50 Տարի Առաջ ( 30 մայիս 1962 )

Մայիս 28-Ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Պուրճ Համուտի Մէջ

Հազարաւոր Բազմութիւններ
Լսեցին Հյդաշնակցութեան Խօսքը

Հայաստանի անկախութեան 44-րդ տարեդարձը փառահեղօրէն տօնուեցաւ երէկ` կիրակի, 27 մայիսին, Պուրճ Համուտի ժողովրդային տան դաշտին վրայ, որ տօնական օրուան մը պաճուճանքով զարդարուած էր` ընդունելու համար բազմահազար ժողովուրդը, որ ժամանակէն շատ առաջ սկսած էր լեցնել զայն:

Արդէն ամբողջ օրը Պուրճ Համուտի հայութիւնը ցնծութեան պահեր կ՛ապրէր: կազմակերպիչ յանձնախումբին կարգադրութեամբ, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, արենուշները, Օգնութեան խաչի արծուիկները, գայլիկները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի շրջանի բոլոր պատանեկան միութեանց անդամները կէսօրէ ետք ժամը 4:30-էն սկսեալ, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի նուագախումբին կատարեցին տպաւորիչ տողանցք մը Պուրճ Համուտի փողոցներուն մէջ` խանդավառութիւնը հասցնելով գագաթնակէտին եւ իրենց անցքին` տասնեակ հազարներու ծափահարութիւններուն արժանանալով:

Ժամը 6:00-ին հետզհետէ սկսան հասնիլ օրուան պատուոյ հիւրերը եւ ընդունուեցան նուագախումբին «Պատուի ա՛ռ»-ով: Լիբանանեան հեռատեսիլը նկարեց մեր հիւրերու ժամանումը եւ հանդէսին մէկ մասը, որուն բացումը կատարուեցաւ Անդրանիկ Ուրֆալեանին կողմէ, որ բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Կարօ Սասունին` վարելու տօնակատարութիւնը:

Հանդէսը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով եւ «Յառաջ նահատակ»-ով, որոնք նուագուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին կողմէ:

Կ. Սասունի իր բացման խօսքէն ետք, ողջունելէ ետք մայիս 28-ը, անցաւ յայտագրի գործադրութեան:

Յստակ առոգանութեամբ եւ խոր զգացումով օր. Շաքէ Թոքաթլեան արտասանեց Համաստեղի «Հայու ոգին, որմէ ետք Մարի Փելթեքեան իր երաժշտալի ձայնով երգեց գողտրիկ երգ մը: Երկուքն ալ բուռն ծափերու արժանացան:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ երիտասարդ մտաւորական Բիւզանդ Կռանեան, որ խօսեցաւ կուռ ճառ մը` պանծացնելով հայու ազատատենչ ոգին, որ դիմացաւ դարերու մաշումին եւ վեց դարերու խաւարէն ետք ազատութեան արշալոյսը բացաւ հայ ժողովուրդին համար: Բ. Կռանեանի, ինչպէս նաեւ հետագայ խօսողներու ճառերու ամփոփումը պիտի տանք առանձին:

Խաչիկ Արարատեան սքանչելիօրէն արտասանեց Սարմենի «Հայրենի տուն»-ը եւ Յովհաննէս Շիրազի «Կտակը»` որոտընդոստ ծափեր խլելով:

Արփինէ Փեհլիվանեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պօղոս Ճելալեանի, իր զմայլելի ձայնով երգեց «Ծիծեռնակ»-ը եւ «Երգիր ինձ համար»-ը, խանդավառ տրամադրութիւն ստեղծելով:

Վերջին խօսողն էր ծանօթ հռետոր  Արամ Սահակեան, որ խօսեցաւ իր ամէնէն գեղեցիկ ճառերէն մէկը` հրաշքի համազօր երեւոյթ նկատելով մայիս 28-ը, որ կ՛իրագործուէր կոտորուած ժողովուրդի մը բեկորներով, մահ կամ ազատութիւն նշանաբանին ներքեւ:

Փակման խօսքը կատարեց նախագահը, որ իր սրտայոյզ խօսքերով խորապէս տպաւորեց ներկաները:

Share this Article
CATEGORIES