«Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» Սրահը Նշեց Իր Երկամեակը

Րաֆֆի Սիսլեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Երջօ Սամուէլեան եւ Հանրի Սիսլեան

Շաբաթ երեկոյ, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահի վարչութեան տեղի ունեցաւ սրահի հիմնադրութեան երկրորդ տարեդարձը նշող ընթրիք մը:

Յատկանշական է, որ սրահի հիմնադրութիւնը կը զուգադիպի մայիս  28-ին  եւ պատմակերտ այս թուականի հերթական տարեկան նշումը առիթ կ՛ըլլայ նաեւ վեր առնելու «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահի գաղութին մէջ ունեցած ազգային, կրօնական եւ մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպման համար կարեւոր նպաստը:

Այս առիթով Լիբանան ժամանած էին «Եռագոյն ֆոնտ»-ի հիմնադիր Երջօ Սամուէլեան, ինչպէս նաեւ Երեւանէն, Սինկափուրէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իտալիայէն, Կիպրոսէն եւ Աւստրալիայէն հիւրեր: Սփիւռքահայ հանրածանօթ երգիչ Ատիս Հարմանտեան  եւ Հալէպէն ժամանած նուագախումբը ջերմացուցին առիթը նշող հաւաքին մթնոլորտը:

«Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահը կը շարունակէ իր յարկին տակ ընդունիլ ազգային, կրօնական եւ մշակութային կազմակերպութիւններն ու անոնց նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող բոլոր ձեռնարկները:

Share this Article
CATEGORIES