Մեր Այսօրուան Թիւը

Դարձեալ մայիս 28 է: 94 տարի առաջ հայ ազգը երկար դարերու պետականազուրկ գոյութենէ ետք վերականգնեց իր պետականութիւնը` իր հայրենիքին մէկ փոքր բաժինին վրայ:

Հայաստանի Ա. անկախ հանրապետութեան հռչակման 94-ամեակին առիթով «Ազդակ» իր այսօրուան թիւը ամբողջութեամբ կը յատկացնէ մայիս 28-ի արժէքը վեր առնող նիւթերու, ինչպէս նաեւ Մայիսեան փառաշուք փառատօնին եւ Հայաստանի Ա. հանրապետութեան վաստակաշատ գործիչներուն նուիրուած ոգեկոչական ձեռնարկի լուսաբանումին:

 

Share this Article
CATEGORIES