Մայիս 28-Էն Սեպտեմբեր 21
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Մեծ տօներու խորհուրդին մէջ կան պատգամներ, որոնք էապէս անփոփոխ ըլլալով հանդերձ, ժամանակ առ ժամանակ, գոյութիւն ունեցող պայմաններու լոյսին տակ մեզի համար կը գծեն նոր ուղիներ, ցոյց կու տան նորացուած մարտահրաւէրներ` պարզելով ներկայի հրամայականները: Արդէն այս է իմաստը տարեդարձներու նշումին ու տօնակատարութեանց:
Մայիս 28-ի անկախութեան տօնը մեծագոյնն է, որուն հաւասարազօրը չկայ մեր պատմութեան մէջ: Որովհետեւ`
Մայիս 28-ի շնորհիւ է, որ սահմանագծուեցաւ Հայաստանը,
Մայիս 28-ով կերտուեցաւ հայ քաղաքացին,
Անոր առաջին տարեդարձի տօնակատարութեանց խորհուրդին ընդմէջէն բիւրեղացաւ Միացեալ Հայաստանի պատգամը, որ եղաւ ազգային-քաղաքական մեր հանգանակը, եւ որ դարձաւ ներշնչող տեսլականը իրերայաջորդ սերունդներուն:
Իր լրիւ տարողութեամբ կշռաչափելու համար անոր արժէքը` կը բաւէ միայն երեւակայել, թէ այսօր ի՛նչ պիտի արժէինք մենք, եթէ մայիս 28 չունենայինք:
Անշուշտ, առարկայական տուեալներէ զուրկ, «եթէ»-ներով պատմութիւն չի կառուցուիր, ոչ ալ կը մեկնաբանուի: Բայց այս պարագային, իր ամբողջ յստակութեամբ կը պարզուի հայութեան վերապահուած ճակատագիրը, եթէ յաղթութեամբ չպսակուէր Սարդարապատի մարտը եւ անոր չյաջորդէր անկախութեան հռչակումը:
Մեր լինելութեան տօնն է նաեւ մայիս 28-ի տարեդարձը:
Անոր խորհուրդը ազատութեան ձգտումն է, որ հայ ժողովուրդի հոգւոյն մէջ դարերու խորերէն ամրօրէն արմատացած` կարելի չէր եղած ամլացնել ստրկութեան ձիգ տարիներու երկայնքին: «Կայծեր» մը բաւարար եղաւ, որ ազատութեան կրակով հրդեհուի ամբողջ ժողովուրդ մը եւ նետուի ազատագրական թէկուզ անհաւասար կռիւի մէջ: Որովհետեւ ազատութիւնը մտքի փիլիսոփայութիւն չէ, որպէսզի հաշուարկներով առաջնորդուի, այլ հոգիի բանաստեղծութիւն է: Ներշնչում չէ, այլ` պոռթկում: Ահա թէ ինչո՛ւ զէնքի առաջին շաչիւնէն մինչեւ Սարդարապատի յաղթանակ ու փետրուար 18 եւ մինչեւ ղարաբաղեան ազատագրական պայքար, պոռթկումը եղաւ այնքան բանաստեղծական, այնքան ֆետայական:
Եւ հիմա կարգ մը «պատմաբաններու» կողմէ կը լսուին պղտոր ձայներ, որոնք շուտիկ ու մակերեսային վերլուծումներով կասկածի տակ կը փորձեն դնել մեր ազատագրական պայքարի ռազմավարութեան արդիւնաւորութիւնը, վիճարկելով-առարկելով-եզրակացնելով, որ անիկա չյանգեցաւ իսկական ու ամբողջական յեղափոխութեան: Թերեւս բառային նեղ իմաստով յեղափոխութիւն չկրցանք ունենալ, բայց եւ այնպէս ոչ ոք կրնայ կասկածիլ, որ ունեցանք աննման յեղափոխականներ, որոնք ուղեցոյց դարձան եւ լուսաւորեցին դէպի մայիս 28-ի խորհուրդը առաջնորդող ճամբան:
Եւ այդ խորհուրդէն բխող պատգամները կողմնորոշեցին քայլերը ժամանակակից ու յաջորդող սերունդներուն այնքան, որքան որ հայ կեանքի պայմանները կը թոյլատրէին:
Մայիս 28-էն ետք` նաեւ սեպտեմբեր 21, զոր ոմանք կը նկատեն մեր «Բ. անկախութիւն»-ը եւ իբրեւ այդպիսին կը հռչակեն զայն:
Այս թուականը պարզապէս տարեդարձն է Հայաստանի վրայ բռնացող ամբողջատիրական վարչակարգի մը 70 տարիներու փակագծային տխուր շրջանի մը աւարտին եւ նորի մը սկիզբին, որ խորքին մէջ օղակումն է անջատուած շղթային: Ըստ էութեան, անիկա հայրենիքի ժողովրդավարացման օր է, հայ քաղաքացիին մարդկային լիակատար իրաւունքներու տիրացման յոյսի տօնն է եւ ոչ թէ մայիս 28-ի հաւասարող կամ զայն փոխարինող տարեդարձ: Եւ ճիշդ այդ հիմնաւորումով ալ արդէն քսանամեակ մը առաջ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը վճռականօրէն վերականգնեց մեր անկախ պետականութեան խորհրդանիշներն ու ազգային օրհներգը:
Մայիս 28-ի նորագոյն պատգամը ժողովրդային կամքով ու հանրաքուէով ամրագրուեցաւ սեպտեմբեր 21-ին. ժողովրդավարութիւն, ազատ մարդու, ազատ քաղաքացիի իրաւունքներու լիակատարութիւն:
Կասկած չկայ, որ լիիրաւ ժողովրդավար համակարգի մը գոյացումը դժուար գործընթաց մըն է, որ կը հպատակի երկրի ու բնակիչներու քաղաքացիական ըմբռնումներու ներքին տրամաբանութեան հոլովոյթին, հանգրուանային նուաճումներով:
Կարեւորը պատգամին կառչած մնալու հաւատարմութիւնն է եւ զայն իւրացնելու ձգտումը` յարատեւ ճիգով, դաստիարակութեամբ, առօրեայ կեանքի վարքագծով` ամէն գործի մէջ եւ բոլոր մակարդակներու վրայ:
Այս հրահանգը կը բխի անկախութեան խորհուրդէն եւ սեպտեմբեր 21-ի հանրաքուէով արտայայտուած ժողովրդային կամքէն:

