Հմուտ Բժիշկին Եւ Լաւ Մարդուն` Տոքթ. Եամմինի Յիշատակին
Ոեւէ անձ, բժիշկ դառնալէ առաջ, լաւ մարդ պէտք է ըլլայ…
«Հապիպի» ահա այս բառն է, որ պիտի կարօտնանք բոլորս: Ոսկորի բժիշկ ըլլալով` Էլի Եամմինը ունէր մեծաթիւ եւ զանազան հիւանդներ, որոնցմէ մէկն ալ ես էի… Ան ամէն մէկը կ՛ընդունէր այնքան սիրով եւ այնքան ջերմութեամբ, որ հիւանդները, որոնք մտահոգ կը մտնէին իր դարմանատունը, բոլորովին հանգստացած, թեթեւցած դուրս կ՛ելլէին իր քովէն, այնքան որ ապահովութիւն ու վստահութիւն կը ներշնչէր անոնց: Հիւանդանոցի ճերմակ ու անկենդան պատերը իր մնայուն ժպիտով ու անուշ խօսքերով գունաւոր կը դարձնէր: Խղճամիտ եւ հմուտ այս բժիշկը, ո՛ւր ալ ըլլար, կը հասնէր բոլոր կարիքաւորներուն` զանոնք ուղղելով, ու միշտ դիւրին միջոցներով լուծումներ կ՛առաջարկէր…
Այս բոլորով հանդերձ, Էլի Եամմին երբեք ինքնահաւան չէր, այլ իր բոլոր հիւանդներուն հետ կը վարուէր իբրեւ բարեկամ կամ հարազատ` անոնց հետ բաժնելով անոնց ուրախութիւնն ու տխրութիւնը…
Բացի իր ազգակիցներէն, տոքթ. Եամմինը օգտակար դարձած է նաեւ հարիւրաւոր հայորդիներու: Ան սրտբաց ու ջերմ կերպով ընդունած եւ նոյնքան ու աւելիով ժամանակ յատկացուցած է իր հայ յաճախորդներուն: Ան այպիսով մեծ բարիք կատարած է հայ համայնքին, յաճախ` անվճար, անոնց տրամադրելով իր սուղ ժամերը…
Այսօրուան նիւթապաշտ ընկերութիւնը կարիքը ունի տոքթ. Էլի Եամմինին նման վեհանձն ու անձնուէր մարդոց, որոնք բժշկութիւնը ընդունած են որպէս առաքելութիւն…
ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

