ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէի Նախաձեռնութեամբ` Հայկ Ոսկերիչեան Ծանօթացաւ Նաքքաշի Հայ Բնակչութեան Կարիքներուն

Նաքքաշի հայ բնակիչներու մտահոգութիւններուն,  դժգոհութիւններուն, շրջանի կարիքներուն եւ քաղաքապետութիւն- ժողովուրդ հեզասահ յարաբերութիւնը խանգարող գրասենեկային խոչընդոտներուն մօտէն ծանօթանալու եւ ժողովուրդին առաջարկները լսելու նախանձախնդրութեամբ` հինգշաբթի, 24 մայիս 2012-ի երեկոյեան, Նաքքաշի ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» ակումբին մէջ, Անթիլիասի եւ Նաքքաշի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Հայկ Ոսկերիչեան հանդիպում մը ունեցաւ շրջանի հայ ազգաբնակչութեան հետ:

ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս օգտաշատ հանդիպումը մեծապէս ծառայեց իր նպատակին` աւելի ամուր հիմերու վրայ հաստատելով ժողովուրդ-Դաշնակցութիւն սերտ եւ ամէնօրեայ կապն ու գործակցութիւնը: Անթիլիասի եւ Նաքքաշի քաղաքապետական խորհուրդի միակ հայ անդամը իր երկրորդ տան մէջ ողջունելէ ու բարի գալուստ մաղթելէ ետք, խօսքը տրուեցաւ օրուան հիւրին:

Առաջին հերթին, ամփոփ գիծերու մէջ, Հայկ Ոսկերիչեան ներկայացուց քաղաքապետութեան աշխատանքները ղեկավարող յանձնախումբերը, անոնց իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները, գործունէութեան դաշտը, վարչական եւ թեքնիք դժուարութիւնները, ապա խօսեցաւ նկատուած թերացումները սրբագրելու նպատակով մշակուած ծրագիրներուն մասին եւ անդրադարձաւ այս ծիրէն ներս ցարդ կատարուած աշխատանքներուն: Եզրափակելով իր սրտբաց զեկուցումը` ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ ՀՅԴաշնակցութեան ճամբով ինքզինք ամբողջականօրէն կը դնէ իր ժողովուրդի զաւակներուն տրամադրութեան տակ եւ այսուհետեւ նաեւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ, որպէսզի գործնապէս օգտակար հանդիսանայ եւ լուծում բերէ շրջանի իւրաքանչիւր հայու դիմագրաւած դժուարութեան:

Հանդիպումի երկրորդ բաժինով, ան լսեց ներկաները արձանագրեց անոնց արծարծած հարցերը եւ մէկ առ մէկ պատասխանեց բոլոր հարցումներուն: Սրտբաց ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ, Հայկ Ոսկերիչեան խոստացաւ ամէն ճիգ ի գործ դնել, որպէսզի իրենց լուծումը գտնեն ներկաներուն արծարծած գիշերապահներու, ճամբաներու լուսաւորման, խճողումի, փոսերու եւ այլ նորոգութեանց, կենսոլորտի, ընկերային եւ այլ հրատապ հարցերն ու կարիքները:

Վերջաւորութեան, ան անգամ մը եւս շեշտեց շրջանի հայութեան օգտակար հանդիսանալու իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած ծանօթացման այս առիթին համար եւ խոստացաւ մօտիկ ապագային դարձեալ հանդիպիլ:

Share this Article
CATEGORIES