Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ. Յարգանքի Ու Գնահատանքի Գեղարուեստական Երեկոյ

Չորեքշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 7.30-ին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին հանդիսասրահը նեղ եկաւ քոլեճի ծնողներուն, որոնք ընդառաջելով տնօրէնութեան հրաւէրին` ներկայ գտնուեցան «Ծնողաց օր»-ուան առիթով կազմակերպուած աշակերտական գեղարուեստական երեկոյին:

Երեկոյին բացումը կատարելով` աշակերտուհի Անժելա Տաղլեան յայտնեց, որ մայիս եւ յունիս ամիսները կը յատկանշուին մայրերու եւ հայրերու օրուան տօնակատարութիւններով: Գեղարուեստական երեկոն զոյգ տօները կը նշէ միացեալ հանդիսութեամբ մը` շնորհակալութիւն յայտնելու քոլեճին ծնողներուն` իրենց սիրոյն, հոգատարութեան եւ անթիւ զոհողութիւններուն համար:

Շարունակելով` Տաղլեան հաստատեց, որ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը միայն կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն չի ջամբեր, այլ նաեւ արուեստներու հանդէպ հետաքրքրութիւն կը զարգացնէ աշակերտութեան մէջ եւ գեղարուեստական երեկոն ապացոյցը պիտի տայ այդ հաստատումին:

Բացման խօսքէն ետք քոլեճին աշակերտները հանդէս եկան գեղարուեստական բաւական ճոխ յայտագիրով: Երկրորդականի նուագախումբը ներկայացուց «Զարթիր որդեակ»-ը` Լուսին Տեմիրճեանի մենակատարութեամբ: Երգչախումբը, Գայեանէ Մարկոսեանի խմբավարութեամբ, կատարեց հինգ երգ` «Մայրիկի ժպիտը», «Ղարաբաղ», «Շուշի», «Զմպիկ», «Արագածի փէշերին»:

Քոլեճին գիտական խմբակին «փոքրիկ բժիշկներ»-ը խօսեցան սննդարար ուտելիքներու մասին եւ կատարեցին գիտական փորձարկում մը: Արտասանութիւններ ներկայացուցին Ժանեթ Օհանեան (Պարոյր Սեւակի «Մօր ձեռքերը»), Գարին Գանտահարեան եւ Ռիթա Կրակեան (Շահանդուխտի «Հայրերու օր»-ը): Մեներգներով ներկաները մեծապէս տպաւորեց Նժդեհ-Արցախ Պոտրումեան («Հայրիկ», «Իմ անուշ մայրիկ»): Անգլերէն զուգերգով եւ նուագով հանդէս եկան Շողակ Պազարպաշեան եւ Ռոզարիօ Աճեմեան:

Այնուհետեւ, միջնակարգի աշակերտները ներկայացուցին Լիբանանի տնտեսական վիճակին մասին արաբերէնով երգիծական թատերական պատկեր մը: Յաջորդեցին հնդկական, եւրոպական եւ յունական եւ հայկական ժողովրդային պարեր` քոլեճին  երկրորդականի եւ միջնակարգի աշակերտութեան կողմէ (պարուսոյց` Նանօր Քէլէշեան):

Յայտագրի աւարտին քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան բեմ բարձրանալով` շնորհակալութիւն յայտնեց գեղարուեստական երեկոն իրականացուցած աշակերտներուն եւ անոնց դասատուներուն, որոնք գեղեցիկ ձեւով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին իրենց ծնողներուն: «Աշխարհի ամէնէն թանկագին արարածները ծնողներն են,- ըսաւ Աւագեան,- անոնք կեանք կու տան, ծնունդ կու տան զաւակներու, յետոյ ալ իրենց ամբողջ կեանքը կու տան անոնց աճման, կրթութեան եւ դաստիարակութեան»:

Տնօրէն Վիգէն Աւագեան հաստատեց, որ «Ծնողաց օր»-ուան նուիրուած գեղարուեստական երեկոն  յայտնաբերեց բազմաթիւ ձիրքեր, որոնք յառաջիկային մշակուելով ու զարգանալով` կրնան գաղութի  գեղարուեստական կեանքին հարստացման ծառայել, խթան մը տալով նոր սերունդին, որ իր հետաքրքրութիւնները ուղղէ դէպի մշակութային մարզ` հեռու մնալով ապականիչ միջավայրերէ եւ տեսակաւոր մոլութիւններէ:

Տնօրէնին խօսքին յաջորդեց հիւրասիրութիւն:

Share this Article
CATEGORIES