Խմբագրական. Մայիսեան Դիմադրողականութիւնը Վաստակելու Համար
Առաջին հանրապետութեան կերտումի պայմանները, անոր ունեցած անժխտելի ճակատագրորոշութիւնը, ամբողջ ազգի լինելութեան խորհուրդի պարփակման փաստը եւ տակաւին հայրենիքի ու հայութեան շարունակականութեան բացարձակ երաշխաւորի հանգամանքը ժամանակակից պայմաններու լոյսին տակ վերլուծելը բազմակողմանի քննարկումներու դուռ կը բանայ:
Կեդրոնանանք, սակայն, արդիական գերխնդիրին վրայ, որ այսօր անմիջականօրէն իբրեւ մարտահրաւէր կը ծառանայ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմաց:
Մայիս 28-ի անառարկելի իրականացումներէն մէկը ա՛յդ օրերուն, ա՛յդ պայմաններուն, ճգնաժամի բոլոր հետեւանքներու ընդհանուր մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը ժողովրդավար կարգերով օժտելն էր: Դաշնակցութիւնն էր, որ ղեկավարած էր օրհասական ճակատամարտերը, Դաշնակցութիւնն էր, որ յաջողած էր միաւորել ժողովուրդը, հռչակել անկախութիւն, պետական հաստատութիւններով օժտել նորանկախ հայրենիքը, հիմնել համալսարանը, նշանակել դիւանագէտները, կազմել բանակը, ձեւաւորել կառավարութիւնը, կազմակերպել խորհրդարանական ընտրութիւնները: Պատերազմական վիճակէն եւ զինուորական իրողական վարչաձեւէն շատ արագ պետաիրաւական վարչակարգի անցումը Դաշնակցութիւնը կը կատարէր ժողովրդավարական կարգերու հաստատման գիտակցական քայլով: Օրհասի վերադարձն էր միայն, որ պարտադրաբար ժամանակաւոր հիմունքով Բիւրօ-կառավարութիւնը յառաջացուց, ուր Դաշնակցութիւնը կառավարեց միակուսակցական ձեւաչափով: Ա՛յս մէկը ճգնաժամայինին մէջ ամենաճգնաժամային պահուն միայն:
Մայիս 28-ի ժողովրդավարութեան խորհուրդը կը յուշէ ու կը թելադրէ բազմակուսակցականութիւնը, բազմակարծութեան իրաւունքը, խորհրդարանին մէջ այլ ուժերու ներկայացուածութիւնը, հանդուրժողականութեան դրսեւորումը, ընտրակաշառքի եւ ընտրակեղծիքի վերացումը, մարդու իրաւունքներու համատարած յարգումը: Միաժամանակ, սակայն, մերժումը արտաքին կեդրոններէ պատրուակային ժողովրդավարացման պահանջները, ներքին գործերու միջամտութիւնը, յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցով երկիր թափանցումը, հասարակութեան վրայ վայրագօրէն ազդելու բոլոր հնարաւորութիւններու օգտագործումը կամ միջազգային կարգախօսերու յանկերգումով մեր համակարգի փոփոխութեան եղանակները:
Համազգային արժեհամակարգի դիմադրողականութեան ամրակայման համար նախապայման է ազատ, արդար, թափանցիկ ընտրութիւնը: Օտար դէտերու եւ գերտէրութիւններու ներկայացուցիչներու գնահատականներէն առաջ քաղաքացիական հասարակութեան համոզումը, որ իրօք այդ ընտրութիւնները որակական նոր լիցք հաղորդած են ժողովուրդին ու պետութեան: Ժողովուրդի վստահութեան քուէն վայելող իշխանութիւններ են միայն, որոնք յենած զանգուածներուն` կրնան ձեւաւորել, արմատաւորել եւ կերտել այդ դիմադրողականութիւնը:
Ազգային դիմադրողականութիւն մը, որուն հրաշալի դրսեւորումն էր մայիս 28-ը, իր բոլոր իրագործումներով, խորհուրդներով եւ պատգամներով: Ինքնապաշտպանութիւն ստանձնած, ժողովուրդը ամբողջ մարտի հանած եւ յաղթանակ կերտած ուժը միայն ժողովուրդին մէջ կը փնտռէր իր համախմբելու ուժին գաղտնիքը եւ միայն երեք տարի առաջ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի արեւելահայ մնացորդացին մէջ կը տեսնէր ապրելու, վերապրելու, արարելու, ստեղծագործելու, անկախ հայրենիք ունենալու անտեղիտալի կամքը եւ ազգի ճակատագրական պատերազմը մղելու, յաղթելու եւ ատով իսկ ազգի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովելու համազգային վճռակամութիւնը:
Մայիս 28-ի դիմադրողականութիւնը պէտք է վաստակիլ եւ մայիսեան կերտումներ ապահովել` լուծելու համար արտագաղթի, ընկերային, տնտեսական հիմնախնդիրները, հզօրացնելու համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան փաստական շարունակութիւնը հանդիսացող այսօրուան պետութիւնը: Մայիսեան դիմադրողականութիւնը կրնան վաստակիլ բոլոր ուժերը համախմբելու ատակ, ժողովրդավար կարգեր հաստատելու հաւաքական կամք ունեցող եւ ոչ խաբուսիկ, այլ իրողապէս ազատ եւ արդար ընտրութեամբ ձեւաւորուած իշխանութիւնները:

