Անտեսուած Հրաշքը – «Էմ. Էս.»-Ի 30 Մայիս, 2012

Անցեալ տարուան պէս դարձեալ կը նախընտրենք հայերէն լեզուով յիշել բազմապատիկ կարծրախտի (Multiple Sclerosis  – MS-ի) օրը, եւ ներկայացնել հիւանդին հետ կապուած նիւթերը, հաւատք-հրաշք կապը եւ անտեսուած հրաշքը:

Ահա տասներկու տարի եղաւ, որ «Էմ. Էս.»-ով կ՛ապրիմ, բայց սկիզբի տարիները հիւանդութեան բեռը թեթեւ էր, եւ իմ հասկացողութիւնս` սահմանափակ: Հիւանդութեան յառաջացման ընթացքը շատ բաներ սորվելու ժամանակ է: Սկսայ սերտել եւ սորվիլ հիւանդին կապուած բազմաթիւ նիւթեր, որոնցմէ մէկը նախ եւ առաջ կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնեկցիլ. հրաշքներու փնտռտուքը եւ Հրաշքը:

Նախ ամփոփումով մը կ՛ուզենք սկսիլ: Տասներկու տարիներու ընթացքին իւրաքանչիւր «Էմ. Էս.»-ի բորբոքում տարբեր ջիղերու վրայ կ՛ազդէր ու տարբեր ֆիզիքական կարողութիւններ կը կասեցնէր: Օրինակ` տեսողութիւն, զգայնութիւն, քալելու ուժ, եւ տակաւին այլ զանազան կարողութիւններ կրնային խանգարուիլ: Պարզ դեղերով ետ կը հանդարտէր մարմինի վիճակը եւ կորսուած կարողութիւններ կը վերադառնային, հոգ չէ, թէ քիչ մը վիրաւոր: «Անակնկալներով լի հիւանդութիւն մըն է», կատակով կ՛ըսէի այս վիճակին համար: Մի քանի տարի հիւանդութեան հետ այսպէս կ՛ապրէի մինչեւ որ վիճակը շատ ծանրանալով` խլեց անկախութիւնս: Թերեւս հիմա ինծի համար այլեւս միայն յոյսի մը ուրուականը կը դողդողայ նոր դեղերու, խոստումներու կամ Հրաշքի սպասման մէջ: Արդեօ՞ք բնաւ բժշկութիւն խնդրած չէի Աստուծմէ, կ՛երեւի աղօթել չէի՞ գիտեր եւ կամ հաւատք չունէի, որ հրաշքը առնեմ…Արդեօք հրաշքը ա՞յն է, որ վերջնական դեղ մը գտնուած է, պիտի գտնուի եւ կամ համրընթաց բժշկութիւն մըն է, որ պիտի պատահի:

Գիտենք, թէ  միչեւ այսօր այս հիւադութեան վերջնական բուժում չկայ, բայց կան շատ փորձեր, որոնք կը կատարուին զանազան երկիրներու մէջ: Ահա վերջերս նոր դեղերու արձագանգները կը լսուին: Նոր դեղ մըն է, խիստ սուղ, որ օրական պիտի գործածուի: Արդէն առաջին տուփը` 28 դեղահատերով փորձեցին ինծի հետ, եւ ըսուեցաւ, որ երեք ամիս ետք բարելաւում մը կը տեսնենք: Ա՞յս էր հրաշքը արդեօք: Հրաշքը…

Բայց այս «աննման» դեղին երկրորդ տուփը դժբախտաբար ուշացաւ ապահովուելու: Արդ,  երկիւղախառն կասկածներ կ՛արթննան դեղը ապահովելու հարցին նկատմամբ` արդեօք միշտ պիտի գտնե՞նք այս սուղ փորձը: Ա՞յս է հրաշքը, որ երեք ամիս կ՛ուզէ, որ տեսնենք զայն…

Մենք հրաշք կը փնտռենք, կը սպասենք, եւ կը կոչենք «հրաշքի պէտք ունինք», երբ նեղութեան, հիւանդութեան եւ կամ անել կացութեան մը մէջ կ՛ըլլանք: Ահա նոր դաս մը կը սորվիմ: Դժբախտաբար հրաշք բառը կը գործածենք առանց լրիւ ըմբռնելու զայն: Դեռ ա՛լ աւելի անհասկացողութիւն գտայ երբ դիմատետրի էջի մը վրայ կարդացի հետեւեալ խօսքը. «Եթէ հրաշք կ՛ուզես Աստուծմէ, հաւատքդ ցոյց տուր իրեն»… Երանի յստակ ուսուցում տրուի հաւատքի եւ հրաշքի մասին նախքան այս դիւրին, շատ լսուած, զգացական ձեւը արտայայտենք առանց Աստուծոյ Խօսքին դառնալու: Օրինակ ինչո՞ւ նախ Տիրոջ կամքը չենք խնդրեր: Ինչո՞ւ չաղօթենք, որովհետեւ Տիրոջ պատասխանը կրնայ «ո՛չ» ալ ըլլայ «այո»-ին կամ «սպասէ»-ին կողքին: Կարծես մեր հրաշք փնտռելը աւելի դիւրին ձեւ մը կը թուի:

Երբ անբժշկելի հիւանդութեան կամ անել հարցի մը մէջ ըլլայ մարդ առաջին հակազդեցութիւնը կ՛ըլլար տալ, հարցում մը. «Ինչո՞ւ ես – կամ` ինծի՞ պիտի ըլլար այս բանը»:  Յետոյ կու գայ ընտանիքին եւ բարեկամներուն բնազդային փափաքը օգնելու այդ անձին` ուղղելով «սուրբ»-ի արձանի մը քով աղօթելու, թերեւս այդպէս հրաշք մը կ՛ըլլայ: Նաեւ կը տրամադրուին աղօթքներու շարքեր, եւ «սուրբ»-ի մը իւղի շիշերը, որպէսզի հրաշք մը ըլլայ: Իսկ եթէ չըլլայ հրաշքը, անշուշտ որ հիւանդին յանցանքն է, կամ «մեծ» մեղք մըն է, որ գործած է կամ անոր անհաւատութիւնը:  Թերեւս իմ մասիս ըսին, եւ դուք ալ ըսէք, թէ հաւատք չունի կամ անհամբեր է:

Երբ անկար նստած եմ տան մէջ, զարմանալիօրէն փառք կու տամ Աստուծոյ այս թանկագին խոկումի պահերուն համար: Մարդու միտքը կրնայ անկախութիւն տօնել իր բանտին մէջ, ցնծալ, քալել ու վազել կեանքի խորհրդածութիւններուն մէջ: Այս օրերուն հրաշքի գաղափարն է, որ զիս կը գրաւէ: Մենք հրաշք անուանեցինք նոր Փորձ-դեղ մը, «սուրբ»-ի մը արձանը, իւղերը եւ այլ տեսանելի բաներ` մոռնալով, որ Հրաշքը արդէն տարիներ առաջ խօսուեցաւ, լսուեցաւ եւ դեռ կը կատարելագործուի: Բայց հրաշքը` իր Տիրոջ նման անսասան եւ անտեսանելի կը մնայ- եւ մեզի համար Աստուած շատ հեռու, խուլ կրնայ թուիլ: Արդեօք միայն երեւցած բաներո՞ւն կը նայինք, որպէսզի հաւատանք, թէ Աստուած բարի, ամենակարող, եւ հրաշագործ է:

Երանի՜ հրաշքը տեսնենք ու զայն չանտեսենք: Հրաշքը այն է, որ շնորհքով վերստին ծնունդ կ՛ունենանք: Հրաշքը ա՛յն է, երբ հիւանդութիւններ, մահուան պարագաներ, դրամական նեղութիւններ ունենալով կողքին փառք կու տանք Աստուծոյ: Երբ մեղքի մէջ մեռած անձ մը յաւիտենական կեանքի պարգեւը կը ստանայ, երբ շնորհով փրկութիւն կը գտնէ: Հին մարդը կը մեռնի եւ Քրիստոսով  նոր մարդը կը ծնի: Շատեր կ՛ըսեն, թէ այս եղած փոփոխութիւնը առեղծուած մըն է, որ մարդկային ջանքերով չէ որ կ՛ըլլայ: Միթէ այս  մէկը հրաշքը չէ՞:

Այս իմ անձնական փնտռտուքի ճամբորդութիւնս է: Օրէ օր տակաւին կը սորվիմ զանազանել հրաշքը, որ Տիրոջ կամքին համեմատ պիտի ըլլայ: Աստուած հրաշքներ կը գործէ բժիշկներու, դեղերու միջոցով աղօթքով եւ Իր զանազան ձեւերով: Համբերութեամբ կ՛աղօթենք ու կը սպասենք: Հրաշքը պիտի չանտեսեմ եւ անտեսուած պիտի չձգեմ:

Տիրոջմով` «Էմ. Էս.»-ի դէմ պայքարող`

ՍԱԼԲԻ ՏԷԻՐՄԵՆՃԵԱՆ

(Կը փափաքիմ լսել ձեզմէ իմ ելեկտրոնային հասցէին միջոցով. գրեցէք [email protected]ին

Share this Article
CATEGORIES