Տա՛սն Անգամ` Յոտնկայս Ծափահարութիւն…

… եւ դեռ քիչ է. ինչպէ՞ս ըսենք` վա՛րձքդ կատար պրն. Անդրանիկ, ըրած գործդ ազգանուէր է, ժողովուրդիդ ծառայել է, պակաս չէ այն զինուորէն, որ սահմանին վրայ է յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան:

Դուն ձգած ես հայրենի տուն, ընկեր, բարեկամ եւ եկած ես ստեղծելու փոքրիկ Հայաստան մը, հո՛ս, «Գայեանէ» դպրոցին մէջ:

Երկու ժամ հիացած` կը դիտեմ այս բազմատասնեակ տղաքը, տեսակ-տեսակ զգացումներ ու մտածումներ կը խուժեն հոգիիս ու մտքիս մէջ: Քանի՜ անգամ կ՛ըսեմ ես ինծի` «Դիտէ՛, վայելէ՛ ու վե՛րջ», բայց չեմ կրնար չյուզուիլ` լսելով մէկը միւսին ետեւէն շատ բծախնդրօրէն եւ ճաշակով ընտրուած պարեղանակները, որոնց կ՛ընկերակցին մերթ նազելի եւ մերթ խրոխտ շարժումները պարողներուն:

Ամբողջ տարի մը դուն այս մանուկներուն սորվեցուցած ես լսել հայ երաժշտութիւն` այս օտարաբոյր յորձանքին դէմ նաւարկելով:

Գանգատեցանք, տրտնջացինք ամբողջ տարին` պարի փորձի տանիլ-բերելով. քանի՜ անգամ ըսինք, չէ՛, դասե՛րն են կարեւորը, այսօր ալ փորձի թող չերթան, բայց տա՛սն անգամ սխալեցանք այդպէս մտածողներս, այս հրաշալի խումբը դիտելէ ետք, ո՛չ դասը, ո՛չ ալ ոսկի ժամանակը մնացին առաջին դիրքի վրայ. նահանջեցին անոնք` իրենց տեղը զիջելով հայապահպանման եւ մշակոյթին:

Շնորհիւ ջանքերուդ, մեր զաւակները ծանօթացան հայ պարարուեստին, հայ երաժշտութեան, քի՛չ մըն ալ հայացան, անգա՛մ մըն ալ ըսին թուրքին. «Տե՛ս, դեռ կանք եւ բեմը կը թնդայ մեր ոտքերուն տակ. մենք այն սերունդին ծիլերն ենք, որ դեռ 100 տարի առաջ մահ ու կենաց պայքար կը մղէր անապատի աւազներուն վրայ. հիմա հպարտ, ուրախ ժպիտը դէմքին կ՛ըսենք բոլորին` կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք…»:

«Ոգու սովի» այս ժամանակներուն, սնուցեցիր մեր հոգիները, հայօրէն ապրելու հաւատքը թարմացուցիր մեր սրտերուն մէջ:

Շնորհակալութիւն` Համազգայինի Շրջանային վարչութեան սատարելու համար այսպիսի աշխատանք մը եւ դարձեալ «Տա՛սն անգամ յոտնկայս ծափահարութիւն» քեզի, պրն. Անդրանիկ, որ ոչ մէկ ճիգ խնայեցիր մեր զաւակները քիչ մըն ալ հայ պահելու աշխատանքին մէջ:

ԾՆՈՂՔ`
Մ. Գ.

Share this Article
CATEGORIES