Հաճելի Ժամանց Պուրճ Համուտի Հանրային Խաղավայրին Մէջ

«Զուարթնոց» կեդրոնի մեծ ընտանիքը` աշակերտներ, պաշտօնէութիւն եւ մայրեր, չորեքշաբթի, 23 մայիսին հրաւիրուած էին Պուրճ Համուտի խաղավայրը, քաղաքապետ Անդրանիկ Մսրլեանի կողմէ:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Նելլի Վեքիլեանի դասաւորումով օրուան ծրագիրը յաջող աւարտեցաւ:

Խաղավայրը տրամադրուած էր «Զուարթնոց»-ի աշակերտներուն խաղալու եւ զուարճանալու:

Օրուան ճաշը փիցցա էր, զովացուցիչ եւ պաղպաղակ:

Շնորհակալութիւն քաղաքապետին իր այս յաճախակի հրաւէրներուն եւ «Զուարթնոց» կեդրոնի կազմին  համար տրուած պատիւին:«

Share this Article
CATEGORIES