Մայիսեան Փառատօն` Յաղթանակի Ոգիով Եւ ՀՄԸՄ-Ականներու Խրոխտ Քայլերով
Երէկ` կիրակի, 27 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, մայիսեան յաղթանակի ոգին, հպարտութիւնն ու պայքարով նորանոր նուաճումներ արձանագրելու վճռակամութիւնը կը թեւածէին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, ուր խրոխտ, հպարտ եւ հաստատ քայլերով տողանցեցին ՀՄԸՄ-ականները` մարզիկ թէ սկաուտ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, տողանցեցին ԼԵՄ-ականներ եւ ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցած լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ:
Հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի համար նուիրեալներուն պատգամով ու կտակով հասակ նետած տարբեր սերունդներ չէին կրնար չըլլալ հպարտ, չըլլալ անկախութիւն կերտած մեծերու աւանդին հաւատարիմ, չըլլալ պատրաստ` Սարդարապատի զանգերուն ղօղանջին հետ ոտքի կանգնելու ու պայքարի լծուելու, երբ անոնք կը տողանցէին ՀՄԸՄ-ականներուն ձեռային աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող Սարդարապատի յուշակոթողի հովանիին ներքեւ:
Հայաստանի անկախութեան 94-ամեակին եւ Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին նուիրուած մայիսեան այս փառատօնը կը կրէր հովանաւորութիւնը ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, նախագահութիւնը` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպուած էր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ:
Փառատօնին բացման խօսքը արտասանեց Հայկ Թապագեան, որ անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի առաքելութեան եւ նպատակին` յայտնեց, որ միութիւնը մեծապէս սատարեց ազգապահպանման գործին, ներդրում ունեցաւ հայը հայ պահելու առաքելութեան, օտար ափերուն վրայ ստեղծեց փոքրիկ Հայաստան, արհաւիրքէն նոր դուրս ելած ժողովուրդին տուաւ յոյս եւ ուրախութիւն:
Ան դիտել տուաւ, որ իր գոյութեան այս պատուաբեր հանգրուանին հասնելու համար ՀՄԸՄ-ը երկար ճամբայ կտրած է եւ Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան համար նուիրաբերած է իր ամէնէն լաւ տարրերը, իսկ այսօր կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ` միշտ դիմագրաւելով ամէն տեսակ մարտահրաւէրներ:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ հիմնական նկատեց այն հանգամանքը, որ սարսափի ու պատերազմի օրերուն ծնունդ առած այս միութիւնը` գտնուելով հայրենիքէն հազարաւոր մղոններ հեռու, հայրենազուրկ հայ մանուկին, պատանիին եւ երիտասարդին սորվեցուց հայրենիքի սէրն ու հայ մնալու գաղտնիքը:
Յ. Քէշիշեան կոչ ուղղեց նոր սերունդին` հաւատարիմ մնալու իրեն փոխանցուած աւանդին, հաւատարմութեամբ բարձրանալու եւ իրեն հետ բարձրացնելու համայն հայութիւնը, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականէ կ՛ակնկալէ բացառիկ զոհողութիւն, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ նման ճիգերով կարելի է նորանոր նուաճումներ կերտել (Յ. Քէշիշեանի խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 5):
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Վիգէն Աւագեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հպարտութիւն առթող մայիս 28-ի խորհուրդն ու պատգամը, մանաւանդ որ ամէնէն դժուար ու դժնդակ պայմաններուն մէջ կերտուեցաւ այս յաղթանակը: Ան հաստատեց, որ մայիս 28-ը կերտեց հայութիւնը` իբրեւ ազգային մէկ միաւոր, մէկ ուժ, մէկ կամք:
Վ. Աւագեան նշեց, որ հաւատքի եւ յոյսի տօն է մայիս 28-ն, անով պատմական անարդարութիւններ սրբագրուեցան, պետականութիւն կերտուեցաւ, յարութիւն առաւ ամբողջ ժողովուրդ մը` միացեալ Հայաստանի վառ տեսլականով:
Ան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը հպարտութեամբ կը տօնակատարէ մայիս 28-ը, որովհետեւ քաջ կը գիտակցի, թէ անիկա միմիայն անկախութեան տօն չէ, այլ խորհրդանիշն է գերագոյն արժէքի մը, որուն հասնելու համար անհրաժեշտ է ոչ միայն պետական, այլեւ` ժողովրդային մակարդակի ուժերու ամբողջական լարում:
Վ. Աւագեան անդրադարձաւ հայութեան պայքարի կամքով կերտուած Շուշիի յաղթանակին, որով կարելի եղաւ վերականգնել հայութեան արժանապատուութիւնը (Վ. Աւագեանի խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 5):
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Կարպիս Գապասագալեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ պատմական ճակատագրական հանգրուաններուն դրսեւորուած յանդգնութեան եւ խիզախութեան շնորհիւ այսօր կարելի է ճակատաբաց ու խրոխտ կանգնիլ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի` աւելցնելով, որ պատմութիւնը արժեւորելու ու անկէ դասեր քաղելու կոչուած է հայութիւնը:
Ան դիտել տուաւ, որ ՀՄԸՄ-ը իր ստեղծումէն ի վեր դէմ յանդիման կանգնած է բազում դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու` ընդմիշտ վերցնելով իրեն նետուած ձեռնոցը եւ քալելով առաջ: Իր խօսքին մէջ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիրը անդրադարձաւ նաեւ Հայ դատին ու պահանջատիրութեան` մերօրեայ իրականութեան մէջ. ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը կառչած կը մնայ իր իրաւունքներուն, չի տկարանար եւ զիջումներ չի կատարեր:
Կարպիս Գապասագալեան լուսարձակի տակ առաւ Շուշիի 20-ամեակը` հաստատելով, որ հայութեան համար ամեակներու յիշատակումը ազգային ուրոյն գիտակցութեան մկրտութեան օր է: Ուստի, հայութենէն կ՛ակնկալուի առողջ եւ գիտակից զգացողութեամբ շարունակել երթը` միշտ յանձնառու մնալով իր առաքելութեան (Կ. Գապասագալեանի խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 5):
Ապա տեղի ունեցաւ ԼԵՎԱՄ-ի վահաններու տուչութիւն` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեանի եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մօտ ԼԵՎԱՄ-ի ներկայացուցիչ Վահան Համամճեանի ձեռամբ:
Նախակրթարանի բաժինի վահանին տիրացաւ Կերթմենեան վարժարանը, միջնակարգի` Թռչնոց Բոյնը, իսկ երկրորդականի` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը:
ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցող աշակերտներէն լաւագոյն մարզիկի բաժակին տիրացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանէն Սարհատ Կեթսեմանեան, մարզիկուհիի` Լոռի Թաշճեան: Յատկանշական էր, որ ԼԵՎԱՄ-ի մասնակցած էին 25 դպրոցներէ շուրջ հազար աշակերտներ:
Անկէ ետք սկաուտներուն կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընդմէջէն վեր առնուեցաւ պայքարելու պատրաստակամութիւնը, մեր հերոսներուն մղած պայքարը եւ անոնց կերտած յաղթանակը: Յուզիչ եւ գեղեցիկ էր աւարտը, երբ Եռագոյնը ծածանեցաւ դաշտին վրայ եւ իր խորհրդաւորութեամբ ողողեց մթնոլորտը:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ դիտել տուաւ, թէ ՀՄԸՄ-ի թռիչքով եւ պայքարով անգամ մը եւս կը բարձրանանք դէպի հայ ժողովուրդի բարձունքները` փաստելով, որ հայ ժողովուրդի անմահ ոգին կ՛ապրի մայիսեան փառքերով:
Ապա ան անդրադարձաւ երեք հիմնական թուականներու եւ դէպքերու` Վարդանանց, մայիս 28 եւ Շուշիի ազատագրութիւն` հաստատելով, որ անոնց միջեւ գոյութիւն ունեցող հասարակ յայտարարը հայ ժողովուրդին մօտ պայքարի փայլատակումն էր, պայծառակերպութիւնը, յաղթանակի ոգին եւ հայ զինուորին վճռակամութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ 1918-ին ոչ միայն հայ ժողովուրդը հաստատեց, որ ինք գերեզմանուելու կոչուած ազգը չէ, այլեւ յաղթանակի դրօշը բարձր ու հպարտ ծածանեց:
Առաջնորդ սրբազանը դիտել տուաւ, որ երեք պայքարներուն ալ մարդկային միտքը անկարող էր հաւատալու, որ կարելի է յաղթանակ կերտել, սակայն այդ մէկը կարելի դարձաւ շնորհիւ հայ ժողովուրդի յարատեւութեան հաւատացող «խենթերուն», որոնք հնարք գտան:
Գեղամ արք. Խաչերեան ապա խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի մասին, որ սերունդներ ամբողջ մօտեցուց մայիս 28-ին, անոնց ըմպել տուաւ մայիսեան յաղթանակի բաժակէն, մնաց ուխտապահը մայիսեան յաղթանակին` միշտ քալելով այդ սկզբունքով եւ փայլատակումով:
«ՀՄԸՄ-ը ամբողջ սփիւռքի վրայ Եռագոյնը ծիածանեց. Եռագոյնը դարձաւ մեր երկինքը, եւ ո՞ր սերունդը չի հայանար, երբ իր գլխուն վերեւ Եռագոյն կայ», նշեց սրբազանը:
Իր խօսքը եզրափակելով Գեղամ արք. Խաչերեան նշեց, որ Վարդանանցէն Սարդարապատ ու Շուշի քալեց հայութիւնը, իսկ այսօր կը պատրաստուի քալելու դէպի Արարատ:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:






