Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանի Աւարտական Դասարաններու Վկայականաց Բաշխում
Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի աւարտական դասարաններու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 12 մայիս 2012-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին վարժարանիս հանդիսասրահին մէջ:
Կեանքի բնական ընթացքով դպրոցական տարիները աշակերտին համար թէեւ երկար կը նկատուին, սակայն իրողապէս անոնք ամենակարճ հանգրուանն են: Այսպէս ալ, վարժարանիս աւարտական աւարտական դասարաններու 30 աշակերտները յատուկ հանդիսութեամբ իրենց դպրոցական օրերու էջը դարձուցին իրենց իւրայատուկ ոճով, որ այս պարագային կը ներկայացուի յուզումներով ու գնահատումներով, զորս ապրած ու հիւսած էին Հռիփսիմեանցի կամարներուն ներքեւ լրիւ 15 դպրոցական տարեշրջաններու ընթացքին: Իսկ այս հանդիսութեամբ անոնք իրենց ետին կը ձգեն մանկական ու պատանեկան ջերմ յիշատակներ` իրենց տենչերուն եւ ձգտումներուն ի խնդիր նայելով դէպի նոր հորիզոններ:
Շրջանաւարտները բեմ բարձրացան դպրոցական համազգեստէն տարբեր համազգեստներով ու գլխարկով, սակայն դպրոցական համազգեստին պարտադրած կարգապահութեամբ, լրջութեամբ եւ ոգիով:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն եւ բարի գալստեան խօսքէն ետք, անոնք հերթաբար հանդէս եկան ուղերձներով` հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներով: Անոնք ընդհանրապէս գնահատեցին ու արժեւորեցին իրենց ստացած անվերապահ խնամատարութիւնն ու հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ուսման անսպառ կրթական ծրագիրներու բծախնդիր հետապնդումը. խօսքերը մերթ ընդ մերթ ընկերակցեցան ասմունքներով, երգերով, նուագներով եւ պարերով, որոնց ընդմէջէն բազմաշնորհ իրենց տաղանդներով հարստացուցին օրուան խորհուրդը:
«Վերջին զանգը» երգի մեկնաբանութենէն ետք, ընկալեալ սովորութեան համաձայն, իրենց կարգին յատուկ յանձնարարութեամբ, քրիստոնէական հաւատքով եւ միշտ հայ մնալու եւ հայկական արժէքները գերադասելու թելադրականով մը` շրջանաւարտները դպրոցին վահանը յանձնեցին այժմու 11-րդ դասարանի աշակերտներուն:
Ներկայացումներու աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէնուհի քոյր Արմինէ Մարկարոսեան, որ իր խօսքին մէջ վեր առաւ հայ ծնողքին դերը եւ առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ ներկայ սերունդէն սպասուած ակնկալութիւնները:
Ան ըսաւ. «Պարզուած պատկերը եղաւ զգլխիչ, խօսուն: Բացառիկ ժամ մը ապրեցանք բարձր, ուրախ տրամադրութեամբ, ըմբոշխնեցինք մեր շրջանաւարտներուն` խոստմնալից տաղանդներուն երիտասարդական խանդը, աւիւնը եւ արդէն իսկ մեր մտքերուն խորը գծուեցաւ իրենց լուսահեղ ապագայի հեռանկարը:
«2012 տարին Հռիփսիմեանցի հիմնադրութեան 90-ամեայ յոբելեանի նախամուտի պատուաբեր թուականն է: Իր գոյութեան առաջին վայրկեանէն, մեր Մեծ եղեռնէն վերապրած լիբանանահայութեան առաջին սերունդներէն մինչեւ օրս, Հռիփսիմեանցը` որպէս անպարտելի բերդ, կանգուն է իր հայապահպանումի, հայակերտումի, ուսումնական, կրթական, բայց մանաւանդ քրիստոնէական հաւատքի անշեղ աւանդումին բարձրորակ իր առաքելութեամբ: Հայ քոյրը` հաւատարիմ իր դաստիարակչական կոչումին, սփիւռքի դժուարին պայմաններու մէջ կը շարունակէ անշահախնդիր հոգիով նոր սերունդներուն ջամբել սէրը` քրիստոնէական կրօնին, սէրը` ազգին, սէրը` հայրենիքին», նշեց ան:
Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով ան յայտնեց. «Ձեր կեանքի գեղեցկագոյն ժամանակաշրջանին` դպրոցական անվերադարձ տարիներու քաղցր մորմոքն են անոնք, որովհետեւ հոս` Հռիփսիմեանցի պարարտ հողին մէջ, ցորենի հատիկներուն նման դուք ծիլ առիք, ա ճեցաք միասին եւ դարձաք զեղուն հասկեր, դուք սիրեցիք եւ սիրուեցաք ձեր ուսուցիչներէն, այս երեկոյ դուք ձեզ կը զգաք արդէն վաղուան ծրագիրներով, վարդահեղեղ երազներով լիցքաւորուած»:
Կեանքի նոր հանգրուանին անդրադառնալով` տնօրէնուհին նշեց, թէ շրջանաւարտները պիտի գիտնան արդարացնել եւ արժեցնել իրենց ստացած հոգեւոր եւ մտաւոր բոլոր գիտելիքները, քաջաբար, հայու խիզախութեամբ պիտի դիմակալեն կեանքի բոլոր դժուարութիւնները: «Հիմնական ձեր պարտաւորութիւն է, որպէս արժանաւոր զաւակները նահատակ մեր ցեղին յանձնառու կեանքով անաղարտ պահել ձեր հայու ինքնութիւնը եւ արիաբար մղել պայքարը տէր դառնալու համար ազգային արդար մեր իրաւունքներուն: Միասնաբար պիտի քալենք դէպի 100-ամեակ` հայ ժողովուրդին յարութեան շունչով եւ աննահանջ պահանջատիրական կամքով»:
Ծնողներուն նուիրումը գնահատելով` քոյր Արմինէ ըսաւ. «Ձեր զաւակները տակաւին ճամբայ ունին կտրելիք: Պատիւ մեր հայ ծնողներուն, որոնք իրենց հայու ամրակուռ նկարագիրով գիտեն քաջաբար յաղթահարել փշոտ դժուարութիւնները: Մեր մաղթանքն է, որ ձեր զաւակները պատիւ բերեն ձեզի` պետական քննութիւններու փայլուն յաջողութեամբ»:
Այս առիթով ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց քոյր Էլիզին, վարժարանի վարչական, միութիւններու կազմերուն, որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս նեցուկ են վարժարանիս, եւ սատար` անոր յարատեւ վերելքին ու բարգաւաճման:
«Գնահատանքի ջերմագին խօսքս կ՛ուղղեմ երկրորդական դասարաններու պատասխանատու Կարպիս Գապասագալեանին, իր անձնուէր, անշահախնդիր աշխատանքին համար: Ամենաջերմ շնորհակալութիւններս վարժարանիս պատուարժան ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան, որոնք բոլորանուէր հոգիով ոչինչ կը զլանան մեր զաւակներուն դաստիարակութեան եւ յառաջդիմութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն այս գեղեցիկ հանդէսին պատրաստութեան իրենց անսակարկ բաժինը բերած, երգուսոյց` Մանուէլ Քէշիշեանին, Շողիկ Բարիքեանին, բեմին գեղեցիկ յարդարումին, ձայնի անթերի հաղորդումի` պատասխանատու Գէորգ Պաղտասարեանին, վերջապէս բոլոր անոնց, որոնք սիրով օգնեցին հանդէսին լաւագոյն յաջողութեան: Կ՛օգտուիմ այս գեղեցիկ առիթէն ջերմ շնորհակալութեան խօսքս ուղղելու, մեծահոգի Գէորգ Արապեանին, որ չորս տարիէ ի վեր իր սրտաբուխ ազգանուէր կրթանպաստներով տասը որբ աշակերտներու ուսումը կ՛ապահովէ Հռիփսիմեանցի մէջ:
«Սրտագին շնորհակալութիւն տէր եւ տիկին Պօղոս Գոնեալեաններուն, որոնք նոյնպէս տարիներէ ի վեր հոգատար են հինգ կարիքաւոր աշակերտներու կրթական ծախսերուն:
«Շնորհակալութիւն Փօլ Նեսիմեան «Փոմիկրավիւր» հաստատութեան, Րաֆֆի Միքայէլեան «Թրէյտ փլաս»-ի, Տանի Մազաքեանին առատասիրտ նուէրներուն», ըսաւ տնօրէնուհին:
Իր խօսքը եզրափակելով` քոյր Արմինէ շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Մեր մաղթանքն է, որ դուք հայավայել, հզօր կամքով ձգտիք միշտ լաւագոյնին, գեղեցիկին, բարիին, կերտէք յաղթանակներ, մեծղի ներդրումներ կատարէք մեր շատ սիրելի Լիբանանէն մինչեւ մայր հայրենիք եւ հայ սփիւռքի լայնածաւալ տարածքներուն»:
Հանդիսութեան աւարտին շրջանաւարտները ստացան տարիներու իրենց երաշխիքը եղող վկայականները: Ապա տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրներով պատուեց չորս գերազանցիկ շրջանաւարտներ` Ռիթա Աստիկեան, Սերժ Հալաճեան, Սարին Գոյունեան եւ Շանէլ Փանոսեան, որոնք երկրորդական դասարաններու մէջ միշտ պատուաբեր արդիւնքներ ձեռք ձգեցին:
Հուսկ` շրջանաւարտները, վերջին տարիներու սովորութեամբ, յանձնեցին ծաղկեփունջը, որուն միացուցած էին իրենց հաւաքական սրտաբուխ նուէրը` յառաջիկայ տարուան համար երկու կարիքաւոր նորեկ սաներու արձանագրութեան մասնակցութեան գումար մը: Ապա միաբերան երգեցին դպրոցական քայլերգը, որմէ ետք ծնողներու ծափողջոյններով, ինքնավստահ քայլերով, հաստատակամ նպատակով եւ հայակերտ դրոշմով դուրս եկան հանդիսասրահէն:

