Վեհօրէն Հսկող Յուշահամալիրը` Արարատին Ու Արագածին Նայող
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
¬ Քիչ մըն ալ այս կողմ եկո՛ւր,¬ կ՛ըսէր ընկեր Էդիկ` ափս սեղմած զիս քիչ մը եւս աջ տանիլ փորձելով:
¬ Այո՛, ճիշդ այստեղ պէտք է կենաս: Հիմա մէյ մը աջ, մէյ մըն ալ ձախ նայէ…
Մինչ այդ իր պնդումին եւ դասաւորումներուն քիչ մը անլրջութեամբ մօտեցած էի, սակայն ճիշդ այդ պահուն, երբ, ինչպէս յանձնարարեց, մէյ մը աջ, մէյ մը ձախ նայեցայ, կարծէք այլ աշխարհ մը փոխադրուեցայ, ոտքերս օդին մէջ կ՛օրօրուէին կարծէք: Մէկ կողմը Արագածն է իր վեհութեամբ, իսկ միւս կողմը` Արարատը, իր խորհրդաւորութեամբ…
Անշարժ մնացի հոն` ուզելով անմահացնել այդ պահը, նոյնիսկ ուզելով յաւերժանալ այդ դիրքին վրայ, սակայն մեր սիրելի ընկեր Էդիկին ձայնը զիս իրական աշխարհ բերաւ կրկին:
¬ Սարդարապատի թանգարանը կառուցուած է այնպէս, որ մէկ կողմի պատուհանէն նայի դէպի Արագած, իսկ միւսէն` դէպի Արարատ:
Նկատի ունենալով, որ մայիս 28¬ին Միասնութեան շուրջպար բռնելու պիտի երթային հայաստանցիներն ու այդ թուականին Հայաստան գտնուող սփիւռքահայերն ու օտարները, Սարդարապատի մէջ մայիս 28¬ի տօնակատարութիւն կազմակերպուած էր օր մը առաջ` 27 մայիսին: Առիթը շատ լաւ նկատելով` մեր տանտէր ընկեր Էդիկը անպայման ուզած էր մեզ Սարդարապատ տանիլ, հակառակ անոր որ իրեն յայտնած էինք, որ նախապէս այցելած ենք:
¬ Գիտե՞ս` Սարդարապատի զանգակատունը ի՛նչ կը խորհրդանշէ, քանի մեթր է, այդ յուշահամալիրը ե՞րբ կառուցուած է: Համալիրին ետին գտնուող թանգարանը այցելա՞ծ ես:
Գոհացուցիչ պատասխաններ չստանալով` ան հաստատեց, որ պէտք է անգամ մը եւս այցելենք Սարդարապատի համալիր, մասնակցինք տօնակատարութեան եւ լաւատեղեակ ըլլալ կառոյցի իւրաքանչիւր մանրամասնութեան մասին, նաեւ` այցելել Սարդարապատի թանգարանը:
27 մայիս 2005¬ի առաւօտ կանուխ կը հասնինք Էջմիածինէն 25 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ հպարտութեամբ եւ յաղթանակի զօրութեամբ կանգնած Սարդարապատի յուշահամալիր: Մեր ուղեկիցը` ընկեր Էդիկը կը սկսի իր բացատրութեան:
1968¬ին` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան առիթով բացումը կատարուած է Սարդարապատի յուշահամալիրին, իսկ 1978¬ին` Հայաստանի ազգագրական պետական թանգարանին` համալիրին աւարտին կանգնող:
Յուշահամալիրին ծնունդը ժողովրդային մտքի արդիւնք է, իսկ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոկտեմբերեանի Համայնավար կուսակցութեան շրջանային կոմիտէն` Վլադիմիր Դարբինեանի գլխաւորութեամբ:
Սարդարապատի ճակատամարտի 50-ամեակին առիթով յուշահամալիր մը կառուցելու նախապատրաստական աշխատանքները կը սկսին 1965¬ին: Յուշահամալիրին գլխաւոր ճարտարապետ¬քանդակագործները կ՛ըլլան Ռաֆայէլ Իսրայէլեան, Արա Յարութիւնեան, Սամուէլ Մանասեան եւ Արշամ Շահինեան: Վերջինին վկայութեամբ, տեղեկութեան պակասը սկզբնական շրջանին կը դժուարացնէ գործընթացը: Գրականութեան, պատմութեան, թանգարաններուն մէջ ամփոփուած նիւթերու չգոյութիւնը, տարիներ շարունակ այդ մասին պատմութեան գիրքերուն մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն ըլլալու եւ պատմական ճշմարտութիւնները մութին մէջ պահելու կացութիւնը մեծապէս կը բարդացնէին աշխատանքը:
Այնուամենայնիւ, յուշահամալիրին կառուցման ձեռնարկած անձերուն նպատակը յստակ էր. անոնք կ՛ուզէին կառուցել յաղթանակի յուշարձան մը, որուն մէջ արտացոլայ հայ ժողովուրդի արձանագրած յաղթանակը:
Նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին ծրագրումի եւ միտքերու փոխանակումի իբրեւ արդիւնք` յուշահամալիրին սկզբնական մանրակերտը քանի մը անգամ կ՛ենթարկուի փոփոխութիւններու եւ իր լրումին կը հասնի 1966¬ին: Յուշահամալիրի կառուցման վայրի ընտրութիւնը եւս կը խլէ բաւական ժամանակ. ի վերջոյ կ՛որոշուի յուշահամալիրը կառուցել ճիշդ հոն, ուր տեղի ունեցած են ամէնէն թէժ ճակատամարտերը:
Կառոյցին հիմնական մասը կը կազմէ բարձր եւ գեղանիստ, վեհ զանգակատունը, որ ամբողջ յուշահամալիրին մէջ տիրական ներկայութիւն է. կը թուի, որ անիկա կը բարձրանայ դէպի երկինք, չորս սիւներուն ընդմէջէն արտացոլացնելով բնութեան կանաչն ու երկնքին կապոյտը:
Քանի մը աստիճաններ այցելուն կ՛առաջնորդեն դէպի 35 մեթր բարձրութիւն ունեցող այդ զանգակատունը, որ կ՛երեւի շատ հեռուէն` տպաւորիչ եւ յուզիչ ազդեցութիւն ձգելով զայն դիտողին վրայ:
Յատկանշական է, որ յուշահամալիրին կառուցման աշխատանքներուն մասնակցած է նաեւ ժողովուրդը եւ 35 մեթր բարձրութիւն ունեցող այդ զանգակատան շինութիւնը ամբողջացած է 35 օրուան ընթացքին:
Զանգակատան երկու կողմերը տեղադրուած են ուժի, պայքարի եւ վճռակամութեան խորհրդանիշը հանդիսացող, տուֆ քարէ կառուցուած թեւաւոր ցուլերու մեծ քանդակները: Այս վերջինները կը ներկայանան իբրեւ հայ ժողովուրդի յաղթանակի պահապանները: Հին Հայաստանի մէջ ցուլը կը մարմնաւորէր ուժը, հաստատակամութիւնն ու հաւատարմութիւնը:
Զանգակատան զանգերը ունին իրենց յատուկ երաժշտութիւնն ու հնչեղութիւնը. անոնք պատրաստուած են Լիոնի մէջ եւ անոնցմէ մեծագոյնին վրայ փորագրուած է զայն նուիրողին` Նափոլէոն Բուլիկեանին անունը: Երեք շարքերով կախուած են զանգերը: Կը թուի, որ անոնք մնայուն կերպով պատրաստ են զանգահարելու եւ ոտքի հանելու ժողովուրդը, երբ վտանգի ժամը հնչէ: Այդպէս էր կացութիւնը պայքարի օրերուն, երբ զանգերը վեց օր շարունակ կը ղօղանջէին` ժողովուրդը ոտքի հանելով եւ մղելով ազատագրական պատերազմի: Այն օրերուն ղօղանջը կը տարածուէր ամբողջ Արարատեան դաշտին մէջ:
9 զանգակները` երեքական զանգեր երեք շարքերու վրայ, ամէն տարի կը հնչեն 28 մայիսին` անգամ մը եւս վերակենդանացնելով յաղթանակի մթնոլորտն ու ոգին:
Յուշահամալիրին գլխաւոր գաղափարը հայ ժողովուրդի գոյատեւման պայքարն է:
Ճակատամարտի հերոսներուն անվախութիւնը, քաջութիւնն ու խիզախութիւնը կը խորհրդանշեն համալիրի մուտքին տեղադրուած արծիւները: Այս մասին Իսրայէլեան կը գրէ. «Աշխատանքի ընթացքում զգացինք, որ խօսքը քիչ է, պակասում է ուժը: Բարձրացրեցինք արծիւ – զինուորներին, որոնք յաղթանակ են բերել: Նրանց հոգիները դէպի ժողովուրդն է ուղղուած` մենք կանք, մենք ձեզ հետ ենք, մենք ձեր մէջ ենք»:
Իւրաքանչիւր արծիւին երկայնքը 55 մեթր է, իսկ լայնքը` 7:
Արծիւները այցելուն կ՛առաջնորդեն լայն, յաղթանակի պատը, ուր փորագրուած են զանազան պատկերներ, որոնք կը խորհրդանշեն տեղի ունեցած հերոսամարտն ու արձանագրուած յաղթանակը:
Թեւաւոր ձիերը կը խորհրդանշեն հայութեան հերոսական պայքարը չար ուժերու եւ վիշապներու դէմ: Պատկերուած ձիերը, որոնք իրենց սմբակներուն տակ առած են վիրաւոր, ուժասպառ օձերը, կը մարմնաւորեն չարի ու բարիի պայքարը: Պատին միւս կողմը կայ կնոջ մը ու անոր զաւկին նկարը, որ կը խորհրդանշէ վերազարթնում եւ վերածաղկում:
Յուշահամալիրին շուրջ կայ նաեւ Հայաստանի ազգագրութեան թանգարանը, որ կառուցուած է 1978¬ին: Ուղղանկիւն յատակագիծով 10 մեթր բարձրութեամբ կառուցուած երկյարկանի այդ շէնքը ծածկուած է հազարաշէն գմբէթներով եւ ունի հսկայական երեք դահլիճներ (իւրաքանչիւրը 13×13 մեթր, բարձրութիւնը` 8.2 մեթր), որոնց քով գտնուող 4 ներքին բակերէն առատ լոյս կը թափանցէ դէպի ցուցասրահներ: Շէնքը իւրայատուկ է իր գեղարուեստական-ճարտարապետական լուծումներով եւ իւրայատկութիւններով: Կեդրոնական դահլիճներուն կողքին կան կանաչապատ փոքր ներքին բակեր, որոնց միջոցով կ՛ապահովուի սրահին լուսաւորութիւնը:
Կառոյցը ունի հսկայական երկու պատուհաններ, որոնցմէ մէկը կը նայի Արարատին, միւսը` Արագածին:
Թանգարանի առաջին ցուցանմուշը Հայկական լեռնաշխարհի մանրակերտն է` իր երեք մեծ լիճերով` Կապուտան (Ուրմիա), Վանայ լիճ եւ Սեւանայ լիճ:
Թանգարանին մէջ կը գտնուին հայոց պատմութեան վերաբերող աւելի քան 70 հազար վկայութիւններ, փաստաթուղթեր, մանրամասնութիւններ եւ նկարներ:
Կ՛ըսուի, որ թանգարանին դիմաց ցանուած են զոհուած հերոսներուն թիւով ծաղիկներ:
Իւրաքանչիւր ցուցասրահի մէջ ներկայացուած են յատուկ առարկաներ եւ անոնց բաժանումը կատարուած է պատմական ժամանակաշրջանի մը հիմամբ` հետեւեալ ձեւով.
1. Հնագիտական` հնագոյն եւ միջնադարեան արուեստ, արհեստներ, կրօնապաշտամունքային առարկաներ:
2. Ազգագրական` աշխատանքի գործիքներ, արհեստներ, ազգային խոհանոց, օժանդակ տնտեսաձեւեր, գորգ ու կարպետ, կահոյք, ժանեակ ու աստեղնագործութիւն, ազգային տարազ եւ զարդեր, ընտանիքին եւ ազգային տօնացոյցին վերաբերող առարկաներ:
3. Լուսանկարներ, նկարներ, փաստաթուղթեր, արխիւային նիւթեր:
4. Ժամանակակից կիրառական արուեստ:
5. Այլ ժողովուրդներու ցեղային մշակոյթին առնչուող նմուշներ:
Հոն կան նաեւ խաչքարեր ու արձանիկներ:
Յուշահամալիրին կառոյցը ամբողջութեամբ կը գրաւէ շուրջ 65 հազար քառակուսի մեթր տարածութիւն:
Այս բոլորը տեսնելն ու այս բոլորին մասին բացատրութիւն ստանալը արդէն քեզ, իբրեւ մարդու եւ իբրեւ հայու, կ՛օժտեն հարստութեամբ եւ ցնծութեամբ:
Որքա՜ն հպարտութիւն է հոն գտնուիլ, ներշնչուիլ կերտուած յաղթանակով, զգալ մղուած պայքարներուն նուիրականութիւնն ու վճռակամութիւնը:
Արդէն անցած էր քանի մը ժամ, տօնական մթնոլորտով կը հրճուէր Սարդարապատը, խճողուած էր թանգարանը, հայ տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներով հպարտ էին արծիւները ու կը ղօղանջէին զանգերը` իբրեւ յուշարար յաղթանակին եւ պատգամ` այդ յաղթանակին պահապանները ըլլալու:
Սարդարապատով լիացած` պէտք էր պասերը բարձրանայինք ու ուղղուէինք Երեւան` յաջորդ օրուան Միասնութեան շուրջպարին մասնակից դառնալու: Կը նայիմ ընկեր Էդիկին, մեղմ կը ժպտի, գոհունակ է, որ կրցած է ինքնիրեն տուած պարտականութիւնը կատարել, գոհունակ ենք նաեւ մենք` այսքան գիտելիքներ ամբարած ըլլալնուս համար: Բաժանումի պահուն հայեացքս անգամ մը եւս կ՛ուղղեմ զանգակատան, արծիւներուն` հայութեան հերոսական էջերը մարմնաւորող այդ կոթողներուն, որոնցմէ բաժնուիլը այդքան ալ դիւրին չէ, սակայն անոնք կը շարունակեն ուղեկցիլ իւրաքանչիւր հայու, թէկուզ` Հայաստանէն դուրս…
Արդարեւ, Սարդարապատը չտեսած իսկ Սարդարապատի լուռ խորհուրդով ապրած ու հասակ նետած էինք, որովհետեւ անիկա այնպիսի կառոյց մըն է, որ իր վեհ լռութեամբ իսկ կը խօսի աշխարհին` իբրեւ գոռացող պատգամ եւ հպարտութեան մարմնացում:

