Անդրադարձ. Անկախութեան Գաղափարը Շօշափելի Իրականութիւն Դարձնելու Համար
ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Դժուար հակասութեան մը առջեւ կը կանգնի մարդ, երբ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ կը փորձէ մտքին մէջ շօշափելի դարձնել հայրենիքի ու ազգի անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարները: Առաքելութիւնը աւելի եւս դժուար կը դառնայ, երբ գործը ուղղակի մատղաշ սերունդին հետ ըլլայ: Պատանիներուն, աշակերտներուն, կանուխ տարիքի երիտասարդներուն ինչպէ՞ս բացատրել անկախութեան գաղափարը` առանց իյնալու վերացականութեան ծուղակին մէջ, մանաւանդ որ սփիւռքահայ կլանող պայմաններուն մէջ շատ յաճախ պատանիներ, աշակերտներ, երիտասարդներ կը գտնուին այնպիսի կացութիւններու մէջ, որոնք մօտէն կամ հեռուէն կապ չունին նոյնինքն Հայաստանի հետ, ո՛ւր մնաց անոր եւ հայութեան անկախութիւնն ու ազատութիւնը:
Երբ Հայաստան խորհրդայնացաւ, սփիւռքահայ գաղութները, իրենց աւանդական հասկացողութեամբ, նոր սկսած էին ձեւաւորուիլ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու յամառ ճիգերով: Հայոց հայրենիքի աշխարհագրական տարածքին մնացորդացին վրայ անկախութեան կորուստը պէտք էր խթան հանդիսանար, որ այդ գաղափարին ջահակիրը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, փորձէր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ բարձր պահել անկախութեան դրօշը: Եւ յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ, որովհետեւ 70 տարի կար շօշափելի իրականութիւն մը` ամբողջատիրական, միակուսակցական վարչակարգը, եւ կար նոյնքան շօշափելի այն երազը, որ գոյութիւն ունեցող ամբողջատիրական վարչակարգը յաւիտեան պիտի չմնայ, դատապարտուած է փլուզման: Այդպէս ալ եղաւ:
Խորհրդային ամբողջատիրական համակարգին փլուզումէն եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումէն ետք կը ստեղծուի հարցականներով լեցուն նոր հանգրուան մը` սփիւռքահայ մտածողութեան մէջ: 21 սեպտեմբեր 1991-ի պատմական իրադարձութենէն 20 տարի ետք մենք հասա՞ծ ենք անկախ ըլլալու իմաստով տասնեակ մը տարիներ փայփայած մեր երազներուն ամբողջական կենսագործման:
Բայց չէ՞ որ անկախութիւնը երկար-բարակ հոլովոյթ մըն է, մնայուն ճիգ կը պահանջէ զայն ամրապնդելու, անոր ձեռքբերումները ամուր հիմերու վրայ խարսխելու առումով: Հարցը վերջ չգտաւ 28 մայիս 1918-ին, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը հռչակուեցաւ Հայաստանի փոքր մէկ տարածքին վրայ, ոչ ալ վերջ գտաւ 21 սեպտեմբեր 1991-ին, երբ Հայաստան երկրորդ անգամ անկախացաւ: Ուրեմն ի՞նչ…
Առիթով մը, ընկերական խօսակցութեան մը ընթացքին, վերոյիշեալ հարցադրում-մտահոգութիւնը ինքզինք տիրական դարձուց զրուցակիցներուն մօտ: Այո՛, ինչպէ՞ս շօշափելի դարձնել անկախութեան գաղափարը մատղաշ սերունդներուն մօտ: Ի՞նչ կ՛ըսեն այսօր իրենց Սարդարապատը, Բաշ Ապարանը, Ղարաքիլիսան, ինչ կ՛ըսեն Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութիւնը կերտած գործիչները անոնց:
Եթէ Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութիւնը կերտած գործիչները մէկ պատգամ ունին այսօր մանաւանդ սփիւռքահայ նորահաս սերունդներուն, ան ալ հետեւեալն է: Անկախութեան եւ ազատութեան գաղափարները չեն կրնար լիարժէք դառնալ, եթէ պայքարը չշարունակուի հողահաւաքին համար եւ ազգը չմէկտեղուի ամբողջացած հայրենիքին մէջ:
Անկախութեան ընկալման այս հասկացողութենէն մեկնելով էր, որ առաջին անկախութիւնը կերտած գործիչները ձեռք բերին ամբողջական անկախ հայրենիքի մը իրաւական փաստաթուղթը, որ Սեւրի դաշնագիրն է: Անկախութեան ընկալման այս հասկացողութենէն մեկնելով է, որ անկախութեան վերականգնումէն շատ չանցած` հայոց բազուկի ուժը ինքզինք փաստեց Արցախի մէջ, ազատագրուեցան Շուշին, Բերդաձորն ու Քաշաթաղը:
Ինչո՞ւ հողահաւաք: Ինչո՞ւ համար այսքան մեծ զոհողութիւններու ստանձնում: Որպէսզի հայը իր երկրին մէջ մայրենի լեզուով ստանայ իր կրթութիւնը (այո՛, այս ալ շօշափելի դաս մըն է, որ պէտք է ստանանք Առաջին հանրապետութեան կերտիչներէն, ի հեճուկս այն քաղաքագէտներուն, որոնք ներկայիս Հայաստանի Բ. անկախ հանրապետութեան մէջ կը վերաբանան օտարալեզու դպրոցները): Որպէսզի հայ մարդը ազատօրէն իր հողը մշակէ, ազատօրէն արտադրէ, դառնայ իր երկրի ճակատագրի տէր ազատ քաղաքացին, մասնակցի երկրի զարգացման ու բարգաւաճման աշխատանքին (այլապէս պիտի շարունակուի հայկական գիւղի պարպումը հայրենի արտադրութեան անմխիթար վիճակը պիտի յամենայ, «բարգաւաճում» անուան ներքեւ մեծ սակաւապետները պիտի շարունակեն մարդոց աշխատանքը շահագործել եւ արտագաղթի ալիքը խելայեղօրէն պիտի շարունակէ ծաւալիլ: Իսկ մենք չենք կարծեր, որ անկախութիւնը իմաստ կը ստանայ, երբ ընկերային-տնտեսական պատճառներով հայ մարդը կը շարունակէ լքել իր հայրենիքը: Քաղաքական անկախութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ տնտեսական անկախութիւն): Որպէսզի հայ մարդը մասնակցի իր երկրի, իր հայրենիքի յաւելեալ ժողովրդավարացման եւ ընկերային արդարութեան հաստատումին (Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային անարդարութեան պատճառով զանգուածային ընտրակեղծիքի միջոցով ընտրութիւններ գնուեցան վերջերս: Հայրենի պետութեան կողմէ իրերայաջորդ թերացումները` արդար եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններ կայացնելու առումով, ոչ միայն հարուած կը հասցնեն իշխանութեանց արտաքին դիմագիծին, այլեւ նոյնինքն անկախութեան գաղափարին` դռները բաց պահելով արտաքին միջամտութեանց դիմաց):
Ուրեմն, ի՞նչ կայ աւելի շօշափելի բան մեր այսօրուան մատղաշ սերունդին համար, քան այն, որ ջնջելով հայութեան հողային իրաւազրկումը եւ համախմբուելով հայրենի երդիքի տակ, ինք լիարժէքօրէն կ՛ապրի անկախութեան գաղափարը` մասնակցելով հայրենակերտման մեծ գործին:

