«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հրկիզեալ Վրանաքաղաքին Պարպումը Եւ Աղէտեալներուն Տեղաւորումը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի մեծ վրանաքաղաքի հրկիզումէն ետք, աղէտեալ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը Քարանթինայի շէնքերուն մէջ ապաստան գտած էր: Սակայն, դէպի Մեքքէ իսլամ ուխտագնացներու մօտալուտ ժամանման պայմաններուն տակ անոնք քշուեցան:
Խնամատարական յանձնախումբը եւ Ազգերու դաշնակցութեան տեղաւորման յանձնախումբի ներկայացուցչութիւնը տարբեր թաղերու մէջ բնակարաններ վարձեցին եւ տեղաւորեցին աղէտեալները:
14 փետրուար 1933-ի թիւով եւ «Պէյրութի հրկիզեալներու դրութիւնը. Քարանթինայի պարպումը սկսած է» խորագիրով «Ազդակ» կը գրէր.
«Ինչպէս գրած էինք, Գարանթինայի պարպումը պիտի աւարտի այս շաբթուան ընթացքին: Որոշուած է մաս առ մաս դուրս հանել հրկիզեալները եւ անոնցմէ վերջին ծայր անկարողները տեղաւորել դուրսը պատրաստուած բնակարաններու մէջ: Ազգերու Դաշնակցութեան Տեղաւորման Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Պ. Պրիւնիէ եւ Խնամատար Մարմինը բաւականաչափ բնակարաններ պատրաստած են, տեղաւորելու համար Գարանթինայի աղէտեալները:
Տիկին Քունզլէր, որուն կարեւոր գումար մը ղրկուած ըլլալը գրած էինք Զուիցերիական Բարեգործ Ընկերութեան կողմէ, 50 բնակարաններ վարձած է Նոր Մարաշ թաղին մէջ, յատկացուելու համար աղէտեալներու: Այդ բնակարաններու 3 ամսուան վարձքը վճարած է արդէն տիկինը եւ եթէ չբաւեն անոնք, որոշած է ուրիշներ ալ վարձել: Միւս կողմէ Պայտայի շէնքերը բոլորովին պարպուած են եւ բնակելի վիճակի մէջ դրուած: Առաջին անգամ տեղաւորումը պիտի սկսի այդ շէնքերէն:
Կ՛իմանանաք որ պրն. Պրիւնիէի դիմումներն ալ արդիւնաւորուած են եւ ստացուած են կարեւոր գումարներ: Ինչպէս յայտնի է, պրն. Պրիւնիէ տեղաւորման լայն ծրագիրներ ունի եւ տարիներէ ի վեր փրկարար գործ կը կատարէ: Ի մօտոյ պիտի սկսի նոր թաղերու եւ գիւղերու հաստատման գործին:
Հանգանակութեան գործը Պէյրութի մէջ գրեթէ վերջանալու վրայ է: Միայն օտար հաստատութիւններու մօտ կատարուելիք դիմումներն են, որ յետաձգուած էին առժամաբար` նկատի ունենալով որ շատեր ինքնաբերաբար պատասխանելով ուղղուած կոչերու կը ղրկէին իրենց նուէրները: Այս շաբթուան ընթացքին հանգանակիչ մարմինը վերստին պիտի ձեռնակէ հանգանակութեան եւ դիմումներ պիտի կատարէ ցարդ մասնակցող օտար հաստատութեանց: Շրջաններու մէջ տենդագին յառաջ կը տարուի հանգանակութեան գործը: Աֆրընէն, տոքթ. Խայեան 40 ոսկի ղրկած է Ազգային Առաջնորդարան, ի նպաստ աղէտեալներու: Սոյն գումարը գանձուած է Աֆրըն գտնուող փոքրաթիւ հայերէ:
Հացաբաշխման գործը կը շարունակուի: Խնամատար Մարմնին կողմէ տրուած մասնաւոր տոմսերու շնորհիւ, կարօտեալները կը ստանան հաց որոշուած փուռերէ: Սակայն մեզի հասած տեղեկութիւններէ եւ դիմումներէ կը տեղեկանանք որ փռապանները երբեմն անհոգ կը գտնուին եւ պէտք եղած խնամքը ցոյց չեն տար հացի պատրաստութեան համար: Շատ անգամ խմոր վիճակի մէջ կը տրուին հացերը: Հացաբաշխման պարտականութիւնը ունեցող յանձնախումբը պէտք է ուշադիր ըլլայ եւ խիստ հսկողութիւն բանեցնէ:
Առողջապահական Յանձնախումբը ըստ իր կարգադրութեան դարմանատան գործը կանոնաւորապէս յառաջ կը տանի: Քանի մը օրէն տեղի պիտի ունենայ նաեւ հանդերձաբաշխման աշխատանքը: Արդէն օգնութեան Խաչը սկսած է այդ ուղղութեամբ պատրաստութիւններ տեսնել»:
*
* *
Վրանաքաղաքի աղէտի լոյսին տակ հրամայական անհրաժեշտութիւն դարձած էր գաղթականներու վերջնական տեղաւորման գործը: Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ հայաբնակ թաղամասեր արդէն սկսած էին կազմաւորուիլ եւ բաւական հայութիւն կեդրոնացած էր Էշրեֆիէի, Սեփէթ Տուրմազի, Գրմըզը Գազըխի (հետագային` Հայաշէն), Ռըմէյլի եւ Նոր Հաճընի մէջ: Պուրճ Համուտի մէջ Նոր Մարաշ արդէն կազմաւորուած էր եւ սկսած էին նաեւ յարակից թաղամասերու` Նոր Սիսի, Նոր Ատանայի, Նոր Թոմարզայի, Կիւլլապաշէնի եւ Պամիանոցի կազմաւորումը: Մօտալուտ Երկիր վերադարձի յոյսերը չքացած էին: Ժողովուրդը գաղթականի հոգեբանութենէն դուրս գալով սկսած էր մնայուն բնակութեան հիմեր դնել եւ յարմարիլ տեղական պայմաններուն:
Տարբեր գաղութներէ ընտանիքներ
1920-ական տարիներուն Խորհրդային Հայաստան ներգաղթած էին, բայց յետոյ ներգաղթի շարժումը կանգ առած էր եւ երկաթեայ վարագոյրով ամրօրէն փակուած էին Խորհրդային Միութեան սահմանները:
Վրանաքաղաքի աղէտէն ետք «Ազդակ» արծարծեց Լիբանանի հայութեան առջեւ ներգաղթի դուռերը բանալու հնարաւորութիւնը, հիմնական դարման նկատելով ժողովուրդը հայրենիքի մէջ տեղաւորելու գործը: 15 փետրուար 1933-ի թիւով եւ «Հիմնական դարմանը» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր:
«Վրանաքաղաքի աղէտը եւ անկէ առաջ ու անոր հետեւանքով օրէ օր աճող ու սաստկացող անգործութեան տագնապն ու անօթութիւնը կը ստիպեն մեզ արմատական դարմաններ որոնելու` պայքարելու համար ստեղծուած կացութեան դէմ: Անկասկած, եղբայրական ստիպողական պարտականութիւն է անմիջական օգնութեան գործը. բազմաթիւ հայրենակիցներ, պատառ մը հացի կարօտ, անպատսպար եւ մերկ վիճակ ունին եւ անկարող են մտածելու վաղուան մասին: Կտոր մը չոր հաց եւ քանի մը հանդերձեղէն կրնան առժամապէս շունչ եւ կեանք շնորհել անօթիին ու մերկին. տանիքը ծածկուած հիւղակ մը կրնայ անձրեւէն ու փոթորիկէն կարճ ժամանակի մը համար պաշտպանել աղէտեալը: Սակայն, աւա՜ղ, այդ բոլորը միայն կարճ ժամանակի մը համար են եւ չեն կրնար արգիլել գործազրկութեան եւ անօթութեան սպառնալիքները: Երբ մէկ կողմէ կը մտածենք եւ կ՛աշխատինք ժամանակաւոր տեղաւորումն ու սննդառումը մեր դժբախտ հայրենակիցներու, միւս կողմէ պէտք չէ մոռնանք հիմնական դարմաններ գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Անուրանալի է, որ հովանաւոր եւ տեղական իշխանութիւնները իրենց գուրգուրանքն ու գորովը չեն խնայեր մեր դժբաղդներուն հանդէպ: Շնորհիւ հովանաւոր տէրութեան եւ իր ներկայացուցչին ամէն տեսակ բարիքներ եւ առանձնաշնորհումներ կը վայելենք այս երկիրներուն մէջ: Երախտագիտութեամբ կը յիշենք այս վերջին աղէտին առթիւ Բարձր Գոմիսէր Ն. Գ. Պ. Բոնսոյի եւ զինուորական հրամանատարի մարդասէր վերաբերմունքը` հանդէպ աղէտեալներուն: Միեւնոյն վերաբերմունքը ցոյց տուաւ նաեւ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Ն. Վ. Պ. Շարլ Տէպպաս: Անմիջական հրահանգներ տրուեցան անպաստպար հայրենակիցներու տեղաւորման եւ սննդառման համար, բացուեցան Գարանթինայի դռները եւ 1800 աղէտեալներ մօտ երկու շաբաթ կերակրուեցան եւ պատսպարուեցան Զինուորական Իշխանութեան կողմէ:
Վստահ ենք նաեւ որ Ն. Վսեմութիւնը Պ. Պ. Բոնսօ եւ Տէպպաս կը մտահոգուին գործազրկութեան տագնապի եւ մեր հայրենակիցներու ընդհանրապէս մատնուած կացութեամբ: Սակայն, իրաւունք չունինք ամէն բան սպասելու եւ յուսալու իշխանութիւններէն, մանաւանդ որ տագնապէն անմասն չեն մնացած բնիկ տեղացի ժողովուրդները: Մեզ հետ միասին գործազրկութեան մատնուած են բազմաթիւ տեղացի աշխատաւորներ, որոնք հաց եւ գործ կ՛աղաղակեն: Կառավարութիւնը առանց խտիր դնելու, իր պիւտճէի ներած թափով կը մտածէ բոլորի մասին եւ կ՛ուզէ դարման մը գտնել: Բայց ամէն յոյս դնել անոր վրայ եւ սպասել դարման, ինքնախաբէութիւն կ՛ըլլայ.
ամենահարուստ երկիրներու իշխանութիւններն անգամ այսօր չեն կրնար գործ հայթայթել իրենց գործազուրկներուն եւ դարմանել թշուառութիւնը: Իւրաքանչիւր քաղաքացի, նման համաշխարհային տագնապի օրերուն, պարտաւոր է սատար հանդիսանալ իր կառավարութեան եւ թեթեւցնել անոր բեռը: Ինքնօգնութիւնը, այս պարագային միակ փրկարար միջոցն է:
Այս մտահոգութեամբ ուրեմն, պարտաւոր ենք մենք ալ մտածել ու մտահոգուիլ մեր ժողովուրդի ենթարկուած ներկայ դժբախտ կացութեան դարմանման մասին:
Ինչպէս քանիցս շեշտեցինք ասկէ առաջ, աղէտուած եւ գործազրկութեան վտանգին ենթարկուած հայ աշխատաւորութեան Մայր երկրի մէջ կառուցուած աւաններու մէջ տեղաւորումը միակ եւ ամենահիմնական դարմանն է: Ասկէ առաջ արտասահմանի Հայրենակցական միութեանց եւ Բարեգործականի կողմէ հայրենիքի մէջ կառուցուած աւանները արդէն բնակեցուած են հայ գաղթականներով եւ կը ներկայացնեն մխիթարական վիճակ մը: Նոր Արաբկիր, Նոր Սեբաստիա, Նոր Մալաթիա, Նոր խարբերդ, Նոր Եւդոկիա, Նուպարաշէն, բոլորն ալ արտասահմանի հայութեան դրամներով շինուած, տիպար աւաններ եղած են: Որքան ալ չափազանցութիւններ գտնուին այդ աւաններու ներկայ վիճակի մասին տրուած տեղեկութեանց եւ առհասարակ Հայաստանի մէջ կատարուած շինարարական աշխատանքի մասին, իրականութիւն է որ փրկարար ձեռնարկներ կ՛ըլլան: Այդ աշխատանքները չի կրնար անհուն ուրախութեամբ չլեցնել ամէն հայրենասէր հայու սիրտը, ինչ քաղաքական դաւանանքի ալ պատկանելու ըլլայ ան:
Շնորհիւ մէկ տարուան ընթացքին Հայաստան ընդունուած արտասահմանեան հայրենակիցներու, կառուցուած աւանները, ինչպէս նաեւ կառավարական միջոցներով պատրաստուած գիւղերը լեցուած են եւ հազիւ հազար հոգի եւս պատսպարելու հնարաւորութիւններ գտնուին Հայաստանի մէջ, մինչ տրամադրելի հողը երեւակայածէն շատ աւելի ընդարձակ է: Եւ քանի որ ներգաղթը գլխաւոր հիմնական դարմանն է արտասահմանի հայութեան մատնուած թշուառութեան, պէտք է միջոցներ խորհիլ հնարաւոր դարձնելու համար ներգաղթը նաեւ այս երկիրներէն: Եթէ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ուրիշ արգելքներ չկան, պէտք է ամէն աշխատանք շռայլել արտասահմանի մէջ, նոր աւաններու կառուցման ծրագիրներ մշակել եւ տրամադրել անհրաժեշտ գումարը: Մէկ կողմէ Հայրենակցական Միութիւնները պէտք է նոր վարկեր քուէարկեն իրենց կառուցած աւաններու ընդարձակման համար, միւս կողմէ ալ Բարեգործականը վճռական կարգադրութիւններ ընէ իր պահեստի գումարները յատկացնելու համար նոր տուներու եւ աւաններու շինութեան գնահատելի գործին, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի մեծ քանակութեամբ հայեր ղրկել արտասահմանէն: Բարեգործականը պէտք է գիտնայ, որ Հայաստանի մէջ կառուցուած ամէն նոր տուն հայրենաշէն գործ մը ըլլալէ զատ, ամենամեծ դրամագլուխն է իրեն համար եւ համապատասխան բոլոր անձեռնմխելի կտակներու ոգիին:
Ամէն հայ, առանց խտրութեան, պարտաւոր է ուժ տալ ներգաղթի շարժումին:
Սակայն, այժմ քննենք թէ` ուրիշ ինչ միջոցներ եւ պայմաններ կան»:
Իբրեւ շարունակութիւն, յաջորդ օրուան` 16 փետրուարի խմբագրական «Ազդակ» կը գրէր.
«Մեր երէկուան խմբագրականով ցոյց տուինք հիմնական դարմաններէն մէկը մեր ներկայ դրութեան համար: Դժբախտաբար, սակայն, մեր կարողութեան սահմանէն վեր է անոր իրականացումը, քանի որ կապուած է նիւթական լայն զոհողութիւններու: Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութիւնը, դժբախտաբար, հնարաւորութիւն չունի Հայաստանի մէջ աւան մը կամ աւաններ կառուցելու համար նիւթական զոհողութիւններ ընելու: Առաւելապէս ՀԲԸՄիութեան եւ արտասահմանի հարուստ Հայրենակցական Միութեանց պարտականութիւնն է իրենց պահեստի գումարները տրամադրել հայրենաշինման աշխատանքներուն եւ ներգաղթի ծախսերուն: Նախ բնակարաններ պէտք է կառուցուին հայրենիքի մէջ եւ ապա պէտք է հոգացուին ներգաղթող հայրենակիցներու փոխադրութեան ծախքերը:
Երբ կը շեշտենք ներգաղթի անհրաժեշտութիւնն ու նիւթական լայն զոհողութիւններու ստիպողութիւնը, մենք այնքան ալ միամիտ չենք հաւատալու որ քանի մը ամիսէն եւ նոյնիսկ մէկ տարիէն կարելի պիտի ըլլայ մեր սպասած արդիւնքը: Եթէ այսօր իսկ այդ ուղղութեամբ աշխատանքի ձեռնարկուի եւ ակնկալուած գումարներն ալ իսկոյն տրամադրուին, ներգաղթ կազմակերպելու գործը բազմաթիւ ամիսներու կը կարօտի: Մէկ պարագայ շատ որոշ է բոլորիս համար, որ Հայաստանի կառավարութիւնը զուրկ է նոր աւաններ եւ նոր բնակարաններ կառուցելու միջոցներէն եւ ոչ ալ կրնայ ներգաղթողներու փոխադրութեան ծախսերը հոգալու: Ուրեմն, եթէ մեզի կը տրամադրէ հողը, կառուցելու եւ բնակելի ու մշակելի վիճակի մը վերածելու հոգն ալ կը թողու մեր վրայ:
Ի՞նչ է մեր պարտականութիւնը ուրեմն այս առաջին հիմնական դարմանի հանդէպ:
Մի միայն փափաք յայտնել եւ թելադրել Բարեգործականին եւ արտասահմանի հայ մեծահարուստներուն, հայրենակցական Միութեանց, որ բացառիկ զոհողութիւններ ընեն եւ նոր վարկեր տրամադրեն Հայաստանի մէջ աւաններ եւ բնակարաններ կառուցելու նպատակի: Ատկէ վերջ կը դիւրանայ գործը: Բաղձանքը Հայաստան երթալու արդէն ամէն հայու սրտին մէջ գոյութիւն ունի: Միւս կողմէ ալ անմիջապէս պէտք է սկսին բանակցութիւնները Հայաստանի կառավարութեան հետ, իրաւասու մարմիններու միջոցաւ:
Այս առթիւ պէտք է տեսնենք պարզել պարագայ մը եւս:
Սխալ է կարծել որ բազմահազար հայրենակիցներ կրնան ներգաղթել երկիր, եթէ նոյնիսկ Բարեգործական, հայ մեծահարուստներ եւ Հայրենակցական միութիւններ լայն բանան իրենց դրամարկղը: Փաստը մէջտեղն է: Տարիէ մը աւելի է ներգաղթի կարգադրութիւնները եղած են, բնակարաններ եւ աւաններ պատրաստուած, սակայն տասը հազար հոգի իսկ ցարդ չէ կրցած ներգաղթել Հայաստան: Հետեւաբար յուսալ որ ամենալաւ պարագային իսկ մէկ անգամէն հազարաւորներ պիտի կրնան ներգաղթել ճիշդ չէ: Շատ երկար եւ բազում տարիներու եւ կարօտի հայահաւաքման գործը երկրին մէջ, եթէ քաղաքական խութեր չյարուցուին այդ ճանապարհին վրայ: Մինչ այդ, Հայաստանի հանդէպ արտասահմանի հայութեան պարտականութիւնն է ամէն գնով օժանդակել շինարարական աշխատանքներուն, որոնք կը կատարուին երկրին մէջ:
Ինչպէս տեսանք, դարմանը կատարել չըլլար եւ դժբախտութիւններն ու թշուառութիւնները չեն վերնար մեր հայրենակիցներու վրայէն, եթէ սպասենք ներգաղթը: Անմիջապէս դարմաններ պէտք է փնտռել, առանց վնասելու առաջին եւ հիմնական միջոցին: Մեր գաղութի 120,000 հայութեան իննիսուն տոկոսը կը բաղկանայ աշխատաւորութենէ, որ օր մը կուշտ, օր մը անօթի քաշքշած է իր կեանքը մինչեւ այսօր: Շնորհիւ իր աշխատասիրութեան եւ հովանաւորեալ երկիրներու մէջ գոյութիւն ունեցող շինարարական ձեռնարկներու կրցած է գործ հայթայթել: Բնական էր անշուշտ որ այդ գործերը յաւիտենական պիտի չըլլային, մանաւանդ տնտեսական անօրինակ տագնապի տարիներուն: Դադրեցան այդ ձեռնարկները եւ անօթութեան ու գործազրկութեան սարսափը ծաւալեցաւ աշխատաւորութեան վրայ: Առաջին հերթին հայ աշխատաւորութիւնն է, որ զգաց ծանր հետեւանքները գործազրկութեան, քանի որ զրկուած էր սեփական բնակարանէ եւ ափ մը հողէ, ի հարկին խոտ ու բանջարով սնանելու համար: Նոյնը չէր վիճակը տեղացի աշխատաւորին: Ան տաքուկ եւ պաշտպանուած բնակարան մը եւ լաւագոյն օրերէն պահուած ափ մը արծաթ կամ ոսկի ունէր: Շատեր ալ արդէն հող կամ պարտէզ ունէին, որոնց արտադրութիւններով անօթի չմեռնելու չափ կրնային ապրիլ:
Ամենամեծ դժբախտութիւնը, ուրեմն, հայ աշխատաւորին համար, սեփական բնակարանէ եւ հողէ զուրկ ըլլալն է:
Վրանաքաղաքի աղէտը երեւան հանեց բոլոր ցաւերը, որոնք թագնուած էին ցարդ: Տեսանք որ կարօտութիւնն ու թշուառութիւնը մեր երեւակայածէն շատ աւելի մեծ է եւ ծաւալուն: Խնամատար Մարմինը, նուիրուեցաւ մէկ կողմէ աղէտեալներու կերակրման եւ հանդերձաւորման գործին, միւս կողմէ ալ սկսաւ միջոցներ խորհիլ անոնց տեղաւորման անհրաժեշտ աշխատանքին շուրջ: Որքան գիտենք, մինչեւ հիմա եղած կարգադրութիւնները մի միայն առժամեայ տեղաւորման մասին է: Առ առաւելն երեք ամսուան համար: Անկէ վերջ, ստիպուած ենք խորհիլ եւ հոգալ դարձեալ, քանի որ ներկայ պայմաններու տակ աղէտեալն ու աշխատաւորը հնարաւորութիւն չունին իրենց սեփական միջոցներով տուն տեղ ըլլալ:



