«Հաւատարիմ Մնանք Դաշնակցութեան` Անոր Ընտրեալ Մեռելներու Գծած Ուղիէն Քալելով, Եւ Բարձր Բռնենք Հայութեան Ու Դաշնակցութեան Դրօշը» Կոչ Ուղղեց Կարօ Յովհաննէսեան

Ողջունելի եւ իբրեւ օրինակ ծառայելու կոչուած նախաձեռնութեամբ մը կիրակի, 27 մայիսին Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` հոն իրենց վերջին հանգիստը գտած, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի ազատագրական ճակատամարտերուն մահուան գնով պայքարած Խմբապետ Մուշեղի, Վարդան Շահպազի, Ցրոնքցի Մուրատի, Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան պետական կառոյցին մէջ գործած Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ Արշակ Յովհաննէսեանի:  Նաեւ բացումը կատարուեցաւ հայկական «Նեմեսիս»-ի մասնակից Հրաչ Փափազեանի ցարդ անշուք պատի մը տակ գտնուած քարուքանդ շիրիմը փոխարինող պատշաճ դամբարանին:

Վահէ Ալեքսանեան

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Վահէ Ալեքսանեան, որ լուսարձակի տակ առնելով հայութեան կողմէ իր նահատակներուն եւ մահացողներուն նկատմամբ տածած անսահման ու խոր յարգանքը, անոնց կտակը սրբութիւն նկատելու սկզբունքայնութիւնը, ազգին համար գործած հերոսներուն եւ իւրայատուկ անձնաւորութիւններուն մահէն ետք իսկ անոնցմէ դասեր քաղելու հայկական մօտեցումը` նշեց, որ Պէյրութի չորս կոմիտէներուն` ՀՅԴ «Քրիստափոր», «Տիգրան Ծամհուր», «Ազատամարտ» եւ «Ռոստոմ» կառոյցներուն կողմէ այսօր տեղի ունեցող այս նախաձեռնութիւնն ալ հայութեան յատուկ այդ նախանձախնդրութեան լաւագոյն արտացոլումն է:

Վ. Ալեքսանեան հաստատեց, որ նման առիթներ հայ ժողովուրդին ուղղուած մնայուն կոչ են ու պատգամ` կառչելու իր հերոսներու եւ նուիրեալ գործիչներու յիշատակին, տարբեր առիթներով ոգեկոչելու անոնց յիշատակը, մոմ վառելու եւ խունկ ծխելու անոնց շիրիմներուն վրայ, որովհետեւ ժողովուրդի մը ապագան կը կերտուի անցեալի փառքին ու նուաճումներուն վրայ: «Ուստի մենք ազգովին կոչուած ենք այդ փառքի կերտման մէջ ներդրում ունեցողներուն յիշատակը անմար պահելու, անոնց նկատմամբ յարգանքի ցուցաբերումը փոխանցելու սերունդէ սերունդ, որպէսզի հոս հանգիստ ու խաղաղ ննջեն Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Արշակ Յովհաննէսեանը, Վարդան Շահպազը, Ցրոնքցի Մուրատը, Խմբապետ Մուշեղը եւ Հրաչ Փափազեանը, իսկ մենք արժանի ըլլանք անոնց զաւակները կոչուելու եւ շարունակելու անոնց ուղին», եզրափակեց ան:

Ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` իւրաքանչիւրին գերեզմաններուն վրայ: Անկէ ետք` Հրաչ Փափազեանի նորակերտ շիրիմին առջեւ օրուան պատգամը փոխանցեց Կարօ Յովհաննէսեան:

Ան լուսարձակի տակ առաւ նման յիշատակի ձեռնարկ մը կազմակերպելու նախաձեռնութեան բովանդակ զոյգ պատգամները, մէկը` հիանալի գաղափարի մը մարմնաւորումը, միւսը` մեղադրանքի առիթ տուող, որովհետեւ անիկա կը յուշէ, թէ մեր մեծերուն նկատմամբ մոռացութեան ուղիին վրայ կը գտնուինք երբեմն:

Կարօ Յովհաննէսեան լուսարձակի տակ առաւ մայիս 28-ի մարմնաւորած պատմական ու ցեղային թաքուն ուժը, որ կրցաւ միացնել հայութեան փրթած բեկորները, բռնկած հրդեհներու մոխիրներէն վեր հանեց հոգիները, կրակոտ ցաւը եւ ամէնէն ողբերգական պայմաններու տակ իսկ ազգային հպարտանքի եւ գիտակցութեան կրակը փչեց մեր ժողովուրդին:

Ապա ան դիպուկ նկարագրականներով եւ անձնաւորութիւնը իր իսկութեան մէջ մարմնաւորող գիծերով ներկայացուց Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Արշակ Յովհաննէսեանը, Վարդան Շահպազը, Ցրոնքցի Մուրատը, Խմբապետ Մուշեղը եւ Հրաչ Փափազեանը` իւրաքանչիւրին գաղափարներէն ու մտածումներէն պատգամաբեր մէջբերումներ կատարելով:

Կարօ Յովհաննէսեան

Օրուան պատգամաբերը նկատել տուաւ, որ Լեւոն Շանթ իր գրական¬գեղարուեստական եւ մանկավարժական աշխատութիւններուն կողքին մեզի ժառանգ ձգած է գաղափարական ընկերային հարցերու նուիրուած աշխատութիւններ, Նիկոլ Աղբալեան իր անձին մէջ կը խտացնէ ամբողջ հայութիւնը` անցեալի մութ խորքերէն լոյսին բերելով բազմաթիւ արժէքներ, Արշակ Յովհաննէսեան Փետրուարեան ապստամբութեան կազմակերպիչներէն ըլլալու կողքին մեծ աշխատանք տարած է Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան օրով, ինչպէս նաեւ աւելի ուշ սփիւռքի մէջ` ծաւալելով կրթական¬մշակութային բոլորանուէր աշխատանք: Անոր համաձայն, Ցրոնքցի Մուրատ նկատուած է հայ յեղափոխութեան խիզախ զինուորը եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին վայրկեանը ապրած է հայրենիքի ազատութիւնը տեսնելու տենչով, Վարդան Շահպազ կատարեալ խոնարհ հերոս մըն էր բառին ամէնէն վեհ իմաստով, ան կը գտնուէր հոն, ուր կար յեղափոխական կռիւ, սասունցի Խմբապետ Մուշեղ Արագածի գագաթներէն մէկուն չափ մեծ, հերոսական աննման դէմք մըն էր, նոր օրերու Մուշեղ Մամիկոնեան, նշեց բանախօսը: Հրաչ Փափազեանի մասին խօսելով` Կարօ Յովհաննէսեան յայտնեց, որ առանց իրեն թուրք ջարդարարներուն դէմ ահաբեկչական արարքները հաւանաբար գլուխ կրնային չելլել:

Հրաչ Փափազեանի վերանորոգուած շիրիմը

Պատգամաբերը իր խօսքը եզրափակեց Խմբապետ Մուշեղի մէկ կոչին հետեւութեամբ ինք եւս կոչ ուղղելով` հաւատարիմ մնալու Դաշնակցութեան, անոր ընտրեալ մեռելներու գծած ուղիէն քալելու եւ բարձր բռնելու հայութեան եւ Դաշնակցութեան դրօշը: (Կարօ Յովհաննէսեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք յառաջիկայ մեր թիւերուն մէջ):

Յիշատակի ձեռնարկը եզրափակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

Նշենք, որ չորս կոմիտէները ձեռնարկէն ետք ուղղուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակ զետեղեցին ՀՅԴ-ի պանթէոնին վրայ` իբրեւ յարգանք Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան կերտման մէջ իրենց ներդրումը ունեցած եւ հոն հանգչած անմահներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES