամքին, ազատ ու անկախ ապրելու ձգտումին:

Փա՜ռք բոլոր անոնց, որոնք մայիսեան մեր յաղթանակները կերտեցին` զինուոր, սպայ, ծեր ու երիտասարդ, կին ու երեխայ, եկեղեցական ու աշխարհական զաւակները հայոց, որոնք մէկ մարդու պէս պատասխանեցին պայքարի, կեանքի ու մահուան կոչին ու մահը հեռացնելով` կեա՛նք բերին բազմաչարչար հայրենի հողին, անկախ պետականութեամբ իմաստաւորելով զայն:

Share this Article
CATEGORIES