Հայ Աւետ. Քոլեճի «Ծիրանի» Մանկապատանեկան Երգչախումբին Ելոյթը
Հայ Աւետ. քոլեճը աշխուժ արտադպրոցական գործունէութիւններ ունի «Հայկական տոհմիկ օր»-էն ետք, 18 մայիս 2012-ին երեկոյեան ժամը 8:00-ին Հայ Աւետ. Ա. եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ դպրոցի «Ծիրանի» մանկապատանեկան երգչախումբին տարեկան ելոյթը` ներկայութեամբ հիւրերու, ծնողաց եւ կրթական մշակներու, խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Մարիա Փալազեանի:
Լիբանանի եւ Հայաստանի ազգային քայլերգներու կատարումէն ետք դպրոցի վաստակաւոր տնօրէն տոքթ. Զաւէն Մսըրլեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով` շեշտելով երաժշտութեան կարեւորութիւնը կեանքի մէջ եւ դպրոցին առ այդ կատարածը:
Հուսկ, յաջորդեցին երգչախումբին երգերը` «Թող լինի միշտ արեւը», «Նինջ», «Արեւի շողերի երգ», «Լաւ օր» եւ «Քու քու պուրա»: Ապա նախակրթարանի Ա. դասարանի աշակերտները բեմ բարձրացան` իրենց կարգին մանկական սիրուն երգեր երգելու: Փոքրիկներէն ետք երգչախումբը Զեքի Նասիֆի «Նասէմ ալէյնա հաուա», This 0ld man and michael Finnigan» եւ «Մեր աշխարհ» խմբերգները ներկայացուցին: Ապա բարձրագոյն կարգերու աշակերտուհիներ Կարին Հայտոսթեան, Էփի եւ Տիգի Քիւրքճեան քոյրերը հրամցուցին Հենտըլի երգերէն մին, ապա ԺԱ. դասարանի աշակերտուհի Կասիա Գարակէօզեան մեներգեց «Սարերի հովին մեռնեմ» երգը, իսկ Ռազմիկ Նալպանտեան երգչախումբին ընկերացաւ «Իմ Երեւան» խմբերգի կատարումին իր մեներգով: Երգչախմբային համերգի աւարտին «Հզօր Հայաստան» եւ «Սարդարապատի քաջեր» խմբերգները հրամցուեցան` արժանանալով բուռն ծափերու:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ Հայ աւետ. Ա. եկեղեցիի հովիւ պատ. Հրայր Չոլաքեանի շնորհակալութեան եւ գնահատանքի խօսքով եւ օրհնութեան աղօթքով:

