ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Կողմէ Յակոբ Քէշիշեանի Արտասանած Խօսքը` Մայիսեան Փառատօնին

Մայիս 28-ի տօնն է դարձեալ:

Հայաստանի անկախութեան 94-րդ տարեդարձ, Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակ եւ Մայիսեան  փառատօն:

Այսօր հպարտօրէն պիտի տողանցեն ՀՄԸՄ-ի կամաւոր բանակին սկաուտներն ու մարզիկները, ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն մասնակցած հայկական վարժարաններու աշակերտ-աշակերտուհիները, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ  ըլլալով տողանցքին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նորաստեղծ մասնաճիւղ` ՀՄԸՄ Ռաուտայի մարզիկները, մասնաճիւղին դրօշին ներքեւ:

Սարսափի ու պատերազմի օրերուն ծնունդ  առած այս միութիւնը, 94 տարիներ շարունակ, ժամանակին հետ կապ պահեց եւ հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու գտնուող զանազան երկիրներու մէջ, հայրենազուրկ հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին սորվեցուց հայրենիքի սէրն ու հայ մնալուն գաղտնիքը:

ՀՄԸՄ երկար տարիներ գործեց հայրենիքէն դուրս` հայրենիքին համար, եւ եղաւ այն կրթարանը, որ սերունդներուն փոխանցեց հայավայել վճռակամութիւն, աննկուն կամք եւ աննահանջ  հաւատք` հանդէպ ազգասիրութեան:

Այսօր, իր ծառայութեան դաշտը ընդարձակած աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն` Լիբանանէն մինչեւ Աւստրալիա, Յունաստանէն մինչեւ Արժանթին եւ Քանատա, ՀՄԸՄ իր 103 մասնաճիւղերով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը:

2011-2012 կրթական տարեշրջանի վերամուտին հետ, ազդանշանը տրուեցաւ նաեւ ԼԵՎԱՄ-ի մրցաշարքերուն, եւ ամէն շաբաթավերջին զանազան մարզախաղերու մասնակցող 26  հայկական վարժարաններու աշակերտները առիթ ունեցան ազնիւ, մարզական եւ եղբայրական ոգիով մրցելու իրենց տարեկիցներուն  հետ:

Բիւր յարգա՛նք 94 տարիներ առաջ ՀՄԸՄ-ը  հիմնելու  գաղափարը  յղացած  հիմնադիրներուն:

Բիւր յարգա՛նք երկար տարիներ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին մէջ  ծառայած եւ անցած վաստակաշատ բոլոր ծանօթ ու անծանօթ բազմաթիւ խոնարհ հերոսներուն, որոնք անսակարկ զոհողութիւններ յանձն առին, որպէսզի ՀՄԸՄ-ը գոյատեւէ ու բարգաւաճի եւ հայ դպրոցի կողքին, իբրեւ երկրորդ կրթարան դաստիարակէ մատղաշ սերունդներ:

Փա՜ռք ՀՄԸՄ-ի պանծալի դրօշին:

Պատի՛ւ այդ դրօշը բարձր բռնած «կամաւոր բանակ»-ին, որ գիտէ մնալ «մի՛շտ պատրաստ»:

Փա՜ռք ՀՄԸՄ-ին, պատի՛ւ հայութեան:

Սիրելի՛ տղաք ու աղջիկներ, ձեր դերին եւ կոչումին հաւատարմութեամբ բարձրանաք, ու ձեզմով` հպարտ հայութիւնն ալ բարձրացնէք:

Ձեզմէ կը սպասուի բացառիկ զոհողութիւն, այո՛, որովհետեւ մեր կեանքին պայմանները բացառիկ են, եւ ամէն յաջողութիւն եւ իրագործում` բացառիկ ճիգերով միայն կ՛իրագործուի:

Մեր պատմութիւնը` մեզի ուղեցոյց:

Թող մեր կուրծքերուն տակ բաբախէ Շաւարշ Քրիսեաններու սիրտը:

Թող մեր երակներէն հոսի Գրիգոր Յակոբեաններու եւ Յովհաննէս Հինդլեաններու վճիտ արիւնը…

Փաստօրէն բոլորեցինք 94 տարին:

Ակնթարթ մը` ու կը կանգնինք դարու մը վաստակին դիմաց, կը ձեռնուինք 100-ամեակին հետ:

Մի՞նչ այդ:

Նո՛յնն ենք:

Անփոփոխ, աննկուն, աննահանջ, կայտառ, չարքաշ ու արի, հաւատարիմ ու պայծառ:

Մեր ճակտին ու կուրծքին` Արարարտ, Երեւան, Սարդարապատ, հայոց պատմութիւն, հայոց տառապանք, Շուշի եւ Արցախ, որով` յաղթական, ու մանաւա՛նդ` հաւատարիմ երթ:

Ողջ՜ոյն ՀՄԸՄ-ի 94-ամեայ կայտառ բանակին, անոր չարքաշ մարզիկին, սկաուտին արծուեբիբ նայուածքին, երդումին եւ դրօշին:

Ողջո՜յն միութեան, միութենականութեան:

Ողջո՜յն ՀՄԸՄ-ի փառաւոր անցեալին, ներկային ու մանաւանդ պայծա՛ռ, պայծա՛ռ եւ առնական վաղուան տեսիլքին:

«Բարձրացիր-բարձրացուր»-ին հաւատքով, կամքով ու նուիրումով, ՀՄԸՄ-ի երթը պիտի շարունակուի:

Կեցցէ՛ այս անզուգական միութիւնը ծնած հայութիւնը,

Կեցցէ ՀՄԸՄ-ը,

եւ յաւերժ ապրի մայրիներու երկիրը` Լիբանան հայրենիքը:

 

Share this Article
CATEGORIES