Նախագահ Սարգսեան Հանրապետութեան Տօնին Առիթով Կոչումներ Եւ Շքանշաններ Կը Շնորհէ Վաստակաշատ Գործիչներուն

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օր Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան 94-ամեակին առիթով նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին հայրենի բազմաթիւ անուանի գործիչներու պատուոյ գիրեր, շքանշաններ եւ կոչումներ շնորհեց:

«Մենք այսօր կ՛իրականացնենք համակարգային փոփոխութիւններ, եւ մեր նպատակն է երկրին մէջ ձեւաւորել այնպիսի միջավայր, ուր երաշխաւորուի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի եւ առողջապահութեան մարզի բազմակողմանի զարգացումը: Ասիկա դժուար եւ ժամանակ պահանջող գործ է, բայց ես ուրախ եմ, որ մենք դուրս կու գանք զարգացման լայն մայրուղի եւ աստիճանաբար կ՛ուղղենք իրավիճակը: Աւելի՛ն. տեղ-տեղ արդէն յաջողութիւններ ունինք», հայրենի գործիչներուն ըսաւ հանրապետութեան նախագահը:

Շնորհաւորելով շնորհալի գործիչները իրենց գործը բարեխղճօրէն կատարելու համար` հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ «տաղանդաւոր անհատներ միշտ ալ եղած են եւ պիտի ըլլան` անկախ պայմաններէն, բայց ատիկա այն չէ, ինչին մենք կը ձգտինք: Մեր խնդիրն է վերականգնել եւ բարձրացնել մտաւորական Հայաստանի վարկը մեր հասարակութեան եւ աշխարհին մէջ, նպաստել վերոնշեալ մարզերու զարգացման»:

«Սիրելի՛ պարգեւատրուածներ, դուք ձեր գործը շատ լաւ կը կատարէք: Եթէ մեր մօտ բոլորը իրենց գործը ընեն այնպէս, ինչպէս դուք, մեր պետութեան եւ հասարակութեան առջեւ ծառացած բազմաթիւ խնդիրներ պիտի լուծուին ինքնաբերաբար: Այս առումով, դուք շատ սուղ մարդիկ էք թէ՛ մեր հասարակութեան, եւ թէ՛ անձամբ ինծի համար», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան:

Յայտնենք, որ հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուեցան մօտաւորապէս 60 գործիչներ:

 

Share this Article
CATEGORIES